Այս օրերուն՝ պոլսահայ համայնքի օրակարգին անկասկած գլխաւոր տեղը կը գրաւեն Էսաեան վարժարանի երկար տարիներու զոյգ տնօրէնուհիներուն՝ Սաթենիկ Նշանի եւ Առլին Եշիլթեփէի իրենց պաշտօնէն հեռացումը եւ ատով ծնունդ առած վրդովումի ալիքը։
Յիշեցնենք, որ Էսաեան վարժարանի խնամակալն է Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը, հետեւաբար ա՛ն է, որ կը տնօրինէ դարաւոր վարժարանին ճակատագիրը եւ այս խնդրայարոյց որոշումին հեղինակն ալ այդ նոյն կառոյցն է։
Մինչ՝ այս որոշումին դէմ բողոքի բուռն ալիքը ընկերային ցանցերու եւ լրասփիւռներու միջոցով կը տարածուէր Պոլսէն համայն աշխարհ, ու նոյնիսկ Պոլսոյ Սահակ Բ. պատրիարքը շատ խիստ հաղորդագրութեամբ մը կը ձայնակցէր բողոքողներուն, Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի ատենապետ՝ փաստաբան Սիմոն Չեքէմ կը խոստանար «լուսաբանութիւն» մը հրապարակել, ինչ որ ըրած է Մայիս 20-ին։
Այդ լուսաբանութեան մէջ Չեքեմ նախ իր կարգին վրդովում կը յայտնէ ի տես ընդհանուր կոշտ հակազդեցութեան ու կ՚ըսէ, թէ «անհատներ կամ հաստատութիւններ կասկածելիի վիճակի մէջ դնող լինչի այս մշակոյթը պէտք չէ արտօնել»։ Կը խոստանայ դատի տալ կարգ մը անձեր, որոնք սահմանները զանցած են։ Ապա կ՚աւելցնէ նաեւ թէ անթոյլատրելի է դէպքերը ներկայացնել այլափոխուած ձեւով, ինչպէս՝ իբրեւ թէ այդ պաշտօններուն վերջ տրուած է անակնկալ կերպով, մինչ ըստ Չեքեմի՝ իրենք նախապէս ենթականերուն տեղեկացուցած են, թէ պիտի չվերանորոգեն անոնց պայմանագրերը։
Ապա, ատենապետը սլաքները կ՚ուղղէ դէպի բոլոր անոնց, որոնք իր խօսքերով իսկ՝ «քանի մը օրէ ի վեր լորձնաշուրթն կը գովեն դպրոցի ղեկավարումն ու հոն ջամբուող կրթութիւնը, բայց կը նախընտրեն իրենց զաւակները չարձանագրել Էսաեան վարժարան»։
Չեքեմ կ՚ըսէ, թէ այս որոշումը կայացուցած են ամբողջովին հիմնուելով տուեալներու վրայ, եւ ատով ոչ մէկը անձնական շահ հետապնդած է. զիրենք այս քայլին մղող «միակ պատճառն է այն թերութիւններն ու հարցերը, զորս ունի մեր երիտասարդները ապագայի համար պատրաստելու կոչուած վարժարանը։ Տիկին Սաթենիկի տարիներու ծառայութիւնը եւ անձերու հետ հաստատած յարա-բերութիւնները պէտք չէ արգելք ըլլան տեսնելու, որ մեր այս դպրոցը կրթական առումով որքա՛ն տկարացած է տարիներու ընթացքին։ Այս ճշմարտութիւնները կրնան դժուար ընդունելի ու ծանր ըլլալ նախկին էսանցիներու, կամ առնչակից անձերու համար, բայց անոնք անհերքելի են։ Եթէ մեր դպրոցին ղեկավարման մէջ մնայուն եւ շինիչ փոփոխութիւններ չկատարենք՝ Էսաեան պիտի չկարենայ գոյատեւել։ Նման բան ոչ մէկ էսաեանցիի կրնայ գոհացում պատճառել»։ Հոս, ատենապետը կ՚անդրադառնայ աշակերտներու արձանագրութեանց նուազող թիւերուն ու կ՚ըսէ, թէ որքան ալ ատիկա համատարած երեւոյթ ըլլայ, Էսաեանի պարագային հասած է մտահոգիչ չափերու։ Այսպէս, 2019-ին միջնակարգէն շրջանաւարտ եղած է միայն 10 աշակերտ, իսկ երկրորդականէն՝ 18։ «Այս թիւերը վերջին 25 տարիներու ամէնէն ցած ցուցանիշերն են», կ՚ըսէ ան։
Չեքեմ հետեւեալ տողերով կ՚եզրափակէ լուսաբանական իր երկարաշունչ նամակը, որու միայն կարեւորագոյն հատուածներուն անդրադարձանք.-
«Մեր պատգամը յստակ է մեր համայնքի այն բոլոր անդամներուն, որոնք անկեղծօրէն կը տենչան Էսաեանի յաջողութիւնը։ Եկէք միասնաբար Էսաեանը բարձրացնենք արդիական ուսման մակարդակի, եկէք միասնաբար դպրոցը փրկենք անձնական շահեր հետապնդող շրջանակներէ եւ զայն կրենք դէպի ապագայ, եկէք միասնաբար ղեկավարելով՝ Էսաեանը դարձեալ վերադարձնենք իր փարաւոր օրերուն»։


Նշենք, որ նոյն օրը՝ Մայիս 20-ին խումբ մը աշակերտներ եւ ծնողներ համախմբուած են Սաթենիկ Նշանի բնակարանին առջեւ ու իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են անոր, ծաղկեփունջեր ալ նուիրելով իրենց սիրելի տնօրէնուհիին։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *