«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի ուշադրութեան յանձնուեցաւ նամակ մը որ պր. Յակոբ Անդրէասեանի կողմէ գրուած էր 24 Մայիսին սակայն յղուած չէր խմբագրութեան, այլ ղրկուած՝ միայն խումբ մը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անդամներու: Նամակագիրը թիրախաւորած է «Մարդիկ, խմբակցութիւններ կամ զանազան հաշիւներ ունեցող բախտախնդիրներ՝ որոնք «կը չարաշահեն եւ կամ կը փափաքին իրենց հաշիւներուն ծառա-յեցնել ՌԱԿ-ի յայտարարութիւնը»: Նոյն նամակին մէջ, հեղինակը նաեւ թիրախաւորած է ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի Գլխաւոր Խմբագիր՝ Աբօ Չափարեանին եւ հրապարակագիր Ոսկան Մխիթարեանին: .25 Մայիսին, ե-նամակով մը, պր. Չափարեան պատասխանած է Անդրէասեանի նամակին եւ հարցումներ ներակայացուցած, որ ցարդ՝ 29 Մայիսի դրութեամբ կը մնային անպատասխան: Ստորեւ՝ զոյգ նամակները.
ՌԱՄԿԱՎԱ1Ր ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ
24 Մայիս, 2020
ՅԱԿՈԲ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ | ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Մայիսի «Յայտարարութիւնը՝ Ի Խնդիր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պայծառութեան», կը միտի միմիայն պաշտպանել Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կենսական շահերը: Եթէ ինչ որ մարդիկ, խմբակցութիւններ կամ զանազան հաշիւներ ունեցող բախտախնդիրներ կը չարաշահեն եւ կամ կը փափաքին իրենց հաշիւներուն ծառայեցնել ՌԱԿ-ի յայտարարութիւնը, ես անոնց անդրադարձումներուն մէջ կը տեսնեմ միայն պատեհապաշտութիւն: ՌԱԿ-ը կապ չունի այս յելուզակներուն հետ:
Գալով Աբօ Չափարեանի վերջերս հեռասփռուած հաղորդման՝ իմ տպաւորութիւնս այն է որ եթէ ինք ինչ ինչ խնդիրներ կամ տարակարծութիւններ ունի Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ. Առաք. Եկեղեցւոյ առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հետ, պիտի ըսեմ թէ ՌԱԿ-ի յայտարարութիւնը բնա՛ւ ուղղուած չէ Առաջնորդ Սրբազանին դէմ: Իսկ Տիար Ոսկան Մխիթարեանին բարեկամաբար պիտի յիշեցնեմ թէ ՌԱԿ-ի յայտարարութիւնը օգտագործելով յարձակումներ չկատարէ ՌԱԿ-ի նախկին ատենապետ Սերխիօ Նահապետեանին դէմ, որ կը մնայ մեր յարգելի ընկերը: Այնուհետեւ, կը փափաքիմ յիշեցնել թէ՝ Կիլիկիոյ եղերաբախտ Զարեհ Կաթողիկոսին վրայ շատ ծանր նստեցաւ բազմիցս ոճրագործ Մովսէս Տէր Գալուստեանի ապտակը… եւ ոչ թէ ՌԱԿ-ի այն ատենուան ղեկավարութեան մղած պայքարը:
Շատ յստակ է մեր յայտարարութիւնը, զոր ուշադիր կարդալու պարագային պիտի տեսնուի թէ ՌԱԿ-ը ի՜նչ մեծ կարեւորութիւն կ’ընծայէ մեր սրբազնագոյն եւ ամէնէն նուիրական հաստատութեան: Շա՜տ յստակ, թափանցիկ ու խիտ կերպով ընդգծուած է դերը հազար եօթը հարիւրամեայ մեր ազգակերտիչ եկեղեցւոյ: Հետեւաբար, ՌԱԿ-ի նշուած յայտարարութեան դէմ արտայայտուողները ո՛չ մէկ նորութիւն կ’ըսեն բացի յայտարարութեան բառերը կրկնելէ իրենց գրութիւններուն մէջ:
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ՀԻՄՆԱԿԱՆ նպատակն է ՄԻՇՏ իր պատմական բարձրութեան պատուանդանին վրայ տեսնել մեր եկեղեցին, այսինքն՝ զայն չծառայեցնել կարգ մը աշխարհիկ եւ յատկապէս կարգ մը բարձրաստիճան եւ թիւրիմացաբար հոգեւորականի սքեմ հագած սեւազգեստ անձերու շահատակութեանց:
Այն փորձերը, որոնց միջոցով կը փափաքին միամիտ կամ պատեհապաշտ մարդիկը համոզել թէ «վեհին» կամ «վեհափառին» (Գարեգին Բ.ին) «դպնալը» նոյն է թէ մեր Սուրբ Հաստատութիւնը հարուածել, ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ միտումնային, կանխակալ եւ իրակա-նութիւնը թաքցնելու խղճուկ փորձեր են: Ո՛Չ եւ հազար անգամ Ո՛Չ, որովհետեւ առնուազն տգիտութիւն է եւ պատմութեան տրամաբանու-թենէն անտեղեակ անճարակ փորձեր:
Այո՛, մեր պատմութեան մէջ եղած են դէպքեր, երբ երանելի կաթողիկոսներ հալածելը հաւասար եղած է Սուրբ Հաստատութիւնը հարուածելուն, բայց եղած են նաեւ պարագաներ, երբ գերագոյն անձը՝ կաթողիկոսը կամ եպիսկոպոսներն ու հակաթոռ կաթողիկոսներ քննա-դատուած են ԱՌՈՂՋ մարդոց կողմէ՝ փրկելու համար Ս. Էջմիածնի պատիւը: Օրինակ մը տալու համար պարզապէս՝ եթէ իր ատենին եւ անկէ ետք (ԺԱ. դար) Բագրատունեաց թագաւորութեան վերջին տարիներուն, երբ քննադատած կամ նզոված են Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոս մը, որ Անի մայրաքաղաքը «ծախեց», ապա այդ կատարուած է ՓՐԿԵԼՈՒ նպատակով Լուսաւորչակերտ հաստատութեան պատիւը:
Հայրենի մեր ժողովուրդին մէջ քիչ չէ թիւը այն հայորդիներուն, որոնք ընդվզած էին եւ են ոչ միայն նախկին իշխանութիւններու ապականած վարչակազմին դէմ, այլեւ Ս. Էջմիածնի այսօրուան գահակալին, անոր եղբօր եւ այլ «միլիոնատէր» ու պիզնեսմէն մանկլաւիկներուն դէմ: Եւ այս բոլորը՝ հակառակ մեր ժողովուրդին ապրած անձուկ եւ ճգնաժամային օրերուն:
Հեռու չէ այն օրը, երբ պիտի յաղթէ զանգուածներուն կամքը:
ՊՐ. ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ, ԱՐԴԷՕ՞Ք ՁԵՐ ԵՒ ՁԵՐ ՆՄԱՆՆԵՐՈՒՆ «ՋԱՅԼԱՄԻ
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» ՉԷ, ՈՐ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԻՆՉԵՒ ՀՈՍ ՀԱՍՑՈՒՑ
25 Մայիս, 2020
Յարգելի պր. Յակոբ Անդրէասեան,
Նախքան պատասխանելս ձեր անհիմն ցեխարձակումներուն ուղղուած՝ ազատ մտածող եւ անկախաբար գործող հետազօտող լրագրողներուս, պիտի խնդրէի որ պատասխանեցէք հետեւեալ հարցումներուն.
– Ըստ Ձեր տեղեկութեան կամ գիտակցութեան, արդէօ՞ք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Մայիսի «Յայտարարութիւն»ը, «Ի Խնդիր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պայծառութեան», որու՞ կամ որո՞նց հասցէին ուղղուած է: Կամ արդէօ՞ք կը խորհիք որ բացի Գարեգին Բըը-էն ուրիշ որեւէ յստակ անձերու կամ դերակատարներու չէ ուղղուած:
– Արդէօ՞ք տեղեակ էք որ Գարեգին Բըըը-ն ունի տարբեր թեմերէ ներս կլանակիցներ ինչպիսիք են Լոս Անճելոսի Յովնան Տէրտէրեանը, Մոսկուայի Եզրասը, եւ այլք:
– Արդէօ՞ք Ձեր եւ Ձեր նմաններուն «ջայլամի քաղաքականութիւնը» չէ որ մեր ժողովուրդին մինչեւ հոս հասցուց:
– Արդէօ՞ք Դուք Տէրտէրեանին կը պաշտպանէք որովհետեւ վերջինս տարին մի քան հազար տոլար կը հանգանակէ ձեր տեղական կարիքներուն համար: (Ի միջի այլոց, անցեալ՝ 2019-ի աշնան Ձեր շրջանի համար իր կազմակերպած հանգանակութիւնն ալ խոշոր ձախողութիւն մը եղաւ որովհետեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եղեկեցւոյ զաւակները ի Լոս Անճելոս, սկսած են ետ կանգնիլ որեւէ աջակցութիւն տալէ գրեթէ բոլոր ձեռնարկներուն որտեղ Տէրտէրեանի նախաձեռնութիւնը կամ մատը կայ:)
Ինչ լաւ է, որ դուք ալ — թէկուզ կէսկատար — քաջութիւնը ունեցաք Ձեր դիրքը ճշտելու Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ տիրող անփառունակ վիճակի եւ լայնատարած փտտախտի գծով:
Անկեղծութիւնն ու ողջմտութիւնը կը պահանջեն որ իւրաքան-չիւրս ամբողջական քաջութիւնն ունենաք անունները եւ իրերը կոչելու իրենց իսկական բնութագրութեամբ, նշելով բոլոր այն պարագլուխներուն սկսած՝ Գարեգին Բըըը-էն մինչեւ Մոսկուայի Եզրասի, մինչեւ Արեւմտեան Թեմի Յովնան Տէրտէրեանի եւ նոյնպէս ջոկատ մը աշխարհականներու անունները որոնք մեղսակից են օրուայ դերակատարներու արաքներուն մէջ:
Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ. Առաք. Եկեղեցւոյ առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանն ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան գահը զբաղեցնող Գարեգին Բըըն, իմ հանդեպ միշտ ալ լաւ վերաբերում ունեցած են: Բայց ըլլալով անկախ եւ ազատ մտածող, ես նախընտրած եմ իրենց եւ իրենց նմաններուն, իմ հանդեպ լաւ վարուելակերպը ՉԸՆԴՈՒՆԻԼ որպէս կաշառք:
Բոլոր հետազօտող լրագրողներուն պարտականութիւնն է իրողութիւննները եւ դերակատարները ներկայացնել հարազատօրէն եւ անկեղծօրէն:
Ուրախալի պիտի ըլլար, վերեւ նշուած հարցումներուն Ձեր պատասխանները ստանալ:
Լաւագոյնս`
Աբօ Չափարեան