«Արմէնփրէս» գործակալութենէն կը կարդանք, Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբէկեան վստահ է, որ Լիբանանի կառավարութիւնը եւ հանրութիւնը խստօրէն պիտի հակազդեն ատելութեան խօսքի որեւէ դրսեւորումի։ Լիբանանահայ հաղորդավարի նկատմամբ ոտնձգութեան եւ հայկական համայնքին ուղղուած ատելութեան խօսքի վերջին դրսեւորումներուն մասին «Արմէնփրէս»-ը զրուցած է Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ։
Հարց. Լիբանանի մէջ առկայ քաղաքական, հասարակական, տնտեսական ու ֆինանսական ճգնաժամի պայմաններուն ինչպիսի՞ն է տեղի հայ համայնքի վիճակը, եւ ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկէ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը կամ Պէյրութի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը այդ ուղղութեամբ։
Լիբանանի հայ համայնքը սահմանադրօրէն մաս կը կազմէ պետութեան համակարգին եւ բարեկամ Լիբանանի պետական-հասարակական ճարտարապետութեան մէջ հանդէս կու գայ որպէս երկրի քաղաքական կեանքի ինքնուրոյն դերակատար ու միաւոր։ Որպէս երկրի օրինակելի քաղաքացիներլիբանանահայերը խորապէս նուիրուած են Լիբանանին եւ հաւասարապէս կը կիսեն երկրի ամբողջ բնակչութեան թէ՛ ձեռքբերումները, թէ՛ դժուարութիւնները։ Բնականաբար, Հայաստանը չի կրնար անտարբեր մնալ հայ համայնքին յուզող համահայկական խնդիրներուն հանդէպ, հաշուի առնելով այն ընկերային խնդիրները, որոնց այսօր կ՚առերեսուի նաեւ լիբանանահայ համայնքը: Վերոնշեալ հարցերը պարբերաբար կը քննարկուին, հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ կը ձեռնարկուին աջակցութեան որոշակի քայլեր, որոնց մէկ մասին հանրութիւնը կը տեղեկացուի: Լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ երկրի հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն հետ իմ փոխյարաբերութիւններուն զուգահեռ, ես անձամբ մշտական կապի մէջ եմ Լիբանանահայ համայնքի կրօնական, քաղաքական ու հասարակական շրջանակներու ղեկավարներուն հետ։ Պարբերաբար կը քննարկուին համայնքին առնչուող հարցեր։ Բացառութիւն չեն նաեւ վերջին օրերու միջադէպերը։ Հարց. Վերջին օրերու միջադէպեր ըսելով նկատի ունիք Պէյրութի մէջ կասկածելի անձերու կողմէ կազմակերպուած թրքական դրօշներով հաւա՞քը, որու ծիրէն ներս թիրախաւորուեցաւ լիբանանահայ հաղորդավար, եւ հրապարակ նետուեցան հայերու դէմ ատելութիւն եւ միջցեղային անհանդուժողականութիւն սերմանող կարգախօսեր։
Թէեւ այս հիւրընկալ հողին վրայ հայկական ներկայութիւնը ունի դարաւոր պատմութիւն, լիբանանահայ համայնքը յայտնի չափով ցեղասպանութեան հետեւանք է, եւ ատելութեան խօսքի իւրաքանչիւր նշանակալից դրսեւորում առանձնայատուկ մտահոգութեան տեղիք կու տայ։ Կրօնական, ազգային, ցեղային խտրականութիւն ու ատելութիւն պարունակող որեւէ խօսք սպառնալիք կը ներկայացնէ առաջին հերթին բարեկամ Լիբանանի ներքին կայունութեան, պետական կառուցուածքի եւ հասարակական համակեցութեան հիմնարար արժէքներուն, եւ վստահ եմ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը եւ հանրութիւնը, եւ ոչ միայն լիբանանահայութիւնը, խստօրէն պիտի հակազդեն նման որեւէ դրսեւորումներու դէմ։ Այդ նոյն տրամաբանութիւնն էր Լիբանանի հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու՝ ՍԴՀԿ, ՀՅԴ եւ ՌԱԿ համատեղ յայտարարութեան հիմքը, ինչ որ ինքնին խորապէս գնահատելի եւ ողջունելի երեւոյթ է:
Աւելցնեմ, որ համայնքին մէջ խուճապային տրամադրութիւններ չկան, դեսպանութիւնը իր հերթին, մշտական կապի մէջ է համայնքային բոլոր կառոյցներուն հետ եւ պիտի շարունակէ հետեւիլ հետագայ զարգացումներուն։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *