ԳՐԵՑ՝ Անթօ Սահակ
«Ո՛չ ոք կը վառէ ճրագ եւ կը ծածկէ կարասիի մը ներքեւ կամ կը դնէ մահիճի մը տակ, այլ կը զետեղէ զայն աշտանակի վրայ, որպէսզի, անոնք որ տուն մտնեն, տեսնեն լոյսը։
Չկայ ծածուկ բան մը՝ որ չյայտնուի, եւ ոչ գաղտննիք մը՝ որ չգիտցուի եւ չգայ երեւան»։ (Ղուկ. 8:16-17)

Նախ հարց տանք, ամենայն վայոց ծայրապետ գարեգին կտրիճ ներսիսյանինն, քանի՞ անգամ կարդացած է վերոնշեալ համարը՝ Նոր Կտակարանի։
Քրիստոնեական ընկերութեան մէջ, գտնուած են մարդիկ, որոնք քանիցս կարդալով հանդերձ Աստուածաշունչը անփոյթ գտնուած են Տասը Պատուիրաններու նկատմամբ։
Մայր Աթոռի ներկայ գահակալը երեւի մոռացած է, Հռովմէական Կայսրութեան, Օսմանեան Կայսրութեան, Սովետական Միութեան փլուզմանց մասին ուր յոյսը դնելով Ռոպերթ/Սերժիկ երկմիութեան վրայ, կը կարծէր, որ իր քսան տարիներու գայթակղութիւնները, ոտնձգութիւնները, զեղծարարութիւներն ու մասամբք նորին, երեւան պիտի չելլեն։
Ինք կը կարծէր, որ Ռոպերթ/Սերժիկ/Գարեգին երրեակի միութիւնը անխորտակելէ էր եւ ինք՝ անձեռմխելի։
Սակայն, Թաւշյայ Յեղափոխութիւնը եկաւ հակառակը փաստելու։
Ահա թէ ինչո՞ւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահը նստած է բերդը։ Ահա թէ ինչո՞ւ ՀՀ երրորդ նախագահը հրաւիրուած էր հարցաքնութեան։ Ահա թէ ինչո՞ւ Արարատեան թեմի կաթողիկոսական փոխանորդը ձերբակալուած է։ Ու ահա թէ ինչո՞ւ, Հայաստանի ու Սփիւռքի հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը մերժէ գարեգին կտրիչ ներսիսյանին։
Խաթունիկի հայրիկը երեւի մտքով երբեք չէր անցուցած, որ օր մը, Ռուաստանի մէջ տեղի ունեցած պոռնկութիւնը ջուրի երես պիտի գայ։ Երեւի թէ մտքովը երբէք չանցաւ, թէ կու գայ այն օրը, երբ ինք կը խայտառակուի ու կը խայտառակէ իր սիրուհիին ու անմեղ աղջկան։
Ի՞նչ մեղք ունի Խաթունիկը, երբ կուսակրօն եկեղեցական մը, պատահական մէկու մը հետ սիրային յարաբերութիւն պիտի ունենայ որու արդիւնքը պիտի ըլլայ իր լոյս աշխարհ գալը։
Ի՜նչ է մեղք այն զաւկին, որ հրապարակաւ իրաւունք պիտի չունենայ իրեն ծնունդ տուողին հայրիկ կոչել։ Թոռնիկները՝ մեծ հայրիկ։
«Չկայ ծածուկ բան մը՝ որ չյայտնուի, եւ ոչ գաղտնիք մը՝ որ չգիտցուի եւ չգայ երեւան»։
Հիմա, որ ամէն ինչ երեւան եկած է, Լուսաւորչի Գահին վրայ բազմելու փոխարէն, նստած է փուշի վրայ ու կը մտածէ.- «Այ մարդ ի՞նչ արեցի, խայտարակվեցի, հիմա ի՞նչ անեմ»:
(Տես նկարը)
ՄԵՂԱՅ ԱՍՏՈՒԾՈՅ, կուրծքն ա ծեծում։ Սակայն ի զուր։
Յարգանքներով՝
Անթօ Սահակ

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *