ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Վանի Սուրբ Կոյսեր հայկական մենաստանի հարցը հասցուց Թուրքիոյ խորհրդարանի օրակարգին վրայ։ Վանական համալիրը կը շարունակէ թիրախ դառնալ գանձախոյզներու եւ աստիճանաբար կը քանդուի։ Հայ պատգամաւորը յիշեցուց, որ 16րդ դարու կառոյցը ապաստան տուած է շուրջ 300 կոյսերու եւ տարա-ծաշրջանին մէջ եղած է կարեւոր կրթական կեդրոն։
«Ճարտարապետական իմաստով կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այս կառոյցը գանձախոյզներու գործունէութեան եւ իշխանութիւններու անտարբերութեան պատճառով՝ Վանի եւ շրջակայքի պատմամշակութային այլ կոթողներու նման, կը քանդուին», նշեց ան։
Փայլան խորհրդարանին ճամբով մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարին տուաւ հետեւեալ հարցումները.
- Պարզուա՞ծ է արդեօք, թէ որոնք են գանձախոյզները. անոնք իրաւական հետապնդումի ենթակա՞յ են։
- Ինչո՞ւ ձեր նախարարութիւնը պահպանութեան տակ չ՛առներ մենաստանը եւ Վան նահանգին մէջ գտնուող քրիստոնէական պատամական միւս կառոյցները։
- Մենաստանի վերակառուցման ուղղութեամբ որեւէ աշխատանք կը ծրագրէ՞ք:
- Կազմուա՞ծ է Վան նահանգին մէջ գտնուող եւ հայերու կողմէ կառուցուած մենաստաններու, եկեղեցիներու եւ մշակութային կառոյցներու ցանկը։
- Հայերէն մնացած մշակութային հետքերու ոչնչացումը մինչեւ այսօր պետական քաղաքականութիւն եղած է։ Կը մտածէ՞ք արդեօք որեւէ փոփոխութիւն մտցնել այս քաղաքականութեան մէջ։