ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ հաստատուած «Խոստումը» հայկական հիմնարկին Հայագիտական ուսմանց կեդրոնի անդրանիկ վարիչը նշանակուեցաւ դոկտ. Սեպուհ Ասլանեան, որ համալսարանին Ռիչերտ Յովհաննէսեանի անուան Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչն է։
Հայագիտական ուսմանց կեդրոնի նոր վարիչը մօտէն պիտի գործակցի «Խոստումը» հայկական հիմնարկի վարիչ փրոֆ. Էն Գարակէօզեանի հետ։
Համալսարանին Միջազգային հիմնարկին հովանիին տակ գործող «Խոստումը» հիմնարկին մէկ մասնիկն է Հայագիտական ուսմանց կեդրոնը, որ պիտի ունենայ մնայուն եւ այցելու դասախօսներ, նեցուկ կանգնելով համալսարանի հայագիտականի ուսանողներուն եւ յաւելեալ գումարներ ապահովելով հայերէնի դասաւանդման ընդարձակման համար: Հիմնարկը տարիներու ծրագրումի արդիւնք է եւ կը հաստատուի հանգուցեալ ազգային բարերար Գըրգ Գըրգորեանի մտայղացումը հանդիսացող եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» շարժապատկերով սկսած արշաւին իբրեւ արդիւնք:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *