Հայաստան ժամանած է ֆրանսացի բժիշկներու նոր խումբը` վերակենդանացման մասնագէտ բժիշկ Լորան Փափազեանի գլխաւորութեամբ:
Խումբը պիտի աջակցի հայ բժիշկներուն «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի ծիրէն ներս:
Փրոֆէսոր Լորան Փափազեան Մարսէյլի Նորտ բժշկական կենդրոնի վերակենդանացման բաժանմունքի ղեկավարն է, Մարսէյլի բժշկական համալսարանի փրոֆէսոր եւ բժշկութեան ոլորտի յայտնի գիտնական:
Փափազեան Ֆրանսայի մէջ «Քոչոնա» ժահրի դէմ պայքարի առաջամարտիկներէն է:
Ժամանած բժիշկները այսօր առաւօտեան արդէն անցած են գործի Երեւանի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնին մէջ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *