Ծանօթ. Խմբ. «Պայքար» շաբաթաթերթի մէջ, Էտմոն Ազատեան իր «հրաշանման» ապակողմնորոշիչ խմբագրականներով, անընդհատ կը փորձէ հայ հասարակութեան մոռձնել տալ իր չար արարքները ինչպիսին է Թէքէյեան Մշակութային Միութեան միջոցով Լոս Անճելոսի Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի անարդար փակումը եւ 14,5 միլիոն տոլարի անյետացումը։ Հիմա ան բարերարներու դրամները կը մսխէ հոս-հոն «բարերարութիւններ» ընելով։ Թող իր գրպանէն ընէ այդ «բարերարութիւնները»։ Թող դրամները բարերարներուն վերադարձնէ քանի որ այդ դրամները ՀԱՅ դպրոցի համար նուիրուած էին։ Եթէ վերադարձնէ, յաջորդ անգամ որ միութիւնը իսկապէս նոր դպրոց բանալու ծրագիր ներկայացնէ, բարերարները վստահութիւն կ’ունենան եւ նորէն կուտան։

Էտմոն Ազատեանի հրատարակած 14 Յունիսի «Պայքար» շաբաթաթերթի մէջ, մէնատէր Ազատեանի կողմէ գրուած այն նորագոյն «գլուխգործոց» խմբագարականին մասին — ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ-ԵԿԵՂԵՑԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ — ի՞նչ կարելի է ըսել:
ԻՆՉ ԱԼ ԸԼԼԱՅ, ՎԵՐՋԸ ԱՅՍ ՍՏԱՀԱԿ ԳԲԸԸԸ-Ն ՆԻԿՈԼԵԱՆ ՉԱՓԱԼԱԽԸ ՊԻՏԻ ՈՒՏԷ, ԱՆՇՈՒՇՏ ԵԹԷ ՆԻԿՈԼԸ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱՅ ԻՐ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ

ԳՐԵՑ՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
Հակառակ, որ ՊԱՅՔԱՐ-ի իւրաքանչիւր թիւը աչքէ անցընելէս ետք խմբագրութիւն կոչուածին լուացողական գրութիւններ կը ղրկեմ, այս անամօթները կը շարունակեն ինծի կանոնաւորաբար ղրկել իրենց փսխունքը:
Այս խմբագրականը կարդացել էի: Շաբլօն, երկարապատում բառակոյտեր: Սակայն մէկ բան նորութիւն էր ինծի համար եւ ուշադրութիւնս գրաւեց. այս աւանակները ձեւով մը կ՛ընդունին, թէ Եկեղեցին պէտք է եթէ ոչ ենթարկուի, գոնէ նեցուկ կանգնի հայկական պետականութեան: Սակայն մի՞թէ այդպէս է այսօր: Ասոր տակը կը տեսնեմ սրիկայութիւն մը, որ հետեւեալն է.
ԳԲըըը-ն շատ լաւ գիտէր, թէ ինչ պիտի գար Տոտի Կակոյին գլխուն, որու հետ ինք եւս աղտոտ յարաբերութիւններ մշակած է տասնամեակներէ ի վեր: Իմ կարծիքով, կրնամ նոյնիսկ ըսել՝ համոզումով, ան ցուցում տուած է Էտմոն Կոտալազեան կոչուած գաճաճին՝ Նիկոլին հաճոյացող խմբագրական գրել: Անշոշւտ, այս բաւարար չէ հաճոյանալու համար: Հաւանաբար հերթական մուծումը կատարէ Աննա Յակոբեանի հիմնադրամին` Նիկոլը որոշ ատեն մը եւս իր նկատմամբ բարեհաճ պահելու համար:
Ինչ ալ ըլլայ, վերջը այս ստահակ ԳԲըըը-ն նիկոլեան չափալախը պիտի ուտէ, անշուշտ եթէ Նիկոլը հաւատարիմ մնայ իր սկզբունքներուն: Ցաւօք, ան մինչեւ հիմա իր կատարածներով ապացուցեց, որ այդքան սկզբունքային մէկը չէ, ինչէն ահաւասիկ կ՛օգտուին նաեւ ԳԲըըը-ն ու անոր մանկլաւիկները եւ իրենց սադայէլական խրախճանքը կը շարունակեն՝ հոգ չէ թէ Մայր Աթոռին վարկը ինչքան վար աստիճանի կը հասնի:
Միշտ լաւ եղէք:
Գէորգ Եազըճեան

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *