ԳՐԵՑ՝ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Երուանդ Կոտոլոզեան (Ազատեան) մակաբոյծը, որ տարիներէ ի վեր կը սնանի Մանուկեաններու եւ ազգային հաստատութիւններու հաշւոյն, չդիմանալով իր հասցէին եւ իրեն նման մակաբոյծներուն ուղղուած շինիչ քննադատութիւններուն, «Պայքար» շաբաթաթերթի Մայիս 31, 2020 թիւին մէջ կը հրատարակէ իմ հասցէին ուղղուած եւ խեղաթիւրուած մեղադրանքներ, արդարացնելու համար իր առաւել քան 50 տարիներու կողոպուտները, որոնց վերջին գլուխ-գործոցն է Թէքէեան Մշակութային Միութեան՝ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի փակումն ու կալուածին առուծախը: Տարիներ անցան եւ տակաւին նոյնինքն ռամկավար եղբայրներ իսկ չեն գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ վախճանը այդ 15 միլիոն տոլարին: Գումարին չափն ու իրողութիւնը ինծի փոխանցուած են ռամկավար կուսակցական բարեկամի մը կողմէ:
Անցնելէ առաջ բուն նիւթիս եւ իմ հասցէին եղած զրպարտանք- յերիւրանքներուն, հոս հանրութեան սեփականութիւնը կ՚ուզեմ դարձնել երկու խոշոր յայտարարութիւններ, զորս Ազատեան կատարած է ի ներկայութեան բազմաթիւ անձերու:
Առաջինը տեղի ունեցաւ 1993 թուականի ամրան, երբ Վենետիկ կը գտնուէի որպէս Լոս Անճէլըսի Հայագիտական կաճառի փոխ ատենապետ եւ դասախօս, իմ մասնակցութիւնս բերելու «Բազմավէպ» ամսագրի 150-ամեակի հանդիսութեանց: Հաւաքուած էինք ճաշարանի մը մէջ, ուր ներկայ էին Մխիթարեան միաբան հայրեր, զանազան երկիրներէ եկած հիւրեր, որոնք պիտի մասնակցէին այդ հանդիսութեանց: Յանկարծ ներս մտաւ Հայր Յարութիւն Պզտիկեան, որ մեկնած էր օդակայան, Հայաստանէն նոր ժամանող Երուանդ Ազատեանը բերելու:
Հաճելի մթնոլորտի մէջ, զանազան խօսակցութիւններու կարգին, պատեհ առիթ նկատելով, հարց ուղղեցի Երուանդ Ազատեանին. «Պարոն Ազատեան, նկատի ունենալով որ նոր հասած էք Հայրենիքէն, տակաւին Հայաստան կը բուրէք. ի՞նչ է ձեր կարծիքը Հայրենիքի եւ անոր ժողովուրդի մասին»: Կարծէք սխալ կոճակ մը սեղմած էի, յանկարծ փոթորկած եւ շիկացած՝ պատասխանեց. «Ասոնք հայ չեն, ասոնք թուրքի եւ թաթարի արտադրութիւն են. հայը մշեցին է, հայը վանեցին է, հայը կիլիկեցին է»: Աւելի ուշ իմացանք որ այդ օրերուն՝ վերջին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ընտրութեանց չէր յաջողած ընտրուիլ որպէս վարչական: Իր այս խօսքերը յաճախ մեր Լոս Անճէլըսի հանդիպումներուն յիշեցուցած եմ իրեն, երբ մեր խօսակցութիւնը կը վերաբերէր Հայրենիքէն ներս կատարուած իրադարձութիւններուն եւ ամէն անգամ ալ ինծի դառնալով կ՚ըսէր. «Ոսկան ճա՛ն, այս բաները բարձրաձայն չեն ըսուիր,» եւ կարմրելով կը հեռանար: Եւ սակայն, հակառակ իր արտայայտութիւններուն, ելլելով իր անձնական եւ կուսակցական շահերէն, միշտ ալ մօտիկ կապեր ունեցաւ իր՝ «թուրքի եւ թաթարի արտադրութիւն» եղող հայրենակիցներուն հետ:
Երկրորդ դէպքը տեղի ունեցաւ Թէքէեան Միութեան Փասատինայի Պէշկէօթիւրեան սրահին մէջ, 2015 թուականին: Դասախօսութեան մը աւարտին, երբ ներկաներու մեծամասնութիւնը հեռացած էր այլեւս, երկու բոլորաձեւ սեղաններու շուրջ հաւաքուեցան բարեկամներ, զրուցելու համար հայ ժողովուրդը տագնապեցնող հարցերու մասին: Ի շարս զանազան հարցերու, մէջտեղ եկաւ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի փակման հարցը: Ես ալ, ուրիշներու նման, անհամբեր կը սպասէի՝ հարցումս ուղղելու Ազատեանին, որովհետեւ շա՜տ հարցերու պարագային «շան գլուխը» իր մօտ թաղուած է: Հարցուցի հետեւեալը. «Պարոն Ազատեան, Ճիշ՞դ է այն հաղորդագրութիւնը զոր կարդացինք մամուլին մէջ, ստորագրուած՝ Յովնան Արքեպիսկոպոսին կողմէ, որ իբրեւ թէ առաջնորդարանը ուզած է գնել Արշակ Տիգրանեան վարժարանը եւ դուք մերժած էք»: Յանկարծ փոթորկած, պատասխանեց. «Յովնան սրբազան ստախօսին մէկն է»: Անշուշտ թոյլ պիտի չտայի որ խօսակցութիւնը հոն վերջանար եւ շարունակեցի. «Եթէ իսկապէս սուտ է այդ հաղորդագրութիւնը, ինչո՞ւ մամուլով ճշմարտութիւնը ժողովուրդին սեփականութիւնը չէք դարձներ»: Ազատեան պատախանեց. «Հիմա չենք կրնար յայտարարութիւններ կատարել, որովհետեւ դատարանային հրահանգ կայ (gag order), բայց առիթը կու գայ ճշմարտութիւնները հրապարակելու եւ բացայատելու»: Դժբախտաբար հինգ տարիներ եւս անցան եւ ոչինչ իմացանք, որովհետեւ նման զնմանն գտանէ. բոլորն ալ ազգին մակաբոյծներն են:
Վերեւ յիշատակուած երկու դէպքերն ալ ցուցանիշ են Երուանդ Ազատեանի նկարագրի ցայտուն յատկութիւններուն, որ տարիներէ ի վեր «ազգային գործու-նէութիւն» անուան տակ իրեն յանձնուած ու ծաւալած բոլոր մութ գործերը «կը կառավարէ»… իր ուզած կերպով:
Վերադառնանք իմ հասցէին կատարուած զրպարտութիւններուն: Այո՛, 2015 թուականին, երեք տարիներու նախնական՝ սպասողական աշխատանքները կատարելէ ետք (2012-2015), երեւան եկաւ որ բարեկամներու կողմէ «բարձր գնահատականներով» ինծի յանձնարարուած անձը, Վարդան Մանուկեան կոչեցեալ ստահակը, որպէս թէ կառավարական (Department of Homeland Security) պաշտօնեայ ըլլալով՝ կրնար ինծի օգտակար ըլլալ իր մէկ բարեկամին միջոցաւ, որ կ՚աշխատէր Ֆրէզնոյի Պետական Գաղթականական գրասենեակին մէջ, եւ որ կրնար հեշտութեամբ գործերը իրենց օրինաւոր լրումին հասցնել: Յաճախորդներէն ստացուած գումարները Վարդան Մանուկեան ստահակին խողովակով պէտք է որ փոխանցուած ըլլային Ֆրէզնոյի պատօնեային: Աւա՜ղ, երեք տարիներու սպասումէն ետք երբ իմացանք որ բոլոր խոստումները կեղծիք եւ սուտ էին, ԱՆՁՆԱՊԷՍ ՕՐԷՆՔԻ ԱՌԱՋ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԱԾ ԷԻ ՄԻՆՉԵՒ ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՄԱՆ ՓՈԽԱՆՑԵԼՈՒ ԻՄ ՅԱՃԱԽՈՐԴՆԵՐՈՒՍ: Օրէնքին անսալով, եւ ի վնաս ինծի, ճակատաբաց պարտաւորութիւնս կատարեցի սեփական տունս մուրհակի տակ դնելով, իսկ այդ Վարդան Մանուկեան կոչեցեալ ստահակը մինչեւ օրս փախստական կ՚ապրի անծանօթ քաղաքի մը մէջ, հալածեալ բոլոր անոնցմէ՝ նոյնիսկ իր հարազատ ազգականներէն՝ որոնցմէ դրամ կորզած է: Ահաւասիկ իրողութիւնը «Պայքար»ի խմբագրականին հեղինակ Երուանդ Ազատեանի յերիւրանքներուն եւ զրպարտանքներուն վերաբերեալ, որուն նպատակը զիս մրոտել եւ իմ առաւել քան 50 տարիներու վաստակս նսեմացնել է. բան մը որ իր կարողութենէն վեր է:
Երուանդ Ազատեա՛ն, ԱՅՍ ԳԼՈՒԽԸ շատ բան տեսած է՝ ո՛չ միայն Լիբանանի, այլեւ Ամերիկայի մէջ իմ անցուցած 50 տարիներու կեանքիս ընթացքին, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին անկախ եկեղեցւոյ օրերէն մինչեւ այսօր: Շատեր փորձեցին զիս մրոտել եւ լռեցնել, բայց ո՛չ ոք կրցաւ եւ կրնայ զիս լռեցնել: Եթէ ե՛ս լռեմ, քարե՛րը պիտի աղաղակեն: Դուք, ձեր ամբողջ կարողականութեամբ եւ աճպարարութեամբ, միայն ձեր անձը կրնաք խայտառակել: Այո՛, ո՛չ մէկ դադար իմ նմաններուն, որոնք լրջօրէն մտահոգ են Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայ վիճակով: Չկարծէք որ զիս արատաւորելով արեւի լոյսի նման ճառագայթող ճշմարտութիւնները կրնաք ծածկել, որովհետեւ դուք եւ ձեր նմանները մեղսակից էք այս տխուր իրավիճակին:
Անգամ մը եւս շեշտենք որ Թաւշեայ յեղափոխութեան հետ կապ չունին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին դէմ եղած քննադատութիւնները: Ինքզինքնիդ մի՛ խաբէք, ո՛չ ալ փորձեցէք ժողովուրդը խաբել: Վերջին 20 տարիներու Գարեգին Բ. կաթողիկոսի մենատիրական եւ կղերապետական աշխատաոճին մօտէն ծանօթ է համայն հայութիւնը: Ժողովուրդը արթնցած է եւ կը պահանջէ իր իրաւունքը ու փորձէ իր ձայնը լսելի դարձնել յանուն ճշմարտութեան: Ա՛լ կը բաւէ այս արթնութիւնը կոչել աղանդաւորական շարժում: Աղանդաւորները առաւել քան 30 տարիներէ ի վեր մեծ աշխատանք կը տանին մեր ժողովուրդը սիրաշահելու զանազան ձեւերով, երբ Մայր Աթոռի ղեկավարութիւնը այս բոլորը կը դիտէ անտարբերութեամբ, որովհետեւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հացի աւելցուքէն կշտացողները՝ բոլորն ալ զբաղած են անձնական հարստութիւն դիզելու տենչով: Օրինակները շա՜տ: Բացէ՛ք հայաստանեան մամուլը եւ կարդացէք իմանալու համար կաթողիկոսի անձնական երկյարկանի տուներուն, ջերմանոցներուն, կազատուներուն, անասնապահական կեդրոններուն, ինչպէս նաեւ առեւտրական այլ հաստատութիւններուն մասին, որոնք այսօր գործող իշխանութեան օրակարգի նիւթ են դարձած ի շարս այլոց, եւ որոնք դիզուած են նախկին ռեժիմի աւատապետներուն հետ ընկերակցութեամբ կեղեքելով հայ ժողովուրդը, ի վնաս անոր բարօրութեան:
Երուանդ Ազատեան կը փորձէ իր շարլաթանի մակդիրը ինծի նուիրել, ակնարկելով որ ես նախկին հոգեւորական մըն եմ եւ չի գիտեր եղեր թէ ես ինչո՞ւ թողած եմ իմ սքեմը եւ հեռացած: Կարճ պարբերութեամբ մը բացատրեմ, որ ես եղած եմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան անդամ եւ 12 տարիներ ծառայելէ ետք որպէս վարդապետ՝ հեռացած եմ եկեղեցական ասպարէզէն որովհետեւ չեմ փափաքած ստրկանալ օրուան ամիրաներուն եւ կուսակցականներուն, եւ ո՛չ ալ ուզած եմ արժանապատուութիւնս ծախել յանուն մամոնայի: Տարիներու իմ քրտնաջան աշխատանքովս ինծի եւ ընտանիքիս ապահոված եմ բարեկեցիկ կեանք առանց ակնկալելու… որ ազգային հաստատութիւններ ինծի գործ հայթայթեն:
Կամովին եւ խոր համոզումով հեռացած եմ եկեղեցական ասպարէզէն: դժբախտաբար՝ Ազատեան փերեզակը իմ հեռացումս կը տեսնէ որպէս նկարագրի անկայունութիւն: Համոզուած եմ որ ես ներսէն չէի կրնար բան մը բարեփոխել, եւ անոր համար առաջին օրէն իսկ ջատագովը եղած եմ Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան եւ հատոր մըն ալ նուիրած եմ այդ նպատակին: Հայ եկեղեցին պատանդ է երէկ եւ այսօր Ազատեանի նման ամիրաներուն ձեռքը, որոնք կը կեղեքեն եկեղեցին իրենց անհատական եւ կուսակցական շահերուն համար: Մի՛ ճառէք եկեղեցւոյ միութեան մասին, երբ մեղսակից էք անոր այսօրուան անփառունակ, տխուր վիճակին:
Եթէ Ազատեան կը կարծէ որ մեր հեռուստատեսային հեռարձակումներու մէջ մեր կատարած յայտարարութիւնները կամ բացայայտումները անհիմն են, թող քաջութիւնը ունենայ հակառակը փաստելու: Իմ անձիս հանդէպ կատարուած ցեխարձակումները սուրճի գաւաթ մըն ալ չեն կրնար լեցնել: Եթէ շատ հետա-քրքրուած է իմ ամերիկայի հոգեւոր ծառայութեանս պատմութեամբ եւ իմ կատարած եւ յաջողցուցած խիզախ գործունէութեամբ, առ ի զարգացումն իրեն եւ իրեն նման զառածելոց կը թելադրեմ որ կարդան «Վարդապետի մը Ոդիսականը» www. Vanagan.com կայքէջին վրայ:
Ոսկան Մխիթարեան իր ձեռնադրութեան (1966) առաջին օրէն իսկ կը պայքարի եւ պիտի շարունակէ պայքարիլ յանուն ճշմարտութեան եւ ուշ կամ կանուխ պիտի յաջողի իր խոշոր բաժինը բերելու Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան աշխատանքին մէջ, ժողովրդային մեծ մասնակցութեամբ: Ազատեանի նման զառամածներուն ժամանակը վաղուց անցած է՝ ինչպէս կը վկայեն ի՛ր իսկ բարեկամները: Լաւ կ՚ըլլայ որ հեռանայ հրապարակէն, կաթողիկոսէն ստացած իր շքանշաններն ալ հետը տանելով:
ՉԻՔ ԻՆՉ ԾԱԾՈՒԿ ՈՐ ՈՉ ՅԱՅՏԵՍՑԻ:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
2 Յունիս 2020