Հայաստանի Ազգային ժողովը 16 յունիսին փակ գաղտնի քուէար-կութեամբ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը զրկեց պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն: Ծառուկեանի նկատմամբ քրէական հետապն-դում յարուցելու համաձայնութիւն տալու վերաբերեալ քուէարկու-թեան թեր եղան 87 պատգամաւորներ, դէմ ձայն չկար:
Բարգաւաճ Հայաստան եւ Լուսա-ւոր Հայաստան խմբակցութիւնները յայտնեցին, որ պիտի չմասնակցին քուէարկութեան:
Նոյն օրըաւելի ուշ, Ազգային ժողովը համաձայնութիւն տուաւ Գագիկ Ծառուկեանը ազատութենէ զրկելու վերաբերեալ Հայաստանի ընդհանուր դատախազին ներկայացուցած միջնորդութեան
87 թեր ձայնով:
Մինչ այդ, Ազգային ժողովին մէջ իրեն նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն եւ ազատութենէ զրկելուն համաձայնութիւն տալու մասին ընդհանուր դատախազի միջնորդութեան ներկայացման ընթացքին Գագիկ Ծառուկեան իրեն վերագրուող գործը նկատեց շինծուվստահեցնելով, որ ընտրակաշառք չէ տուած: Ըստ անոր
այս գործընթացները հետեւած են 5 յունիսին ԲՀԿ-ի քաղաքական խորհուրդի նիստի իր յայտարարութեան եւ կապուած են անոր` դիտել տալով, որ իշխանութիւնը չէ արդարացուցած սպասումները, ժողովուրդին տուած խոստումները չեն կատարուած:
Նիստերուն ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ տեղի ունեցան Գագիկ Ծառուկեանի զօրակցող ցոյցեր, եւ աւելի քան 150 քաղաքացիներ բերման ենթարկուեցան:
