«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» շաբաթաթերթի խմբագիր պրն. Աբօ Չափարեան Յուլիս 9, 2020-ին AMGA հեռատեսիլի կայանէն հարցազրոյց մը ունեցած է պրն. Ոսկան Մխիթարեանի հետ, որու թեման էր «Գողապետութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւոռքի մէջ ու Հայաստանեաց Առաքելական եկեղեցիէն ներս»:
«Ցաւալի է, որ եկեղեցին՝ փոխանակ ըլլալու բարոյականութեան լաւագոյն օրինակը, այսօր կանգնած է այս գողապետութեան բարձրագոյն գագաթին», ըսաւ պրն. Մխիթարեան:
Օրինակները ցաւոք բազմաթիւ են.
«Մոսկուայի հայ եկեղեցւոյ առաջնորդանիստ տաճարի շինարարութեան համար կատարուած դրամաշորթութեան պարագան։
«Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութեան կողմէն տասը միլին տոլարի նուիրատութեան առաջարկ եղած էր։ Բայց բացայայտելով, որ Եզրաս արք. Ներսիսեանի նման աւազակներ յայտնուած են, կառավարութիւնը այդ նուիրատւութենէն ետ կանգնած է: Բոլորս ալ տեղեակ դարձանք, թէ ինչպիսի խոշոր գումարներ լուացուեցան եւ քանի մը միլիոն տոլարի շինարարութեան գումարը հասաւ Եօթանասուն միլին տոլարի», նշեց պրն. Չափարեան:
Չափարեան շարունակեց. «Նոյնը եղաւ նաեւ Արեւմտեան Թեմի պարագային, երբ Սբ.Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի շինարարութեան նախնական ծախսերը ներկայացուած էին ոչ աւելի քան չորս-հինգ միլիոն տոլար, բայց յետոյ դարձաւ քսանհինգ միլիոն տոլար, մինչդեռ շինարարութեան մասնագէտներու ներկայացուցած հաշիւներու հիման վրայ, ամենաբարձրորակ կառուցումը քառ. մեթրը՝ ոչ աւելի քան երեք հարիւր տոլարի հիման վրայ, պէտք չէր անցներ ինը միլիոն տոլարը»:
Հեռուստադիտեողներուն ներկայացնելով զրուցակից իր հիւրին, պրն. Չափարեան ըսաւ. «Ինչպէս իր յօդուածներու մէջ լայն կերպով անդրադարձած է պրն. Մխիթարեանը, արդեոք ի՞նչ կարծիք ունի»։
Պրն. Մխիթարեան նմանատիպ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարի վերանորոգման համար կազմակերպուած դրամահաւաքի վերաբերեալ ըսաւ. «Այդ մասին ես բազմիցս գրած եմ եւ յօդուածներէն մէկը կոչած եմ «Դրամահաւա՞ք, թէ՞ Կողոպուտ», ուր մատնանշած եմ գործադրուող մսխումը»։
Պրն. Մխիթարեան նկատած է պրն. Կարապետեանի կողմէ նուիրատուած այն երեսուն միլիոն տոլար գումարը, որ ներկայացուած է Մայր տաճարի վերանորոգման համար: Եւ, չնայած, որ այդ երեսուն միլիոնը մսխուեցաւ, այսօր տակաւին դրամահաւաք կը շարուանկուի: Անշուշտ այս դրամահաւաքը կը գլխաւորէ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Արք. Յովնան Տէրտէրեան:
«Այսօր դրամահաւաք պէտք չէ այլեւս ընենք: Եթէ իշխանական նուիրատւութիւններ գան, պէտք է յատկացուին ուղղակի ժողովուրդին: Ժողովուրդը տնտեսական տագնապի մէջ է հայրէնիքէն ներս, ի սփիւռս աշխարհի, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ: Կը բաւէ այլեւս տաճարներուն վրայ այդքան գումար մսխել»,- կ՛ըսէ պրն. Մխիթարեան:
Չափարեան երկրորդեց ըսելով թէ՝ «Տաճարներու վրայ այդքան գումար մսխելու ծխածածկոյթին տակ Գարեգին Բ, Յովնան Տէրտէրեան, Մոսկուայի Եզրասը եւ անոնց աշխարհականներով կազմուած կլանակիցները գողութիւն կ՛ընեն: Ի՞նչ կը նշանակէ երեսուն միլիոն տոլար ծախսել հինգ միլիոննոց կառոյցի համար… Ի՞նչ կը նշանակէ երկրաշարժի գօտիին մէջը մինչեւ հիմայ թիթեղեայ տուներու մէջ ընտանիքներու բնակուիլը, մինչդեռ կարելի էր այս գումարները ծախսել տանսհինգ հազար ընտանիքներու համար նոր տուներ կառուցելու նպատակին համար»։
Խօսելով Սփիւռքի տարածքին գողապետութեան մասին, յիշուեցաւ նաեւ Սան Տիէկոյի Սբ. Յովաննու Կարապետ Եկեղեցիին, Հոլիուտի Սբ.Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ պարագաները եւ պրն.Տաղլեանի նուիրատութիւնը, դատական գործը եւ այս շարքը շատ երկար է։…
Այս բոլորը կը պատահին միայն այն պատճառով, որ հայ եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը չի պարտաւորուի հաշիւ տալ իր ժողովուրդին։ Կը մոռնան, որ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆ Է, առանց այդ ժողովուրդի մասնակցութեան իրենք միայն հող եւ քար են:
Պրն. Չափարեան նշեց թէ «Հեռուստահաղորդումներու, տպագիր եւ առցանց մամուլի մէջ հնչեցուած բազմազան մեղադրանքներու մասին երբ ամերիկահայեր հարց կուտան Յովնան արք. Տէրտէրեանին «թէ արդէօ՞ք ճշմարիտ են այդ ամբաստանութիւնները»։ արք. Տէրտէրեանին ինք իրեն հովեր տալով անգլերէնով անոնց կþըսէ «we’re not going to stoop to their level»։ Այսինքն՝ «Մենք իրենց մակարդակին պիտի չիյջնենք»։
Բայց ըստ պրն. Մխիթարեանի՝ «Անոնք չեն կրնար պատասխանել, քանի որ ճշմարտութիւնը բացայայտ է: Ի՞նչ պատճառաբանութիւն կրնան բերել, երբ սուտերը բացայայտուած են: Սա կը նշանակէ, որ մենք խակ, տհաս հոգեւոր ղեկավարներ ունինք: Հետեւաբար, ժողովուրդը պէտք է ոտքի կանգնի եւ յստակօրէն պահանջէ ըսելով՝ «Ես եմ եկեղեցին, ես իմ կարեւոր բաժինս պիտի բերեմ այս եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ ղեկավարութեան մէջ»:
«Մենք՝ ժողովուրդս, այսօր հեռացած ենք եկեղեցիէն, որովհետեւ ղեկավարութիւնը զզվանք առաջացուցած է մեր մոտ: Բայց եթէ կ՛ուզենք այս մեր մտահոգութիւնները ձեւով մը ընդհատել եւ պայծառ օրեր տեսնել մեր եկեղեցիական կեանքի մէջ, պէտք է ոտքի ելնենք, ձեռք-ձեռքի տանք, գրաւենք մեր եկեղեցիներու ղեկավարութիւնը եւ անոնք յանձնենք այնպիսի արժանաւոր հոգեւորականներու, ովքեր կը հաւատան իրենց առաքելութեան եւ եկեղեցիով կը ծառայեն իրենց ժողովուրդին, եւ ոչ մամոնին»,- եզրափակեց պրն. Մխիթարեան:
Չափարեան պարզաբանեց. «արք. Տէրտէրեանին բարձր մակարդակի ըլլալու ինք իրեն հովեր կուտայ ըսելով «we’re not going to stoop to their level» «Մենք իրենց մակարդակին պիտի չիյջնենք»։ Բայց ես ապշահար էի երբ իմացայ թէ Յովնան արք. Տէրտէրեան իր անմինջական զինակից եւ մեղսակից Հոլիուտի Սբ. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ հովիւ Մանուկ քհն. Մարգայանի հետ փորձած են եկեղեցւոյ խոշոր բարերարի Պրն. Պետրոս Տաղլեանին կողոպտել տասնըեօթ միլիոն տոլարի չափ գումարով։ Բարերարը զիրենք իր գրասենեակէն դուրս շպրտած է։ Սակայն անոնք իբրեւ թէ զղջումի եկած են վերստին կը վերադառնան «ներողութիւն» խնդրելու եւ ան ալ ի՜նչ ինքնանուաստացուցիչ բառերով որ ես հեռուստատսեիլէն եւ թերթով կ՛ամչնամ կրկնելու… անոնք ըսած են. «Մենք ….. ենք կերել»։ Միթէ հոգեւորականը այսպիսի խայտառակ բառե՞ր պէտք է գործածէ։ Այս ի՛նչ մակարդակ է։ Ասկէ աւելի ցած մակարդակ կարելի՞ է, որ …. իրենք ըսեն «մենք իրենց մակարդակին պիտի չիջնենք։ Միթէ ասոնց նմանները իրաւու՞նք ունին «հոգեւորական» կոչուելու կամ խորան բարձրանալու»։
Չափարեան եզրափակեց. «Եթէ մենք գողապետութիւնը ընդհանրապէս չ՛վերացնենք Հայկական Պետականութեան շրջանակներէն ներս, Սփիւռքի տարածքին եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն ներս, ապա ոչ մեր ներկան փայլուն կ՛ըլլայ, ոչ ալ՝ մեր ապագան: Մենք պարտաւոր ենք որ մեր ներկայ երիտասարդ սերունդին փոխանցենք առողջ ժամանակակից ժառանգութիւն։ Պէտք է հպարտ զգալ որպէս հայ մարդ քանի որ ոգեւորիչ է ականատես ըլլալ որ մեր հայ երիտասարութիւնը գրեթէ ամենուրեք սկսած է իր իրաւունքներու եւ ճակատագրին տէրը դառնալ։ Ան ոտքի կանգնած է եւ հաշուեպահանջութեան ու թափանցիկութեան հետապնդման իրաւունքը իր՛են կը վերպահէ», հաստատեց պրն. Չափարեան:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *