Մայր Աթոռի պաշտօնեայ։ Ամեն անգամ երբ կը մտաբերենք գարեգին բ ծայրապետի խօսնակի մասին, մեզ օգնութեան կը հասնի Ջիւանը իր ստախօսը բանաստեղծութեամբ.-
Ստախոսի ջրով փլավ եփողը
Փորը բան չի մտնիլ, քաղցած կմնա,
Նրա սուտ խոստումին հավատացողը
Բնավ չի բարձրանա, միշտ ցած կմնա։
Լուսնին հաչող շունը չի դառնալ որսկան,
Ոչ է՛լ քամի վռնդողը՝ դերասան,
Ստախոսը եթե լինի փաստաբան,
Պաշտպանվածը բանտում պառկած կմնա։
Ինչո՞ւ այս յիշեցումը։ Որովհետեւ, ինչպէս բոլոր խօսնակները, այնպէս ալ մեր Վահրամիկը պէտք է ստէ, որպէսզի վարձատրուի իր մեծաւորին կողմէ։ Եթէ ազատ աշխարհի պետական այրերու խօսնակները կը ստեն, անոնք աշխարհական են, իսկ Վահրամիկի պարագային, ան ձեռնադրուած եկեղեցական է, …
Լաւ, պահ մը ենթադրենք, որ չի ստեր, ինչպէս ինքը պիտի ըսէր։ Հապա ինչո՞ւ ամէն անգամ երբ հեռատեսելի կայաններու հետ իր ունեցած հարցազրոյցներու ընթացքին տրուած հարցումէն խոյս տալու նպատակաւ միշտ ալ կը կրկնէ նոյն հանկերգը, թէ՝ «ինք չի փափաքիր այլոց մակարդակին իջնել»։
Ցաւդ տանեմ քո, Վահրամիկ, մի իջներ այլոց մակարդակին, դուն անոր արժանի չես։ Դու վերջապէս, ինչպէս պիտի ըսէին արաբները, «իշխանին շունն ալ իշխան է»։ Ու դուն որպէս խօսնակը ամենայն վայոց ծայրապետին, նոյնքան բարձր դիրքերու վրայ կը գտնուիս։ Մնայ հոն մինչեւ ներքեւ գլտորուիս քո մեծաւորիդ ձեռքէն բռնած։
Շատ բարի, մի փափաքիր իջնել այլոց մակարդակին։
Հոս պիտի չխօսիմ տասն եւ հինգ միլլիոն դրամի մասին։ Գիտես թէ ինչի մասին է խօսքը։ Այլ պիտի անդրադառնամ հեռատեսիլով շրջագայութեան մէջ դրուած մեծաւորիդ ապօրինի ունեցուածքների մասին, որոնց հաղորդ դարձաւ ողջ հայութիւնը։
Իմ հարցումս քեզի, ինրո՞ւ չի հերքեցիր եւ կամ ինչո՞ւ չընդունեցիր։ Կ՚ըսուի թէ, լռութիւնը ոսկի է։ Սակայն ոչ միշտ։ Շատ յաճախ հաւանութեան նշան է, սակայն քո պարագային, կը ներես՝ ամբարտաւանութիւն։
Վահրամիկ ջան, երկու տարուայ ընթացքին ճերմակել են մազերդ, ինչպէս պիտի ըսէր բանաստեղծը։ Յուսամ, որ երկու տարի ետք, երէցկինդ ու սիրասուն զաւակներդ քեզ բերդում այցելելու դժբախտութեան չեն արժանանար։
Շուրջդ չես դիտե՞ր։ Մամուլէն տեղեակ չե՞ս մնար։ Հեռատեսիլէն ականատես չե՞ս ըլլար, երբ նախկին իշխանութեան պարագլուխները տօմինոյի քարերու նման իրար ետեւէ կ՚իյնան, ինչպէս որ ինկաւ Պեռլինի պատը։ Քու մեծաւորդ, որ անցնող քսան տարիներուն մեղսակից էր Հայաստանի ժողովուրդին արիւնը քամած գող աւազակներուն, ինչո՞վ կարող ես արդարացնել զինք։ Եթէ այսօր անոնցմէ ոմանք բերդը կը վայելեն, վաղը վայելքի հերթը պիտի հասնի «իշխանին ու իշխանի շունին»։ Ու, Ազգային յեղափոխական երգի բառերով պիտի երգենգ- «Բանտիս դըռնե՜՜՜՜րն, էին եօթը, ելքերո՜՜՜՜վ, ելքերո՜վ, …»։
Զարթնիր Վահրամիկ զարթնիր, էդ խոր քնիցդ։
Յարգանքներով՝
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ