«Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս, եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս» (Կողոսացիս 2.8 ):
Հեթանոսաց Առաքեալ Պօղոսի խօսքերն են ասոնք, որոնք ուղղուած են, տիկին Տանձիկ, քեզ նման միամիտ մարդկանց։ Մարդիկ, որոնք հաճոյք կը ստանան իրենց հասցէին ուղղուած շոյաբանութիւններէն։ Մարդիկ, որոնք չեն կրնար զանազանել կեղծիքը իրականութենէն։ Մարդիկ, որոնք կը գինովնան, երբ իրենց կը տրուի պատիւը, որուն այնքան ալ արժանի չեն։
Դո՛ւք, տիկ. Տանձիկ մոլորուած էք Ձեր գովքը հիւսող Գարեգին Կտրիճ Ներսիսյանի «փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով»։
Դո՛ւք, տիկ. Տանձիկ, ուրիշներէ աւելի տեղեակ էք Ձեր պաշտպանեալի կենցաղէն։ Դո՛ւք տեղեակ էք անոր փառամոլութենէն, ընչաքաղցութենէն, անփառունակութենէն, եսամոլութենէն։
Դո՛ւք տեղեակ էք նաեւ, թէ ինչպէս 1999 Հոկտեմբեր 27-ին, Մայր Աթոռը զաւթելէ ետք, ուրացաւ իր կնոջը՝ Խաթունիկի մօրը։
Դո՛ւք տեղեակ էք նաեւ անոր յարաբերութեանց մակարդակը հանգուցեալ Լուիզ Մանուկեան Սիմոնի հետ։
Զո՞րն ասեմ կամ զո՞րն խոստովանիմ. զի անթիւ են յանցանքն Ձեր։
Հետեւաբար տիկ. Տանձիկ, մի փորձէք արդարացնել մէկուն, որ պատմութեան աղբամանին պիտի արժանանայ շուտով։
Կը ցաւիմ, որ տիկ. Տանձիկեանը վերածուեցաւ տիկ. Տանձիկի, Տանձուհիի, շնորհիւ Գարեգին կարիճին։
Ու Սուրբ Աւետարանը Ղուկաս Աւետարանիչի բերնով պիտի ըսէր.- «Զգոյշ եղէ՛ք դուք ձեզի, չըլլայ որ ձեր սրտերը ծանրանան շուայտութեամբ եւ արբեցութեամբ …» (Ղուկաս 21.34):
Յարգանքներով՝
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ
