Ժամանակակից աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներ ստիպուած պիտի ըլլան ծունկի գալ իրենց իշխողներու, պետութիւններու եւ հասարակութեան վայրագութիւններուն համար: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Տումայի անդամ, Ազատական¬ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկա-վար Վլատիմիր Ժիրինովսքի:
«Այսպէս, սպիտակամորթ ամերիկացիները պէտք է ծունկի գան ո՛չ միայն ափրիկեցի ամերիկացիներուն առջեւ, այլ նաեւ անոնց ոչնչացուցած հնդիկներուն: Բրիտանացիներըհնդիկներուն, չիներուն, ափրիկեցիներուն առջեւ: Պելճիքացիները ափրիկեցիներուն, յատկապէս Քոնկոյի ժողովուրդին առջեւ: Ֆրանսացիներըափրիկեցիներուն եւ վիեթնամցիներուն առջեւ: Գերմանացիներն ու ճափոնցիները ամբողջ աշխարհին առջեւ: Թուրքերըքիւրտերուն եւ հայերուն առջեւ: Արաբները քիւրտերուն: Լեհերը, շուէտները, ֆրանսացիները, գերմա-նացիները եւ մոնկոլներըռուսերուն առջեւ: Պարսիկները դրացի ժողովուրդներուն առջեւ:
«Քաղաքական նկատառումներէ մեկնելով, չին այն պաշտօնատարները, որոնք «մշակութային յեղափոխութեան» տարիներուն ոչնչացուցած են իրենց համաքաղաքացիները, պէտք է ծունկի իջնեն: Ռուս պոլշեւիկները պէտք է ծունկի գան ռուս ժողովուրդին առջեւ այն փաստին համար, որ խորհրդային վարչակարգի 73 տարիներուն ընթացքին անոնք այդքան մեծ տառապանք ու վիշտ բերին:
«Ատիկա պիտի ըլլայ տեսակ մը խոստովանութիւն եւ քաւութիւն միլիոնաւոր մարդոց ոչնչացման համար», գրած է Ժիրինովսքի:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *