Հայաստանի ճատրակի տղոց ազգային հաւաքականի անդամ՝ Գաբրիէլ Սարգսեան յաջող արդիւնք արձանագրեց Եւրոպայի ճատրակի առցանց մրցաշարքին:
Եւրոպայի ճատրակի առցանց մրցաշարքին Ե. խմբակին, որուն մէջ ելոյթ ունեցան 2300-էն աւելի բարձր վարկանիշ ունեցող ճատրակ խաղացողները, հայրենի կրանտմասթըր-ը գրաւելով երրորդ դիրքը, արժանացաւ պրոնզէ մետալի: Երրորդ դիրքի մրցումին, Սարգսեան յաղթեց Հայաստանի հաւաքականին նախկին անդամ՝ Սերգէյ Մովսիսեանին:
Եւրոպայի ճատրակի առցանց մրցաշարքին Ե. Խմբակին մօտաւորապէս մասնակցեցան 4400 ճատրակ խաղացողներ:
