Կազմակերպութեամբ՝ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան, տեղի ունեցաւ Մայիսեան յաղթանակներուն նուիրուած կայծակնային ճատրակի մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ութ երիտասարդ ճատրակ խաղացողներ:
Այդ մասնակցողներն էին՝ Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի անդամ՝ Աննա Սարգսեան, Կրանտմասթըրներ՝ Հայկ Մարտիրոսեան, Շանթ Սարգսեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Տիգրան Յարութիւնեան, միջազգային վարպետներ՝ Արթուր Դաւթեան, Մամիկոն Ղարիբեան եւ «ՖԻՏԷ»-ի վարպետ՝ Արմէն Բարսեղեան:
Տիտղոսակիր դարձաւ՝ Հայկ Մարտիրոսեան, որ ապահովեց 6,5 կէտ: 5 կէտով երկրորդ դիրքը գրաւեց՝ Շանթ Սարգսեան, մինչ 4 կէտով լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց՝ Մամիկոն Ղարիբեան:
Մրցաշարքին ընթացքին, հարկ եղած բոլոր զգուշացումները առնուած էին «Քորոնա» ժահրին պատճառով:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *