Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը (ՄԻԵԱ) վճիռ հրապարակած է 2004-ին Պուտափեշտի մէջ ՕԹԱՆ-ի ուսումնական ծրագրին մասնակցող ազէրպայճանցի Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ քնացած ժամանակ կացնահարուած ՀՀ զինուած ուժերու սպայ Գուրգէն Մարգարեանի ընկերոջ՝ Հայկ Մակուչեանի և հարազատներուն՝ ընդդէմ Ազէրպայճանի և Հունգարիոյ դիմումներուն առնչութեամբ:
ՄԻԵԴի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ ատեանը Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրը խախտելու յանցանքով դատապարտեց Ատրպէյճանը՝ շեշտելով, որ հակառակ այն իրողութեան, որ յստակ փաստեր չկան, որ ոճիրը իրագործուած է Պաքուի կազմակերպութեամբ, սակայն յստակ է, որ Ատրպէյճան ոճրագործը հերոսացնելով՝ ցոյց տուաւ, որ համաձայն էր մարդասպանութեան։
Դատարանը արձանագրեց, որ Ատրպէյճան չկրցաւ ապահովել ազգային ատելութեան հիմքի վրայ կատարուած սպանութեան մը պատիժը շարունակելու դրութիւնը, հակառակ այդ գծով Հունգարիոյ իշխանութիւններուն իր տուած խոստումներուներուն՝ աւելցնելով, որ փաստեր չկան, որ Հունգարիա կրնար աւելին ընել Սաֆարովի պատիժին ամբողջացումը ապահովելու համար։
Ատեանին համաձայն՝ Ատրպէյճան Մարդկային իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան մասին համաձայնագիրի 2րդ յօդուածին (կեանքի իրաւունք) խախտման զուգահեռ, խախտած է համաձայնագիրին 14րդ յօդուածը (խտրականութեան արգիլում)։
ՄԻԵԴը նաեւ 15,143 ֆունտ սթերլիկ (մօտաւերապէս 18,700 տոլար) վնասուց հատուցում պահանջեց Պաքուէն, դատական ծախսերուն համար։
Յիշեցնենք, որ 2004ին, Գուրգէն Մարգարեան Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ կը մասնակցէր ՆԱԹՕի «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ուսումնական ծրագիրին:
Դատական գործընթացին ընթացքին Սաֆարով ընդունած էր, որ կացինահարումը կատարած է հայերու հանդէպ ատելութենէն մղուած: Պուտափեշտի դատարանը զինք դատապարտած էր ցմահ բանտարկութեան, սակայն 2012ին, Սաֆարովը արտայանձնուեցաւ Ատրպէյճանին, ուր անոր ներում շնորհուեցաւ:
