ԳՐԵՑ՜ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
Այս համարի նիւթերուն լեզուական, իսկ Տէր Զաւէն աւագ քահանայի՝ Կարսի անկման մասին գրութեան պատմագիտական սխալները անտեսելով, անդրադառնամ երկու երեւոյթի այս թիւին մէջ:
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան ստորագրութեամբ կը սկսի առաջնորդող յօդուածը Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի շատ ծանր վիճակի մասին: Հոն նաեւ կոչ կ՛ուղղուի բոլորին, յատկապէս նախկին աշակերտներուն եւ շրջանաւարտներուն՝ մասնակցելու հանգանակութեան՝ «փրկելու վարժարանը անխուսափելի վախճանէ մը»:
Ստորութիւնն ալ չափ ու սահման պէտք է ունենայ, սակայն այս կոչը նոյնիսկ ստորութիւն կարելի չէ կոչել, այլ այնպիսի բացասական երեւոյթ մը, որուն ճիշդ բառը դեռ չունի մեր լեզուն:
Հոլիուտ-Լոս Անճելոսի մէջ ԹՄՄ-ի Արշակ Տիգրանեան վարժարանը ԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՎԱԽՃԱՆԻ տարած նոյն կոտալազեանները անամօթաբար կը գրեն ԹՄՄ-ի մէկ ուրիշ վարժարանը փրկելու մասին, եւ դեռ՝ վերջինիս փրկութեան համար 60 հազար տոլար ղրկած ըլլալնին կը շեփորեն, մինչդեռ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի վաճառքէն նոյն ստահակները գրպանեցին 14 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԸ գերազանցող գումար մը, որմէ փշրանք մը ահա կը ղրկեն Պէյրութ՝ այդ ալ աշխարհով մէկ յայտարարելով: Նմաններու երեսին կը թքէի՝ եթէ անոնք ամօթի հիւլէ մըն իսկ ունենային:
Այս թիւին մէջ յիշարժան երկրորդ երեւոյթը պարոն Վարդգէս Գուրուեանի գրութեան մէջ քննադատութիւնն է իր կուսակցական շեֆերէն Յակոբ Աւետիքեանին՝ ԱՌԱՆՑ ԱՆՈՐ ԱՆՈՒՆԸ ՏԱԼՈՒ:
Արդարեւ, Աւետիքեան Հ. Հ.ի երկ-րորդ նախագահ, գող-աւազակ-մարդասպան Ռոպերթ Քոչարեանի արգելափակման մասին իր մէկ կեղտագիրին մէջ կը պաշտպանէր այդ արարածը՝ յիշեցնելով, թէ ան Արցախի ազատագրական պատերազմին հերոսութիւններ կատարած էր (sic !): Վարդգէս Գուրուեան համաձայն չէ Աւետիքեանի այս գնահատականին եւ կը գրէ.
«Տակաւին վերջերս հայ մամուլի մէջ հետեւեալ միտքը կարդացի Ռոպերթ Քոչարեանի արգելափակման մասին»: Պարոն Գուրույեան չի տար անունը այդպէս գրած «հայ մամուլ»ին, որը իր կուսակցական ողորմելի շեֆ Յակոբ Աւետիքեանի խմբագրած «Ազգ» շաբաթաթերթն է: Կա՛մ պարոն Գուրույեանին ուղեղը չորցեր է եւ յիշողութիւնը անհետացեր անկէ, կա՛մ ալ տղամարդկութիւն չունի յականէ յանուանէ քննադատելու իր ղեկավար ընկերը, որ նաեւ «Պայքար»ի խմբագրական կազմի անդամ է: Ո՞ւր է տղամարդկութիւնը ձեր մէջ: Ո՞ւր է ժողովրդավարութիւնը (ձեր սիրած բառով՝ ռամկավարութիւնը) ձեր մէջ:
Զարմանալի է նաեւ, որ Գուրույեան ինքզինք «փաշինեանական» կը յայտարարէ: Նոյն «Պայքար»ը եւ ՌԱԿ-ի պառակտեալ թեւերէն իր ղեկավարած Գերագոյն Խորհուրդը առիթը չեն փախցուցած նշաւակելու Նիկոլ Փաշինեանը: Սակայն, ո՜վ զարմանք, այս արարածները վերջին շաբաթներուն յանկարծ սկսած են «փաշինեանական» դառնալ…
Հայ ժողովուրդը, մասնաւորաբար Հայրենիքին մէջ, այդ երեւոյթը կը բնորոշէ թրքերէն բառով մը, որը յիշատակելէ զերծ կը մնամ բարոյական պատճառներով եւ որը ուղղակի կ՛առնչուի … կոկորդա-ստամոքսա-աղիքային ուղիին հետ:
Այս անգամ՝ այսքանը:
Գէորգ Եազըճեան
Երեւան, 21 յունիս 2020-ի գիշեր