Առիթով մը, հրատարակիչ, հրապարակախօս Անդրանիկ Ծառուկեան Երուսաղէմ կ՛այցելէ ու հանդիպում կ՛ունենայ այդ օրերու Հայոց պատրիարք Եղիշէ արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հետ։
Ջերմ զրոյցի ընթացքին, Ծառուկեան դիմելով Սրբազան պատրիարքին հարց կու տայ. — Սրբազա’ն, կ՛ըսուի թէ կին ու զաւակ ունիք։
Առանց պատասխանելու, պատրիարքը ներս կը կանչէ կին մը ու պատանի մը, որոնք ներս գալէ ետք, պատրիարքը զիրենք կը ներկայացնէ հիւրին։
— Պարո՛ն Ծառուկեան , ահա՛ կինս ու զաւակս։
Անդրադառնալով լուսահոգի Եղիշէ պատրիարք Տէրտէրեանի արկածախնդրութիւններուն, կը յիշեմ այլ դրուագ մը, որուն ծանօթ են 1956-ին Անթիլիասի մայրավանքը լքող դասալիք հոգեւորականները։
Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա.ը, վրդոված՝ (շնորհիւ Քա Քէ Պէյի) Անթիլիասի մէջ առնուած որոշումէն, իրեն ընկերակցող հայաստանեան պատուիրակութեան ու դասալիք հոգեւորականներուն հետ կը մեկնի Երուսաղէմ՝ նախագահելու եպիսկոպոսական արտահերթ ժողովին։
Ժողովի ընթացքին, երբ ըստ օրակարգին պիտի քննարկուէր կուսակրօն հոգեւորականներու ամուսնութեան հարցը, ժողովի ատենապետ Եղիշէ պատրիարք անմիջապէս կը միջամտէ ու դառնալով Վեհափառին՝ կ՛ըսէ.
— Վեհափա՛ռ, մենք այդ հարցին լուծում գտած ենք։ Ու՝ վե՛րջ։
Հիմա, այս տողերը կարդացող անձինք, որոնց համար գրուածը նորութիւն է, ինչ կ՛ուզեն թող մտածեն։ Փաստը կը մնայ փաստ։
Կան նաեւ օրինակներ Ս. Էջմիածինէն։ Երջանկայիշատակ Գէորգ Զ. կաթողի-կոսին, այդ օրերուն դեռ վարդապետ, երբ կ՛առաջարկուի եպիսկոպոսութիւն, կը տեղեկացնէ այդ օրերու կաթողիկոսին՝ իր սիրահար ու զաւակներ ունենալու մասին։
Տիրան արքեպիսկոպոս Կիւրեղեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը ձգձգուեցաւ սիրահար ու զաւակներ ունենալուն պատճառաւ։
Ինչ կը վերաբերի ներկայ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, վերեւը նշուած հոգեւորականներուն քաջութիւնը չունի, հրապարակաւ յայտարարելու իր սիրահարի ու իր սիրուհիին հետ իր կապէն ծնունդ առած իրենց դստեր մասին։
Քաջութիւնը չունի յայտարարելու, որ հանգուցեալ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի հետ իր յարաբերութիւնը երբէք կապ չունէր «մօր եւ զաւակի» միջեւ եղող յարաբերութեան հետ։
Քաջութիւնը չունի այպանելու ու կարգալոյծ հռչակելու Մայր Աթոռի «ծառայութեան լծուած» միասեռական, մանկապիղծ (առաջին հերթին իր աղբ-երը՝ Եզրասը) ու տնաքանդ հոգեւորականները։
Այս բոլորէն ետք, իր քաջութիւնը կը կայանայ դրամաշորթութեան մէջ՝ «գերի դարձնելով մարդկանց իր աշխարհիկ փիլիսոփայութեան ու փուճ խաբէութեան, …» (Կողոսացիս 2.8 ):
Կը կայանայ նաեւ այն բանին մէջ, որ կարգալոյց կը հռչակէ անբասիր նկարագրով հոգեւորականներուն, որոնք ցոյց կուտան իր աչքին գերանը։
Այս օրերու Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը դատարկամտութեամբ զբաղած է։ Ան լծուած է մօտիկ անցեալի իր գործընկերները՝ Ռոպերթը, Սերժիկը եւ միւսները պաշտպանելու աշխատանքին, այն մտահոգութեամբ, որ հերթը իրեն է հասնելու։
Այս հարցին մէջ ան սխալած չէ, շատ ճիշդ է։
Յարգանքներով՝
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ
Յ.Գ. – Անհատը արժէք է՝ երբ իր անձէն վեր ընդհանրականին մէջ կը տեսնէ գերագոյն արժէքը: Հաւաքականութիւն մը նահանջի ճամբան կը բռնէ, եթէ զինք բաղկացնող անհատները իրենց անհատական շահերը գերիվեր դասեն ընդհանրական շահերէն:
Արամ Ա. Կաթողիկոս
