Մարի (Տէմիրճեան) Գիզիրեան իր ժամանակակիցներուն նման ունեցած է ջարդէն վերապրած ծնողներ: Ան ծնած է Ալեքսանտրէթ՝ Վարդեվառ եւ Սասետէ Տէմիրճեաններու յարկէն ներս: Ունեցած է մէկ քոյր եւ 2 եղբայրներ: 6 տարեկանին ընտանիքը փոխադրուած է Պեյրութ: Մարին ուսումը ստացած է Լուսինեան Ազգային վարժարանի մէջ: Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք բուռն փափաքը ունեցած է բարձր մակարդակի ուսման տիրանալու: Սակայն այդ տարիներուն ընտանեկան ու ընկերային ըմբռնումները արգելք հանդիսանալով՝ նուիրուած է ուսուցչութեան նոյն վարժարանի կամար-ներուն տակ:
1957ին կ՛ամուսնանայ Զահլէ՝ Աւագ Գիզիրեանին հետ իր ընտանեկան բոյնը կազմելու: Անոնք կը բախտաւորուին 3 զաւակներով՝ Կարօ, Սալբի եւ Արփի: Սիրոյ ու փոխադարձ յարգանքի եւ համե-րաշխութեան ոգիով անոնք միասնաբար կը կերտեն խաղաղ, հայաբոյր, ջերմ ընտանիք մը՝ կեսուր, կեսրայրով:
Մարին Զահլէի մէջ իր մայրական պարտականութիւններուն զուգահեռ, մեծ հաճոյքով ծառայած է Հայ Օգնութեան Միութեան — ՀՕՄ-ի վարչութեան մէջ՝ իբր ատենապետ եւ գանձապահ:
1976թ.ին Լիբանան քաղաքացիական պատերազմին պատճառով՝ ընտանեօք կը փոխադրուին Միացեալ Նահանգներու, Քալիֆոռնիա նահանգի Սան Ֆրանցիսքօ քաղաքը: Հոն Մարին կը միանայ իր եղբայրներուն, ապա 4 տարի ետք վերջնականապէս կը հաստատուի Կլենտէյլ:
Մայրական սիրոյ զգացումներով զեղուն՝ Մարին եղաւ նուիրեալ «աղուոր» մամա եւ մեծ մամա, «աղուոր» բառին հասկացողութեան ամենալայն տրամագիծով ու պարտականութեան բարձր գիտակցութեամբ: Ան ջանք չխնայեց կողակիցին նեցուկ կանգնելու, լծուեցաւ կարի աշխատանքի (alteration)՝ ընտանիքին նիւթական պահանջները ամբողջացնելու: Քաջ գիտցաւ գնահատել ամուսնութեան բարիքները՝ գերադասելով տրամաբանականը, յարմարն ու պատշաճը, սիրով ու խելքով վարեց կեանքի բոլոր վայրիվերումներու յարուցած հարցերը:
Սկսելով Զահլէ-էն՝ 30 տարիներ ծառայեց ՀՕՄ-ի «Սիփան» մասնաճիւղին, նոյնպէս Աւագին հետ միասնաբար իր գործուն մասնակցութիւնը բերաւ «Սիսեցիներու Հայրենակցական Միութեան» վարչական գործունէութեանց բոլոր միջոցառումներուն:
Չնայած իր վատառողջ վիճակին՝ ամեն երկուշաբթի օրերուն կանոնաւոր յաճախեց Սբ. Գիրքի սերտողութեան, այլ խօսքով իր առողջ մտածելակերպով ու կանացի քնքուշ հաղորդակցութեամբ փնտրուած ներկայութիւն էր ոչ միայն ընտանեկան շրջանակին մէջ, այլ՝ ամենուրեք:
Ի վերջոյ իր կորուստը անփոխարինելի բաց մը թողուց՝ սուգի մատնելով իր հարազատները: Սակայն թող իր անմահութեան հոգին թեւածէ զաւակներուն, թոռներուն ու ողջ շրջապատին վրայ՝ միշտ առաջնորդելով զանոնք դէպի բարին, դէպի արդարը ու լաւը:
Թող այս տողերը անթառամ ծաղիկներ ըլլան հանգուցեալ Մարիի հողաթումբին վրայ:


By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *