23 մայիսին, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէն յատուկ կոչով դիմեց քանատահայութեան ու յայտարարեց Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Քանատայի մարմինի կազմութիւնը:
28 մայիսին, սկիզբ առաւ նուիրահաւաքի արշաւը: Իր առաջին կոչին մէջ Լիբա-նանահայութեան օժանդակութեան Քանատայի մարմինը կը նշէ. «Քանատա-հայութիւնը միշտ լիաբուռն օժանդակութիւն հասցուցած է հոն, ուրկէ եկած է տագնապի ձայնըհայրենիքէն եկած ըլլայ ան թէ սփիւռքի որեւէ գաղութէ: Վստահ ենք, որ այս անգամ եւս, նո՛յն ոգիով զօրավիգ պիտի կանգնինք լիբանանա-հայութեան»:
Թորոնթոյի «նոր հայ հորիզոն» յայտագիրի հաղորդավար Խաժակ Գուլաճեան Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Քանատայի մարմինի ատենապետ Նորայր Պէրպէրեանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին վերջինը նախ ներկայացուց Լիբանանի մէջ տիրող ընկերային, տնտեսական, դրամատնային, անգործութեան տագնապալի կացութիւնը, որ կը տիրէր «Քորոնա» ժահրի ծագումէն եւ անոր ստեղծած համաճարակէն աւելի առաջ
հոկտեմբեր 2019-էն: Ան նաեւ խօսեցաւ Լիբանանի մէջ ստեղծուած «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին մասին, որ օգնեց եւ կը շարունակէ օժանդակել բոլորինառանց որեւէ խտրականութեան:
«Քանատան չէր կրնար ձեռնածալ մնալ այս կացութեան դիմաց, ուստի Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէն յառաջացուց Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Քանատայի մարմինը, որ կ՛ընդգրկէ Քանատայի բոլոր կոմիտէները, ուղեկից միութիւնները
Համազգային, ՀՕՄ, ՀՄԸՄ, ուսանողական միութիւնը, ՔԵՄ եւ պատանեկան միութիւնները: Այս յանձնախումբը Քանատայի տարածքին պիտի գործէ, որպէսզի կարենայ դրամահաւաք ընելյօգուտ լիբանանահայութեան», ըսաւ ան
աւելցնելով, որ նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել հետեւեալ կայքէջին ճամբով
https://acc.akaraisin.com/Donation/Event/DonationInfo.aspx?seid=22523&mid=48
Նորայր Պէրպէրեան բացատրեց, որ Լիբանանի մէջ կառավարութիւնը չի գործեր ինչպէս Քանատայի մէջ, իսկ այդ օժանդակութեան պարտականութիւնը Դաշ-նակցութեան Լիբանանի կառոյցը իր ուսերուն առած է: «Քանատան միշտ պատնէշի վրայ եղած է, հասած է հոն, ուր կարիք ստեղծուած է: Չմոռնանք ըսելու, որ Լիբանանը սփիւռքահայութեան բաբախուն սիրտն է, ան միշտ հասած է հոն, ուրկէ կարիքի ահազանգ լսուած է` ըլլայ նիւթական, ըլլայ մարդուժով, ազատամարտիկ-ներով եւ նահատակներով: Այնպէս որ, մենք չենք կրնար ականջ չտալ լիբանանահայութեան մեր կա-ռոյցի կոչին, ուստի մեր փափաքն է, որ բոլորս հասնինք լիբանանահայութեան կարիք-ներուն, եւ քանատահայութիւնը մաս-նակից դառնայ այս նուիրահաւաքին», կոչ ուղղեց Լիբանանահայութեան օժան-դակութեան Քանատայի մարմինի ատենապետը:
