ԳՐԵՑ՝ ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ
Կլէնտէյլ, Քալիֆոռնիա, լոյս տեսնող «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» շաբաթաթերթի խմբագիր պրն. Աբօ Չափարեան Յուլիս 3, 2020-ին AMGA հեռատեսիլի կայանէն շահեկան հարցազրոյց մը ունեցած է տիար Կարպիս Քօրաճեանի հետ, որու ընթացքին տիար Քօրաճեան անկաշկանդ կերպով ու խիզախօրէն քննադատութեան թիրախ դարձուցած է ՀՀ նախկին երեք նախագահները եւ անոնց անմիջական գործակիցներ՝ Գարեգին Կտրիճ Ներսիսեանը, Գագիկ Ծառուկեանը, Արթուր Վանեցեանը եւ ուրիշներ։
«Կարպիս Քօրաճեան, աշխարհի շարք մը կառավարութիւններու կողմէ ճանաչուած է որպէս Համաշխարհային Դրամատան, Գանատական Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան (CIDA), Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան (USAID), Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Զարգացման Գործակալութեան (UNDP)՝ որպէս խորհրդատու։ Ան նաեւ որպէս խորհրդատու ծառայած է Չինաստանի կառավարութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութեան մօտ։ Ան շրջանաւարտ է Հարվըրտ համալսարանի Քենետիի անուան Կառավարութեան պետական կառավարման դպրոցէն, որ կը մասնագիտանայ էթիկական առաջնորդութեան ոլորտի մէջ»: (ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթ)
Խօսելով Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի՝ յետ-«Թաւշեայ Յեղափոխութեան» վարած քաղաքականութեան, ան ըսաւ. «Անոնք ամէն կերպով կը խուսափին բանտ երթալէ ու իրենց գողցած հարստութիւնը ձեռքէ տալէ. պարզապէս կ՛ուզեն ժամանակ շահիլ»։ « Իսկ ինչ կը վերաբերի անոնց քաղաքական ասպարէզ վերադարձին, ատիկա անկարելի է», աւելցուց ան։
«Մարդ կրնայ հարստանալ, սակայն վերջին տասնեւհինգ տարիներու Գագիկ Ծառուկեանի կուտակած միլիոնաւոր գումարները ճակտի քրտինքի արդիւնք չեն», ըսաւ ան։
Գալով անփառունակ կաթողիկոս Գարեգին Կտրիճ Ներսիսեանին, յարգելի հիւրը «գող եւ աւազակ» կոչեց զինք ու անոր հրաժարականը պահանջեց։
Տիար Կարպիս Քօրաճեան ո՛չ առաջինն է, եւ ո՛չ ալ վերջինը, որ կը դիմակազերծէ Գարեգին Կտրիճ Ներսիսեանը։ Անոր կատարած «հերոսութիւններուն» մասին բազմիցս գրուած ու խօսուած է բազմաթիւ յայտնի հրապարակագիրներու ու հրապարակախօսներու կողմէ, որոնք հանդէս գալով խայտառակ բացայայտումներ կատարած են վերջին քսանամեակին Մայր Աթոռէն ներս ու դուրս կատարուած շահագործումներուն, զեղծարարութիւններուն, ապօրինութիւններուն եւ ոտնձգութիւններուն մասին…։
Եթէ պրն. Ոսկան Մխիթարեանի, պրն. Աբօ Չափարեանի, Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի, պատմաբան Գէորգ Եազըճեանի, պարոնայք Կարօ Աբրահամեանի, Դաւիթ Ստեփանեանի, Կարօ Եղնուկեանի, տողերս գրողի, Մեթր Վարդգէս Եղիայեանի ականատեսի վկայութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրատեպութեան նախկին Փոխ Նախագահ (յետագային Սահմ. Դատարանի Նախագահ) պրն. Գագիկ Յարութիւնեանի հաստատումները եւ այլոց կատարած շինիչ քննադատութիւնները պատճառ չեղան, որ Մայր Աթոռի գահը զաւթողը իր հրաժարականը ներկայացնէ ու հեռանայ, այդ կը նշանակէ, որ Գարեգին կաթողիկոս կոչեցեալը մտքի խանգարումէ կը տառապի («phsychopath» -խմբ.) եւ զուրկ է արժանապատուութեան զգացումէ: Ըստ տիար Կարպիս Քօրաճեանի՝ ան ալ «ամէն կերպով կը խուսափի բանտ երթալէ ու իրեն գողցած հարստութիւնը ձեռքէ տալէ. պարզապէս կ՛ուզէ ժամանակ շահիլ»։
«Ալ կը բաւէ՛ այսքան ինքնախաբէութիւն»,– կը գրէ պրն. Ոսկան Մխիթարեան։
«Գաղտնիքներու բացայայտում» կը կատարէ տողերս գրողը։
«Արդարութիւնը հիւանդանում է, բայց չի մահանում»,– կը հաստատէ «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» շարժման կայքէջը:
«…Ցաւօք սակայն, մեր սրբագոյն հաստատութիւնը այսօր կը գտնուի ոչ բաղձալի կացութեան մէջ …»,– կ՚ողբայ ՌԱԿի Կեդրոնական Վարչութիւնը։
«Գարեգին Բ. եւ իր կլանը ամենակոռումպացվածն են …»,– կը յայտարարէ Սօնա Այվազեան։
Շարքը երկար է։ Չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք, թէ գէթ վերջին երկու տարիներուն Գարեգին Կտրիճի հասցէին ահազանգի հասնող հազարաւոր սրտցաւ դժգոհութիւններ եւ քննադատութիւններ լսուեցան ամէն տեղէ։
«Բան մը, տեղ մը, սխալ է ապայման, եւ առանց կրակի ծուխ չ՚ելլեր» — որքա՛ն ճիշդ է ժողովրդային ասացուածքը, իսկ այդ «բան»ը՝ նոյնինքն Գարեգին կաթողիկոս կոչեցեալն է։
Անցնող քանի մը ամիսներուն, ողջ աշխարհը, ներառեալ մեր հայրենիք՝ Հայաստանը, կը տառապի «պսակաձեւ ժահր» կոչուած համաճարակէն, որ կը խլէ բազմաթիւ անմեղ զոհեր։ Սակայն, անցնող քսան տարիներու ընթացքին ա՛յլ ժահր մը, որ կոչուի «գարեգինաժահր», կը քանդէ մեր ազգի հոգեւոր ապրումներն ու արժէքները ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։
Եթէ Գարեգին Կտրիճ կը կարծէ, որ ներկայիս իրեն կողքին կանգնող պնակալէզ հոգեւորականները թեւ ու թիկունք պիտի կանգնին իրեն, չարաչար կը սխալի։ Մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի դատավարութեան ընթացքին, եթէ Պիղատոս մը իր ձեռքերը լուաց, կը վստահեցնենք իրեն, որ տասնեակ մը պիղատոսներ իրենց ձեռքերը պիտի լուան երբ ինք ատեան կանչուի։ Թող չսխալի կտրիճը. իր շուրջ համախմբուած եպիսկոպոսնե՛րը պիտի ըլլան իր դագաղի կափարիչին վերջին գամերը խփողները։
Եթէ Գարեգին Բ. յոյսը դրած է Կոտալազեանի (Էտմոն Ազատեան) վրայ, Գէորգ Եազըճեանի բնորոշումով՝ «այդ գաճաճը» չի կրնար փրկել զինք։ Եւ ո՛չ ալ Պերճ Սեդրակեանն ու տիկին Տանձիկը։ Իր ճակատագիրը որոշողներն են, եւ պիտի՛ ըլլան, հայ ազգին ու մեր Ս. Եկեղեցւոյ հարազատ զաւակները։
Հեռացի՛ր ու մոռացի՛ր Մայր Աթոռը։
Յաջողութեան մաղթանքներով՝
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ
Յ. Գ. – Տիար Կարպիս Քօրաճեանի հարցազրոյցը կարելի է դիտել հայերէնով հետեւեալ կապով. https://youtu.be/BGOhGCT-sgs
ՆՈՅՆ