ՀՀ Ազգային ժողովը առաջին ընթերցումով ընդունեց «Հանրաքուէի մասին» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնսդրական փաթեթը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armenpress.am-էն։
«Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահագն Հովակիմեանի հեղինակած նախագիծով՝ հնարաւորութիւն պիտի տրուի արտակարգ դրութեան աւարտէն ետք չեղարկել Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի եւ 6 անդամներու լիազօրութիւններու դադարեցման հանրաքուէն:
«Օրէնքին մէջ ռազմական կամ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու հիմքով չկայացած հանրաքուէին վերաբերեալ կայ ընդամէնը մէկ դրոյթ՝ արտակարգ կամ ռազմական դրութեան վերացումէն ետք հանրաքուէն կը նշանակուի ոչ շուտ քան 50 եւ ոչ ուշ, քան 65 օր ետք: Ամբողջ գործընթացը, թէ ինչպէս պէտք է վերսկսուի հանրաքուէն, օրէնքը չի նշեր»,- ընդգծած էր Հովակիմեան:
Պատգամաւորը յայտնած էր, որ օրէնքի փոփոխութիւնները միտուած են կարգաւորելու հանրաքուէի շարունակականութեան կանոնակարգման հարցը, ինչպէս նաեւ արտակարգ դրութեամբ պայմանաւորուած հանրաքուէն չեղարկելու հիմնարկի ներդրման: Ասիկա պիտի ազդէ նաեւ Սահմանադրութեան փոփոխու-թիւններու հանրաքուէին վրայ, քանի որ «քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած իրավիճակով հանրութեան առողջութիւնը առաւել կարեւոր է, քան հանրաքուէն:
Քուէարկութենէն առաջ՝ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան յայտնեց, որ իրենք պիտի չի մասնակցին քուէարկութեան, որովհետեւ կը կարծեն, որ նախագիծը հակասահմանադրական է եւ խնդրահարոյց: «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը՝ Մարուքեանի ելոյթէն ետք՝ 20 րոպէ ընդմիջում խնդրեց:
Օրէնքներու նախագիծերուն փաթեթը ընդունուեցաւ 83 «կողմ» եւ 16 «դէմ» ձայներով:
Յիշեցնենք, որ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէով կ՝առաջարկուի դադրեցնել Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի եւ դատարանի 6 անդամներու պաշտօնավարումը: Սահմանա-դրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն նախատեսուած էր Ապրիլ 5-ին, սակայն չկայացաւ արտակարգ դրութեան յայտարարման պատճառով:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *