ԳՐԵՑ՝ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Մինչեւ ե՞րբ այս սուտերը անխղճօրէն եւ անամօթաբար պիտի գլտորէք հանրութիւնը մոլորեցնելու համար: Նախ տեսնենք ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ (2016-2019) Սերխիօ Նահապետեանի տխրահռչակ եւ, ինչո՞ւ չէ, իր բովանդակութեամբ այլանդակ յայտարարութիւնը («Մայր Աթոռն Ու Անոր Գահակալը», « Զարթօնք», երեքշաբթի 19.05.2020, էջ 3) ու ապա անցնինք վերլուծութեան, իր սաղմին մէջ խեղդելու խեղաթիւրումը արեւի նման պայծառ ճշմարտութիւններուն:
«Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն՝ ազգային գերագոյն արժէք նկատած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին»: Պահ մը կանգ առնենք այստեղ, ՌԱԿ-ի նախկին ատենապետին յիշողութիւնը թարմացնելու համար: Եթէ իսկապէս կը հաւատաք որ ազգային գերագոյն արժէք է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, որուն անվերապահօրէն եւ խորապէս կը հաւատայ իւրաքանչիւր հայ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, ինչպէ՞ս բացատրել այն ատելավառ պայքարը զոր շղթայազերծեցիք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նուիրապետական Աթոռին դէմ եւ չհանդարտեցաք մինչեւ որ անոր արժանընտիր գահակալը՝ անբասիր եկեղեցականը, իմաստուն հովուապետը որ միայն ՍԷՐ քարոզեց՝ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսը յանձնեցինք ցուրտ սեւ հողին: Արդեօ՞ք մեր նուիրապետական միւս Աթոռները ձեզի համար գերագոյն արժէք չէք նկատած:

Նիւթէն աւելի չշեղելու համար շարունակենք: «Կուսակցութիւնը եղած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի պաշտպանութեան լծուած զինուորագրեալը եւ հաւատաւոր դրօշակակիրը, ամէն տեղ եւ ամէն պայմաններու ներքոյ»: Այս յատարարութիւնը պահ մը մեզ շփոթութեան կը մատնէ, որովհետեւ կատարուած յայտարարութիւնը փորձ մըն է սեփականացնելու Մայր Աթոռը, որպէս թէ ան ըլլար միայն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ անոր համակիրներուն սեփական ստացուածքը: Շփոթութեան կը մատնէ, ըսինք, որովհետեւ այս յայտարարութիւնը կ՚անտեսէ այն ստուար հասարակութիւնը որ կը ճանչնայ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աթոռը որպէս սրբութիւն սրբոց: Ո՞վ տուած է ձեզի իրաւունքը սեփականացնելու Մայր Աթոռը: Արդեօք Իրաւունք չունի՞նք մտածելու որ ձեր այս յայտարարութեան ետին կան անհատական եւ կուսակցական շահեր, որոնց ականատես վկաները եղած ենք վերջին վաթսունհինգ տարիներուն:
«Մայր Աթոռի պաշտպանութիւնը մեր հաւատոյ հանգանակին մաս կը կազմէ, որ երբեք տարբերութիւն չէ դրած Մայր Աթոռին կամ անոր գահակալին միջեւ, որովհետեւ մենք խորապէս կը հաւատանք թէ՝ անոնք մէկ են ու անքակտելի»: Տգիտութիւնն ալ, վերջապէս, չափ ու սահման պէտք է ունենայ, հետեւաբար՝ այսքան այլանդակ սոփեստութիւն մարսելի չէ: Կրնա՞յ ըլլալ որ Մայր Աթոռը կը պաշտպանէք պարսից կայսրերու, սուլթաններու եւ կամ արաբ էմիրներու ասպատակութեանց դէմ: Արդեօ՞ք հայ ժողովուրդն է թշնամին Մայր Աթոռին եւ դուք Աթոռը կը պաշտպանէք իր ժողովուրդէն: Ինչպէ՞ս կրնաք նոյնացնել նուիրապետական Մայր Աթոռը անոր գահակալին հետ: Այսքա՞ն է ձեր դատողութեան չափանիշը, թէ՞ ծանօթ չէք Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան: Ի՞նչպէս կարելի է նոյնացնել մահկանացու որեւէ անցաւոր գահակալ անանց նուիրապետական սրբութեան հետ:
«Ամենայն Հայոց Հայրապետին դէմ շղթայազերծուած վերջին երկու տարիներու արշաւը եւ ցեխարձակումները, մեր խորին համոզումով, ոչ միայն կը միտին արատաւորելու անոր օծեալ անձը, այլ նաեւ Հայ Եկեղեցին իր ամբողջութեան մէջ»: Պարտաւոր կը զգանք անգամ մը եւս կրկնելու ինչ որ մամուլով եւ հեռուստատեսիլով բազմիցս յայտարարած ենք. բացարձակապէս պէտք չէ շփոթել կամ նոյնացնել Աթոռն ու գահակալը: Վերջին երկու տարիներուն չէ որ դէմ յանդիման կու գանք կաթողիկոսի հասցէին ուղղուած դժգոհութիւններուն: Անոր սխրագործութիւնները անհաշիւ են իր առաջնորդական տարիներէն սկսեալ: Իր գահակալութեան քսան անփառունակ տարիներու գործունէութիւնը մեծագոյն փաստն է անոր… «արժանիքներուն»: Ճիշդ է որ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք աւելի համարձակ եղան դժգոհութիւններն ու քննադատու-թիւնները, որովհետեւ նախկին վարչա-կարգին երկաթեայ թաթը չկայ այլեւս՝ պաշտպանելու աթոռակալն ու անոր «կը կոտրեմ, կը փշրեմ» կղերապետական յոխորտանքները: Եթէ քննադատութիւնները անհիմն են՝ փաստեցէ՛ք հակառակը, ապա թէ ոչ՝ լռելը ոսկի է այս պարագային:
«Մեզի համար անընդունելի եւ պախարակելի այս ընթացքը բաժանումներ կը ստեղծէ հաւատացեալներու շարքերուն մէջ, որ խորթ է ՌԱԿ-ի ազգային-եկեղեցական սկզբունքներուն»: Մեղա՜յ Աստուծոյ: Ո՛չ ականջներուս կը հաւատամ եւ ո՛չ ալ աչքերուս. ռամկավար մեր եղբայրները մտահո՜գ են որ այս ընթացքը բաժանումներ կը ստեղծէ հաւատացեալներու շարքերուն մէջ: Վա՜յ մեզի…: Վաթսուն տարի է, որ ձեր անիմաստ պայքարներով բաժանումներ ստեղծեցիք ամէնուրեք ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի եւ հիմա՞ կը խօսիք բաժանումի մասին: Մոռցա՞ք թէ ինչպէ՛ս բաժնեցիք Մեծի Տանն Կիլիկոյ Միաբանութիւնը, հրապուրելով հոյլ մը եկեղեցականներ ձեր սին խոստումներով, եւ այս բոլորը կատարեցիք ձեր անհատական եւ կուսակցական շահերէն ելլելով…: Ինչպէս ժողովրդական առածը կ՚ըսէ, «Աղջիկս, քեզի կ՚ըսեմ, հարս՝ դո՛ւն հասկցիր»: Խօսքս կ՚երթայ մեր աւանդական բոլոր կուսակցութիւններուն…:
«Հայ ազգային արժէքներու պահպանութեան երաշխաւորութիւնը եւ անոր համար ամէն գնով պայքարիլը մեր էութեան մաս կը կազմէ, իսկ մեր այս կեցուածքին համար աւանդապաշտութեամբ մեղադրուիլը մեզի համար պատիւ է»: Քիչ մը չէ, ընդհակառակն շա՜տ զարմանալի է որ արժէքներու պահպանութեան մասին կը խօսիք՝ երբ մեր ազգային արժէքներու պահպանութեան երաշխաւորութիւնը եղող հայ վարժարանները փակուեցան եւ դո՛ւք, Տիար Նահապետեան եւ ձեր ընկերակիցները, քաջութիւնը չունեցաք ձեր կուսակցութեան դատապարտութեան խօսքը ըսելու երբ մեր գոյութեան մեսրոպաշունչ սրբավայրերը եղող վարժարանները փակուեցան Լիբանանէն մինչեւ Արժանթին եւ ի սփիւռս հայաշխարհի: Ո՞ԻՐ ԷԻՐ, Սերխիօ՛ Նահապետեան, երբ հայ վարժարանները կը փակուէին մէկը միւսին ետեւէն. Յովակիմեան Մանուկեան, Դարուհի Յակոբեան, Լեւոն Նազարեան, Երուանդ Տէմիրճեան, Արշակ Տիգրանեան, Մելքոնեան Կրթական Հաստատութիւն եւ այլք: Միթէ ազգային արժէքներ չէի՞ն անոնք: Ձեր այս տօն քիշօթեան պոռթկումը ուշ է այլեւս՝ երբ դուք չկարողացաք վերընտրուիլ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ: Որպէս կուսակցութեան ղեկավար՝ դուք ձեր կուսակցութեան խօսքը, –արդարացի կամ ոչ՝ ուրիշ խնդիր,– պէտք է հնչեցնէիք ձեր ղեկավարի դիրքէն՝ յանուն ՌԱԿ-ի, եւ ո՛չ թէ ձեր գահընկէցութենէն ետք: Ատիկա չընելով՝ դուք դէմ գործեցիք ձե՛ր իսկ պատկանած կուսակցութեան՝ զայն զրկելով ազգային հրատապ հարցերու (դպրոցներու փակում, Մայր Աթոռի վարկի վերականգնում) նկատմամբ շինիչ դիրքաւորում մը հրապարակելու թանկագին հնարաւորութենէն: Չմոռնամ յիշեցնելու ձեզի եւ ձեր նմաններուն, որ եթէ բռնակալ կղերապետը չպաշտպանէք, ձեր կուրծքին զետեղուած շքանշանները կրնաք կորսնցնել եւ այնուհետեւ շռայլուած կեղծ պատիւներու պիտի չարժանանաք երբ Մայր Աթոռ այցելէք: Ո՜հ, ի՜նչ անձնական ողբերգութիւն…:
«Նման յերիւրանքներ եւ զառանցանքները Մայր Աթոռին զինուորագրուած մեր շարքերուն մօտ արձագանգ չեն կրնար գտնել եւ պիտի չգտնեն» : Տիա՛ր Նահապետեան, դուք եւ ձեր համախոհերը կրնաք երեք կապիկներուն նման խուլ, համր եւ կոյր ձեւանալ, բայց արեւի լոյսին պէս բացորոշ ճշմարտութիւնները ո՛չ կրնաք հերքել, եւ ո՛չ ալ փաստացի տուուեալներ կրնաք ներկայացնել կատարուած բոլոր կանոնական խախտումները արդարացնելու համար: Ձեր եւ ձեր համակիրներուն յիշողութիւնը թարմացնելու համար թուեմ մի քանին.-
1.- Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամներու ըստ կամս նշանակում.
2.- Եկեղեցական կենցաղի գայթակղութիւններ.
3.- Թեմական առաջնորդներու իրաւունքներու սահմանափակում.
4.- Անտեղի դրամահաւաք եւ գումարներու մսխում.
5.- Հաշուետուութեան եւ թափանցիկութեան բացակայութիւն.
6.- Հակականոնական կարգալուծումներ:
կարելի է շարքը երկարել, բայց շեղած կ՚ըլլանք մեր նպատակէն, որովհետեւ Սերխիօ Նահապետեան, Յակոբ Գասարճեան եւ իրենց նմանները եկած են այն եզրակացութեան թէ, ինչպէս հայկական առածը կըսէ՝ «նոյնիսկ եթէ թռի, այծ է»: Մեզի համար մեծ ուրախութիւն է որ կարգ մը արդարամիտ ռամկավար եղբայրներ քաջութիւնը ունեցան ճշմարտութիւնները տեսնելու, եւ մեկնելով ընդհանրական շահերէն իրենց խոր մտահոգութիւնները վերջերս մամուլով յայտնեցին հանրութեան, որպէսզի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վարկը փրկուի ահաւոր անկումէ:
https://www.civilnet.am/news/2020/05/
Ձուկը գլուխէն հոտած է, պէտք է փրկել մեր սրբութիւն սրբոցը՝ Ս. Էջմիածինը: Եկեղեցին ժողովուրդն է եւ ժողովուրդը պէտք է տէր կանգնի իր իրաւունքներուն:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
21 Մայիս 2020
Լոս Անճէլըս

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *