Յարգելի ընթերցող,
Յոյսով եմ, որ լաւ էք, առողջ եւ երջանիկ:
Վերջին ամիսներուն «Թագաժահր» — «Քօրօնավիրուս» համաճարակը շատերու վրայ է ազդած այս աշխարհի մէջ, անկախ այն բանէն, թէ իրականութիւնն ինչ է՝ ան մարդոց վրայ ազդած է ֆիզիկապէս, հոգեպէս եւ ֆինանսապէս:
Ես կ՛ուզեմ ձեր հետ կիսուիլ իմ նկարով՝ այս թեմայի վերաբերեալ:
Ինչպէս գիտէք, երբ երեխայ էինք, մեզմէ ոմանք արեւածաղիկներով «ապրիլ-մեռնիմ» կը խաղային, մանաւանդ մէկով, որու միջոցով կը գուշակեինք ապագան, ապրելու մասին:
«Աբրիմ-մեռնիմ» ըսելով եւ պոկելով ծաղկի ծաղկաթերթերը, մենք կը փորձէինք գուշակել ապագան, արդեօ՞ք մենք կ՛ապրինք, թէ՞ կը մեռնինք:
Մանկական զգացողութիւններ կար ատոր մէջ, անմեղ պահեր:
Հիմայ, տասնամեակներ ետք եւ բոլորովին այլ իրավիճակի մէջ, ան եկաւ յիշողութեանս մէջ, եւ ես զայն օգտագործեցի միտքս արտայայտելու համար:
Կը մաղթեմ ձեզի քաջ առողջութիւն, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն:
Զարեհ