Ուրբաթ, Յուլիս 3-ին, Լոս Անճելոս / Կլենտէյլի մէջ, AMGA հեռուստակայանով Աբօ Չափարեան հեռուստատեսային հարցազրոյց ունեցաւ Կարպիս Քօրաճեանի հետ:
ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի հեռուստայայտագրի հիւրն էր Կարպիս Քօրաճեան, որ աշխարհի շարք մը կառավարութիւններու կողմէ ճանաչուած էորպէս Համաշխարհային Դրամատան, Գանատական Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան (CIDA), Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան (USAID), Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Զարգացման Գործակալութեան (UNDP) որպէս խորհրդատու իր աշխատանքի համար: Ան նաեւ որպէս խորհրդատու ծառայած է Չինաստանի կառավարութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Արցախի արտաքին գործերի նախարարութեան մօտ։ Ան շրջանավարտ է Հարվըրտի Քենետիի Կառավարութեան պետական կառավարման դպրոցի մէջ, որ կը մասնագիտանայ էթիկական առաջնորդութեան ոլորտի մէջ: Քօրաճեան ամուր միջազգային վիճակացոյց ստեղծած է որպէս Կառավարման Խորհրդատու եւ Դասընթացավար՝ Լաւ Կառավարման, Էթիկական Առաջնորդութեան, Հականեխածութիւն (Հակակոռուպցիոն) Կրթութեան եւ Ընկերային (Սոցիալական) Հաշւետւողականութւան վերաբերեալ: Աբօ Չափարեան ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ հեռուստատեսութեան արտադրիչն է ու հաղորդավարն է։ Ան նաեւ Գործադիր Խմբագիր եւ Գործադիր Հրատարակիչն է ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ եւ USA Armenian Life շաբաթաթերթերու, armenianlife.com կայքէջի, USA Armenian Life Facebook էջի, USA Armenian Life շաբաթական էլեկտրոնային լրագիր, որ կը հեռարձակուի էլեկտրոնային սփռումով գրեթէ քառորդ միլիոն ընթերցողներու հասնելով, սպասարկելով շուրջ 700,000 ընթերցողներու եւ հեռուստադիտողներու:
ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Շնորհակալ եմ պարոն Քօրաճեան այսօր մեր հեռուստա-դիտողներուն միանալու համար:
ԿԱՐՊԻՍ ՔՕՐԱՃԵԱՆ. Կը ցանկամ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի, պարոն Չափարեան եւ ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔին` այս հրաւէրի համար:

ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԹԵՄԱՅԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒՄ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ.
Անկախացումէն ի վեր վերջին 30 տարիներուն Հայաստան ունեցած է 3 նախագահ եւ 1 վարչապետ։
1991 թուականէն մինչեւ 2018 Հայաստան կը ղեկավարուէր նախագահական վարչակազմի կողմէ, որտեղ գործադիր լիազօրութիւններու հիմնական մասը վերապահուած էր նախագահական՝ Գործադիր Իշխանութեան:
Առաջին Նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան ծառայած է 1991-1998 թուականներուն
Ան իշխանութեան եկաւ անկախացումէն անմիջապէս յետոյ:
Հայաստան վերականգնման ընթացքի մէջ էր 1988-ի Սպիտակի եւ Գիւմրիի երկրաշարժէն։
Եւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ տնտեսական ցնցումներու ենթարկուած էր:


Գործարանները ոչ արդարացիօրէն փակուած էին եւ երկիրը կանգնած էր տնտեսական դժուարություններու դիմաց գրանցելով գործազրկութեան բարձր մակարդակ: Այն գործարանները, որոնք ապօրինի կազմալուծուեցան, Իրանի մէջ իրերը վաճառուեցան` որպէս մետաղի ջարդոն: Տէր-Պետրոսեանին ենթադրաբար կոռուպցիայի մէջ էին մտցրել մետաղներու մեծածախ վաճառքի կապակցութեամբ:
1988-1994 թուականներուն Հայաստան մղեց արցախեան ազատագրական պատերազմը եւ յաղթեց: Մինչ հայերը պատրաստ էին Նախիջեւանն ալ ազատագրելու Ատրպէյճանէն, ըստ հաղորդագրութեանց, Տէր-Պետրոսեան սաբոտաժի ենթարկեց այդ ջանքերը:
1998-ին Տէր-Պետրոսյան հատեց կարմիր գիծը, երբ ան հրապարակաւ պատրաստակամութիւն յայտնեց տարած-քային զիջումներ ընելու Ատրպէյճանի Հանրապետութեան, որ նոր էր կորցրել Հայաստանի դէմ պայքարը:
Ի պատասխան ժողովրդական ուժեղ պահանջներու, պաշտպանութեան այն ժամանակուա նախարար Վազգեն Սարգսեան ստիպեց Տէր-Պետրոսյանին հրաժարիլ: Վարչապետի պաշտօնակատար Ռոբերտ Քոչարեանն ընտրուեցաւ Հայաստանի 2-րդ նախագահ:

2-րդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան ծառայել է 1998-էն 2008
Պր. Քոչարեան ղեկավարեց Հայաստան երկաթե բազուկով: Ան պատասխանատու էր 10 խաղաղ քաղաքացիներու սպանութեան գործին մէջ Երեւանի մէջ։ Քոչարեանի օրոք Օլիգարխիկ համակարգը, որ ստեղծուած էր Առաջին Նախագահ՝ Տեր-Պետրոսյանի օրոք շարունակուեցաւ ծաղկիլ:

3-րդ նախագահ Սերժ Սարգսեան ծառայեց 2008-էն 2018
Երկրորդ եւ երրորդ նախագահները իշխանութեան եկան ընտրակեղծիքներու, քուէներու կեղծման եւ ահաբեկման միջոցով:
Սարգսեան փոխարինեց Քոչարեանին եւ կառավարեց երկիրը ամբողջական տեռորով: Ան ստեղծեց 25000 ոստիկանական ուժ: Անոնք կþօգտագործէին դաժան ոյժ՝ խաղաղ ցույցերը չեղարկելու համար։
Նախագահ Սարգսեանի օրոք Կոռուպցիան, նեպոտիզմը եւ սխալ կառավարումը շարունակեցին ծաղկիլ Հայաստանի մէջ:
2018-ին Ռուսաստանի նախագահ՝ Պուտինին ընդօրինակելու համար ան Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկեց` գործադիրի լիազօրությունները Վարչապետի գրասենեակ յանձնելու համար։ Անոր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ընտրեց որպէս Վարչապետ: Սարգսեան կþուզէր հավերժացնել իր իշխանութիւնը:
Վարչապետի պաշտօնին «ընտրուելէ մէկ շաբաթ ետք, Սարգսեան հրաժարական տուաւ քաղաքացիներու ճնշման տակ եւ Սփիւռքի լայն շրջանակներու լուռ աջակցութեամբ:

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Որո՞նք են այն գործոնները, որոնք Հայաստանի մէջ փոփոխութիւններ բերին եւ ի՞նչքան կարեւոր է, որ Հայաստան շարունակէ բարեփոխումներու արշաւը։
ԿԱՐՊԻՍ ՔՕՐԱՃԵԱՆ. Փոփոխութիւնը բերուեցաւ Հայաստանի մէջ՝ անողոք առաջնորդներու նկատմամբ քաղաքացիներու դժգոհութեան, ընտրակեղծիքներու, կառավարման գրեթէ ամբողջ ոլորտի նեխածութեան («կոռումպացուածութեան»), հարստութեան անարդար բաշխման, գործազրկութեան բարձր մակարդակի, դատական համակարգի անարդարութեան, մարդու իրաւունքներու ոտնահարման, ցոյցերու միջոցով իրենց բողոքը արտայայտելու եւ փոխանցելու անկարողութեան պատճառով:
2008թ. Մարտի 1-ին, 10 խաղաղ քաղաքացիներու սպանութիւն եւ խաղաղ քաղաքացիներու շարունակական ծեծ եւ ձերբակալում 25,000 զինուած ոստիկանական բանակի կողմէ, որ կը միտէին Սերժ Սարգսեանի նախագահութիւնը պահպանել:
Յուսահատութեան եւ ապրուստ վաստկելու անհնարինութեան պատճառով աւելի քան 1 միլիոն հայեր լքեցին իրէնց սիրելի հայրենի տունը եւ գաղթեցին օտար երկիրներ: Անոնք, որոնք մնացին, կը պայքարին օրուան հացի համար, մինչդեռ բնակչութեան 40%-ը կ՛ապրի աղքատութեան մէջ: Իրէնց քաղաքացիներու աղքատութեան, գործազրկութեան եւ արտագաղթի ֆոնին՝ առաջնորդները եւ օլիգարխները չափէն դուրս զեխ կեանք ապրեցան եւ ապօրինի հարստացան: Նման անխոհեմ գողապետական ղեկավարները հանրային անկարգութիւններու եւ Սարգսեանի կառավարման հնարաւոր պաշտօնակնութեան պատճառ կը հանդիսանային: Գողապետութիւնը նեխած առաջնորդներով կառավարութիւն է, որ իր ուժը կը չարաշահէ, սեփական տարածքի ժողովուրդին եւ բնական ռեսուրսները կը շահագործէ, որպէսզի կարողանայ ընդլայնել իր անձնական հարստութիւնն ու քաղաքական ուժերը:
Դժբախտաբար, նախկին առաջնորդները չէին տեսներ իրէնց ժողովուրդի տառապանքը եւ այն փոփոխութիւնները, որոնք տեղի կþունենային իրենց քաղաքացիներու մտքի եւ սրտի մէջ: Քանի որ բնակչութեան քաղաքական իրազեկուածութիւնը եւ գիտակցութիւնը հասած է աւելի բարձր մակարդակի, յատկապէս 1991էն յետոյ ծնած երիտասարդներու շրջանակներէն ներս, որոնք փոփոխութիւն կը պահանջէին:
Քաղաքացիները կազմակերպուեցան եւ 2018-ի Մայիսին, Սերժ Սարգսեանին պաշտօնէ հեռացուցին: Հետեւաբար, «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը», որ ստեղծուած եւ կազմակերպուած է Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ, այժմ կը զբաղեցնէ կեդրոնական դիրքը հայկական քաղաքականութեան դաշտէն ներս:
2019-ին Նիկոլ Փաշինեանը՝ «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» առաջնորդը, անձ մը, որը երբեւէ չէ առնչուած նեխուածութեան («կոռուպցիայի») կամ իր պետութեան հարստութեան թալանի հետ, ընտրուաւ Վարչապետ՝ բնակչութեան 70% ձայներով:
Ընտրուելէ ի վեր, ան իր կառավարութեան կամզի մէջ նշանակած է աշխատունակ եւ երիտասարդ նախարարներ եւ ներդրած է շարք մը բարեփոխումներ: Ան նշանակած է նաեւ նոր ոստիկանապետ եւ փոխարինած է նախկին զօրավարներուն՝ հայկական բանակէն ներս:
Այնուամենայնիւ, իշխանութիւնը ստանձնելէն յետոյ Փաշինեանի կառավարութիւնը մարտահրաւէրներու բախուած‘ է ցանկալի բարեփոխումը կեանքի կոչելու հարցի մէջ:


Որքան ալ դժուար ու ժամանակատար ըլլայ, այդ բարեփոխումները պէտք է շարունակուին, որպէսզի Հայաստանը գոյատեւէ որպէս ժողովուրդ եւ պետութիւն:
ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ շատ հայեր հարց կուտան թէ «Ինչո՞ւ Փաշինեանի վարչապետ ըլլալու առաջին երկու տարիներուն, ոչ մէկ օլիգարխի արդարադատութեան պատասխանատւութեան չէ ենթարկած: Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԿԱՏԱՐՈՒԻ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՆԵՐԿԱՅ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ։
ԿԱՐՊԻՍ ՔՕՐԱՃԵԱՆ. Առաջին հերթին, Հայաստանի մէջ նշանակալի բարեփոխումները յաջողութեամբ իրականացնելու համար անհրաժեշտ է փոխել Սահմանադրութիւնը:
Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը կառավարութեան կը տրամադրէ անհրաժեշտ օրինական հնարաւութիւնները նեխածութեան դէմ պայքարելու, նեխած նախկին ղեկավարներուն, «օլիգարխներուն», հանցաւոր կլաններու ղեկավարներուն պատասխանատւութեան ենթարկելու համար, եւ կը տեսնենք, որ ներկայ բարեփոխումները յաջող են, քանի որ Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունի արդարօրէն եւ օրինականօրէն ընդդառաջ շարժուիլը եւ արդար հասարակութիւն հաստատելը երկիր մը մէջ, որը հաւասարապէս կը ծառայէ իր բոլոր քաղաքացիներու օգտին:
Սահմանադրութիւնը նախագահական համակարգէն փոխուած է խորհրդարանական համակարգի՝ 2018ի սկզբին, ինչպէս Փութինի պարագային: Հակառակ ընտրութիւններուն չմասնակցելու իր խոստումինՍերժ Սարգսեանը խախտեց իր խոստումը եւ դարձաւ Հայաստանի վարչապետ: Իշխանութիւնը ստանձնելէ մեկ շաբաթ ետքը, Սարգսեան ստիպուած եղաւ հրաժարական տալու՝ ենթարկուելով հասարակութեան ճնշման եւ «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» յաջող արդիւնքին, զոր կը գլխաւորէր Փաշինեանը: Սերժ Սարգսեանի հրաժարականէն յետոյ Փաշինեան դարձաւ Վարչապետ: Քանի որ նոր սահմանադրութիւնը մտայղացուած էր Սարգսեանի իշխանութեան գլուխ պահելու համար նպաստելով գողապետական կլաններուն«օլիգարխիային» եւ սահմանափակումներ դնելով դատական համակարգի եւ այլ բարեփոխումներու առջեւ, ուստի պարտադիր եւ կենսական է, որ ան փոխուի: Դժբախտաբար, Փաշինեանի իշխանութիւնը ստանձնելէ ետք, ան բախուեցաւ բազում դժուարութիւններու՝ նշանակալի բարեփոխումներ իրականացնելու ընթացքին: Այդ Սահմանադրութեան պարագային անոր ձեռքերը կապուած էին: Նեխած պաշտօնեաներու հեռացումը, նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, անոնց ընտանիքներու ու ընկերներու հետապնդումը, որոնք պաշտoնավարման ընթացքին ապօրինի կերպով չափազանց հարստացած էին, գրեթէ անհնար դարձած էր: Հայաստանի քաղաքացիները եւ սփիւռքահայերը պէտք է զօրաւիգ կանգնին նոր կառավարութեան եւ օգնեն բարեփոխումներու գործընթացին: Ինչպէս գիտենք, անցեալին, Սփիւռքի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններէն շատերը աջակցած են նախկին օլիգարխներուն: Անոնք պէտք է խելքի գան, դադրին սատարել նախկին նեխած առաջնորդներուն եւ մասնակից դառնան երկրի բարեփոխումներուն:

ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Ըստ տեղեկութեանց, Գարեգին Բ-ն, Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Տէրտէրեան, Մոսկուայի արք. Եզրաս Նեսիսեան, որ Գարեգին Բ-ի արիւնակից եղբայրն է, գաղտնի կազմաւորած են միջազգային գերցանց CARTEL «քարտել» մը, որ ներգրաւուած պետական մակարդակի գողապետական համակարգէ ներս, նաեւ խթանած է գողապետական համակարգ Հայ Եկեղեցիէն ներս։ Ապրիլ 14-ին Գարեգին Բ-ն փորձեց օգտագործել Քոչարեանի «ազատութեան» քարտը իր յանցանքները ծածկելու համար: Նոյն պատկերացումով գործարար Գագիկ Ծառուկեան այժմ կ'օգտագործէ կառավարութեան հրաժարականը պահանջելու քարտը՝ սեփական անդիպչելիութեան կարգավիճակը պահպանելու համար: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը։ ԿԱՐՊԻՍ ՔՕՐԱՃԵԱՆ. Վերջին 20 տարիներու ընթացին Գարեգին Բ-ն եւ անոր քրէական գերցանցը («քարթելը»), ներառեալ՝ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Տէրտէրեանը, Մոսկուայի արք. Եզրաս Ներսիսեան, Ֆրանսայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեան, Գերմանիոյ առաջնորդ Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեան, սերտօրէն համագործակցած է Ռոբերտ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի հետ: Իրականութեան մէջ, յաճախ կþըսուի, որ ան ներգրաւուած է մեր քաղաքական առաջնորդներու սպանութեան մէջ, որ տեղի ունեցած էր 1999-ի Հոկտեմբերին Հայաստանի խորհրդարանէն ներս: Խորհրդարանի մէջ ղեկավարութեան սպանութեան նոյն օրը, Գարեգին Բ-ն դարձաւ համայն հայութեան պատրիարք: Որպէս Կաթողիկոս, իր 20 տարիներու ընթացքին, ան երկաթէ բռունցքով ղեկավարած է մեր եկեղեցին եւ չափազանց հարստացած է: Ոչ միայն ան չափազանց հարուստ դարձած է, այլ անիկա երբեք չէ պաշտպանած կամ չէ փորձած միջնորդել, երբ ոստիկանութիւնը ծեծի կ'ենթարկէր, կը ձերբակալէր եւ կը սպանէր խաղաղ բնակիչները: Իր հանցաւոր պահուածքի պատճառով Հայաստանի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս կայ ակտիւ շարժում մը, որ կը պահանջէ անոր հրաժարականը: Իր յանցանքները քողարկելու եւ իրեն ուղղուած ուշադրութիւնը շեղելու համար, ան օգնութեան եկաւ իր հին նեխած ընկերոջը՝ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանին: Դժբախտաբար, 2 շաբաթ առաջ Ռոբերտ Քոչարեանին ազատ արձակեցին բանտէն իր ընտանիքի կողմէ տրուած երկու միլիոն տոլար արժողութեամբ պարտատոմսի դիմաց: Ինչ կը վերաբերի Ծառուկեանին, ապա անձեռնմխելիութիւնը կորսնցնելէն ետք ան ներկայացաւ դատարան՝ տեղեկանալու իրեն առաջադրուած մեղադրանքներու մասին՝ հարկերէն խուսափելու եւ կառավարութեան խաբելու վերաբերեալ: Դատարանի մէջ յայտնուելէ ետք, ան շուտով ազատ արձակուեցաւ: Ինչպէս կը տեսնէք, չափազանց դժուար է դատապարտել այդ մեծահարուստներուն եւ հզօր մարդկանց, քանի որ անոնք ունին անսահմանափակ ռեսուրսներ եւ ընկերներ բարձր պաշտօններու վրայ: Յամենայն դէպս, Գագիկ Ծառուկեանը միացած է Սերժ Սարգսեանին, Արթուր Վանեցեանին եւ ՀՅԴ-ին` նոր կուսակցութիւն կազմելու համար: Այս կազմակերպութեան հիմնական նպատակը պարտադիր իշխանութիւն ստանձնելը չէ, այլ բանտէն դուրս մնալն է: Նոր զարգացումներէն ներս, մենք ականատես եղանք նաեւ սահմանադրական այն երեք դատաւորներու հարկադիր պաշտօնանկութեան, որոնք օժանդակած են եւ աջակցած են երկրի նախկին նեխած ղեկավարներուն:
ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Կը հաղորդուի, որ առնուազն երեք կամ աւելի ապօրինի գործողութիւններ կը կատարուին «Գարեգին Բ-Յովնան» կլանի անդամներէ իւրաքանչիւրի կողմէն:
Ահա ցուցակը.

  • Փողերու լուացում;
  • Հարկերէն խուսափում.
  • Խարդախութիւն;
  • Կեղծիք;
  • Դրամական գողութիւն.
  • Թմրեցուցիչներու մագսանենգութիւն.
  • Հաւատացեալներու չարաշահում;
  • Տարեցներու չարաշահում;
  • Ֆիզիկական բռնութիւն;
  • Ահաբեկում;
  • Վարկաբեկում.
  • Սպանութիւն;
  • Կանանց բռնաբարութիւն;
  • Մանկապղծութիւն;
  • Առեւանգում եւ երեխաներու ապօրինի առեւտուր
  • Սեռական ստրկութիւն եւ առեւտուր
  • Անօրինական սեռական գործողութիւններ Տէրտէրեանի, Գարեգին Բ-ի եւ Մոսկուայի Եզրասի նման կուսակրօն քահանաներու/առաջնորդներու կողմէ։
  • Օրէնսդրութեան խախտումներ Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Սուրբ Աթոռի տարբեր թեմերուեւ ծուխերու մէջ, Տէրտէրեանի, Գարեգին Բ-ի, Մոսկուայի Եզրասի եւ իրենց աշխարհական կլանակիցներու կողմէ:
    ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Հին ռեժիմի իշխանութեան վերադարձը արդեօ՞ք ուշադրութեան արժանի բան մըն է, թէ՞ չարժեր նոյնիսկ քննարկել:
    ԿԱՐՊԻՍ ՔՕՐԱՃԵԱՆ. Չնայած հին ռեժիմը ԵՐԲԵՔ չի վերադառնար իշխանութեան, բայց անոնք կը պայքարին, որպէսզի խուսափին բանտէն:
    ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Արդեօ՞ք Ռուսաստանն ու Արեւմուտքը գոհ են Հայաստանի առաջընթացէն, թէ՞ մենք պէտք չէ մտազբաղ ըլլանք ո՛չ Արեւելքեան եւ ո՛չ ալ Արեւմտեան արեւելումով«Օրիանտացիայով», այլ պէտք է ամրապնդենք հայկական արեւելում «օրիանտացիա»։
    ԿԱՐՊԻՍ ՔՕՐԱՃԵԱՆ. Հայաստանը պէտք է մշակէ եւ զարգացնէ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ հաւասարակշռուած, կարգաւորուած քաղաքականութիւն վարելու ռազմավարութիւն մը:
    Հաշուի առնելով այն փաստը, որ Ռուսաստանի մէջ կ՛ապրի աւելի քան 3 000 000 (երեք միլիոն) հայ (Ռուսաստանի մէջ աւելի շատ հայեր կ՛ապրին, քան Հայաստանի մէջ) ԱՄՆ-ի մէջ‘1,500,000 միլիոն, իսկ Եւրոմիութեան պլոքի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ եւս մեկ միլիոն հայ մարդ), Հայաստանը պէտք է զարգացնէ եւ պահպանէ հաւասարակշռուած յարաբերութիւններ ինչպէս Արեւմուտքի, այնպէս ալ Արեւելեան պլոքի հետ՝ ստեղծելով Անկողմնակալ/Չեզոք Քաղաքականութիւն:
    ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Ո՞րն է Անկողմնակալ/Չեզոք Քաղաքականութիւնը:
    ԿԱՐՊԻՍ ՔՕՐԱՃԵԱՆ. «Անկողմնակալ/Չեզոք Քաղաքականութիւնը» հիմնադրուած է Ջաւահառալալ Նեհրուի, Ժօզէֆ Թիթոյի, Քամալ Ապտել Նասըրի, Կվամ Նկրումայի եւ Ինդոնեզիայի Սուկարտոյի կողմէն: Այս շարժման նպատակն է մերժել իրենց երկրները որեւէ պլոքի կամ դաշինքի հետ միաւորելը, մասնաւորապէս այն երկրներու հետ, որոնք Սառը պատերազմի տարիներուն կը ղեկավարէին Միացեալ Նահանգները կամ Խորհրդային Միութիւնը:
    Այս քաղաքականութիւնը կը խրախուսէր փոխադարձ յարգանքը իրար նկատմամբ, ինքնիշխանութեան, ոչ-նախայարձակման, ոչ-միջամուխ ըլլալու իւրաքանչիւր երկրի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Հնդկաստանի «Անկողմնակալ/Չեզոք Քաղաքականութեան» շնորհիւ, ան մինչ օրս շատ լաւ յարաբերութիւններ կը պահէ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի հետ:
    Խօսելով Ռուսաստանի մասին, մենք պէտք է հաշուի առնենք, որ Հայաստանը 1921-1991 թուականներուն, Խորհրդային Միութեան մաս կը կազմէր, միութիւն, որ գոյութիւն ունէր աւելի քան 50 տարի: Այդ փաստը նկատի առնելով եւ Ռուսաստանի հետ հարեւանութենէն՝ Հայաստան պէտք է սերտ յարաբերութիւններ պահպանէ Ռուսաստանի հետ եւ պէտք է դիտուի որպէս անկախ երկիր:
    ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Ինչո՞վ կը տարբերուի Ուքրանիոյ «Նարնջագոյն Յեղափոխութիւնը» Հայաստանի «Թաւշեայ Յեղափոխութենէն»:
    ԿԱՐՊԻՍ ՔՕՐԱՃԵԱՆ. Ուքրանիոյ «Նարնջագոյն Յեղափոխութիւնը» մերժեց Ռուսաստանի ազդեցութիւնը իրենց երկրի վրայ եւ պաշտօնէ հեռացուց նախագահ Վիկտոր Եանուկովիչին՝ Ռուսաստանի հետ սերտ կապեր ունենալու համար եւ զայն փոխարինեց արեւմտամետ նախագահով մը: Ատիկա բռնի էր: Հազարաւոր խաղաղ քաղաքացիներ վիրաւորուած էին, իսկ 70-ը՝ զոհուած:
    Հայաստանի «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը» չէր թիրախաւորած Ռուսաստանի ազդեցութիւնը, այլ խաղաղ շարժում մըն էր, որը կը պահանջէր արդարութիւն եւ իր քաղաքացիներու հանդէպ հաւասար եւ արդար վերաբերմունք, ներառեալ Սերժ Սարգսեանին պաշտօնէն հեռացում:
    Ուքրանիոյ Յեղափոխութիւնը հակառուսական բնոյթ ունէր, իսկ Հայաստանի «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը» երբեք հակառուսական չէր: Հետեւաբար, Ռուսաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունի հասկնալ այս իրողութիւնը եւ զերծ մնալ նախկին նեխած ղեկավարներուն օգնելէն: Ռուսաստանը նոյնպէս պէտք է նայէ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, զանոնք համարէ որպէս ներքին հարց եւ ոչ թէ Ռուսաստանի Դաշնութեան նկատմամբ թշնամական շարժում մը:
    Ինչ կը վերաբերուի Արեւմուտքին, ներառեալ Միացեալ Նահանգներուն, ապա այդ երկրները պէտք է հասկնան ժողովրդավարական պետութիւն հիմնելու համար կենսական՝ Հայաստանի ներքին բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը: Հետեւելով Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մըրքելի եւ Ֆրանսայի Նախագահ Էմանուել Մաքրոնի օրինակին, Եւրոմիութիւնը պէտք է կեդրոնանայ Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումներուն աջակցելու վրայ: Եթէ ժամանակը գայ, Հայաստանը նոյնպէս կը քննարկէ Եւրոմիութեան անդամակցելը:
    Ինչ կը վերաբերի մեր յարաբերութիւններուն այլ կարեւոր երկիրներու հետ, ինչպիսիք են Չինաստանը եւ Հնդկաստանը, մենք անոնց հետ նոյնպէս պէտք է լաւ յարաբերութիւններ հաստատենք: Նկատի ունենալով տնտեսական եւ սոցիալական նախատիպերը՝ այս երկրներու հետ համագործակցիլը Հայաստանին կը դարձնէ ուժեղ պետութիւն: Օրինակի համար, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմեն Սարգսեան վերջերս Չինաստանէն հրաւիրած է 50 բարձր մակարդակի գործարարներու՝ տնտեսական համաժողովին մասնակցելու համար, որ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ 2020ի Հոկտեմբերին:
    ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Ո՞րն է յաջորդ փուլը Հայաստանի եւ հայկական Սփիւռքի համար:
    ԿԱՐՊԻՍ ՔՕՐԱՃԵԱՆ. Հայաստան անցումային իրավիճակի մէջ է: Անհրաժեշտ է քաղաքացիներու եւ Սփիւռքի աջակցութիւնը: Հայաստան պէտք է նաեւ լաւ յարաբերութիւններ զարգացնէ բոլոր բարեկամ երկրներու հետ եւ կեդրոնանայ ներկայիս բարեփոխումներու վրայ: Ան պէտք է գրաւէ օտարերկրեայ անմիջական ներդրումներ‘ Հայաստանը համակարգչային եւ այլ գիտական տեխնոլոգիաներու կեդրոն դարձնելու համար, խրախուսելու զբօսաշրջիկութիւնը եւ պէտք է գործարանները բանայ` իր բնակչութեան համար աշխատանք ապահովելու համար: Ուստի սփիւռքահայերը պէտք է ակտիւ դերակատարութիւն ունենան իրէնց հայրենիքի զարգացման գործի մէջ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *