ԳՐԵՑ ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ
«Մայիսի 21-ին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին տօնախմբեց մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը: Այս տօնին յիշատակւում է նաեւ 1441 թուականին Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան Աթոռը Սիս քաղաքից Սուրբ Էջմիածին փոխադրման պատմական օրը:
Քարոզից յետոյ, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, կատարուեց Հայրապետական մաղթանք, որի ընթացքում հոգեւոր դասն աղօթք բարձրացրեց առ Աստուած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան անսասանութեան, պայծառութեան ու յաւէտ շէնացման համար»:
Երեւի թէ այս օրերուն ամսական դրութեամբ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, «մեծաշուք» հանդիսութեամբ, պէտք է կատարուի Հայրապետական մաղթանք, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան անսասանութեան, պայծառութեան ու յաւէտ շէնացման համար:
Ինչո՞ւ սակայն ամսական դրութեամբ։ Որպէսզի Միածինը անգամ մը եւս Իր երկնային գահէն իջնէ Հայաստան աշխարհ ու մաքրաքործէ Իր իսկ ճարտարապետութեամբ կառուցուած մեր ազգի Սրբութիւն Սրբոցը, լումայափոխներէ։
Ըստ մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին, այս տարի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տօնին առիթով, Հայրապետական մաղթանք պէտք է կատարուի, Կիրակի, Յունիս 14, 2020-ին, եւ ոչ թէ Համբարձման տօնին։
Համբարձման տօնին Հայրապետական մաղթանք կատարուիլը մեզի մտածել կ՛ուտայ, թէ արդեօ՞ք Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան Աթոռը Սիս քաղաքից Սուրբ Էջմիածին փոխադրուեցաւ Մայիս 21-ի՞ն:
Եթէ այդպէս է, ուրեմն թող ներուի «անգրագետիս»։
Եկէք պահ մը միամտօրէն սեպենք որ այդպէս է։
Սակայն ի՞նչ ըսենք պաճուճեալ եւ զարդարեալ կաթողիկոսին ու «առընթերակայ» զոյգ եպիսկոպոսներուն, որոնք, դարձեալ եմիփորոնով, գաւազանով ու խաչով միասնաբար կը հանդիսապետեն արարողութեան։ Թիւրամացութի՞ւն։
Նման հանդիսութեան մը պարագային, քանի՞ հանդիսապետ պէտք է ըլլայ։ Հարցումը ուղղուած չէ լուսարար գարեգին կտրիչ ներսիսյանին, այլ՝ երիտասարդ եւ «ամենագէտ» լուսարարապետին՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։
Ալ կը բաւէ այսքան ցուցամոլութիւն, ինքնասիրութիւն, որ թարգմանի՝ տգիտութիւն։
Քանիցս ըսած ենք, որ կաթողիկոսը խոնարհաբար կը նախագահէ, բայց մանաւանդ Հայրապետական մաղթանքի ընթացքին։
Դիտելով նկարը, թող Մայր Աթոռի լուսարարապետը բացատրութիւն տայ եղածի մասին։
Յարգանքներով՝
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ