Քանատան դադրեցուցած է դէպի Ազրպէյճան ռազմական արտածումը եւ արգիլած Թուրքիոյ զէնքի վաճառքը: Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է 29 մայիսին «Կլոպըլ Ըֆերզ Քանատա»-ի հրապարակածՔանատայի զինուորական արտածման մասին տարեկան զեկուցումին մէջ: Կը նշուի, թէ 2017-ին քանատական սեփական ընկերութիւններու կողմէ Ազրպէյճանին զրահապատ մեքենաներու վաճառքը սկսելէն ի վեր ասիկա արդէն երկրորդ տարին է, որ Քանատան Ազրպէյճանը չի ներառեր զինուորական ապրանքներու առեւտուրով զբաղող երկիրներու շարքին: Մասնաւորաբար, հոկտեմբեր 2019-ին, Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ նախաձեռնած «Խաղաղութեան աղբիւր» գործողութենէն ետք, Քանատան նաեւ արգիլած էր զինուորական արտածումը դէպի Անգարա, սակայն անիկա անորոշ ժամանակով վերականգնուած էր ապրիլ 2020-ին: 4 յունիս 2020-ին զեկուցումի հրապարակումէն ետք յանձնախումբը նամակ յղած էր Քանատայի արտաքին գործոց նախարարին: Ի պատասխան Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամպան բարձր գնահատած էր կառավարութեան որոշումը եւ յորդորած էր նախարարին շարունակել զերծ մնալ թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ ալ Ազրպէյճանի հետ զէնքի առեւտուրէն: Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի համանախագահները նամակին մէջ յայտարարած են.«Թուրքիան ու Ազրպէյճանը լուրջ ռազմական սպառնալիք կը ներկայացնեն ո՛չ միայն իրենց մերձաւոր շրջանին մէջ, այլ նաեւ ատոր սահմաններէն դուրս:
«Մինչ Թուրքիան կը շարունակէ ապակայունացնել Միջին Արեւելքը եւ սպառնալ տեղւոյն փոքրամասնութիւններուն գոյութեան, Ազրպէյճան զգալիօրէն մեծցուցած է իր ռազմական պատրաստուածութիւնը` անընդհատ ազդարարելով Արցախի Հանրապետութեան մէջ զինուորական գործողութիւններու վերսկսման մասին եւ միեւնոյն ատեն սպառնալով ուղղակի կերպով յարձակիլ Հայաստանի Հանրա-պետութեան վրայ», կը նշուի Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի նամակին մէջ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *