ԳՐԵՑ՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
Այս համախմբումը շատ բնական ու տրամաբանական կը գտնեմ. յետադիմական, կեանքի յառաջընթացին դէմ եղող տարրերը քով-քովի եկած են:
Տարիներէ ի վեր կը յայտարարենք, որ Գարեգին Բըըը-ն ու անոր ոճրախումբը, որու կարկառուն դէմքերէն է Յովնան Տէրտէրեան կոչեցեալը, հայկական յետադիմութեան առանցքն են, եւ ոչ թէ Սերժիկն ու Ռոբիկը՝ իրենց թափթը-փուքներով:
Կոտալազեաններու, թրքական իշխանութիւններու 112-ամեայ հաւատարիմ ծառայ Գոչունեաններու եւ մնացեալներու այս ձեռնարկը պարզապէս քայլ մըն է Տէրտէրեանին բարոյական մերկութիւնը թուզի տերեւիկով մը ծածկելու համար: Սակայն այս ջանքերը ապարդիւն են: Մարդիկ այլեւս գիտեն, թէ ով՝ ով է, ինչը՝ ինչ: Հայաստանի Հանրապե-տութեան մէջ նոյնիսկ նախարարներ եւ այսօրուան վարչապետը կը բարձրաձայնեն Գարեգին Բըըը-ի եւ անոր սքեմաւոր ու անսքեմ շրջապատի անբարոյական կենցաղի մասին:
Մեր ժողովուրդը զարթնած է, արեւու լոյսի պէս կը տեսնէ ամէն ինչ եւ սարդարապատեան ճակատամարտ կը մղէ հայութեան այս ներքին թշնամիին դէմ: Ժամանակը եկած է այս բոլոր ստահակներուն ցոյց տալու իրենց չափն ու տեղը պատմութեան աղբանոցին մէջ: