ԳՐԵՑ՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
Երուանդ Ազատեան վերամկրտուած Էտմոն Կոտալազեանը իր հետ կատարուած հարցազրոյցին մէջ կը խոստովանի, թէ Հ. Հ.ի մէջ չկան գաղափարախօսութեան վրայ հիմնուած կուսակցութիւններ եւ թէ եղած ԲՈԼՈՐ կուսակցութիւնները անձերու եւ անոնց գրպաններուն կը ծառայեն: Հա հա հա…
Այսինքն՝ Ե. Ա. «կը վառէ» իր յանցակից գործընկեր, ՌԱԿ-Հայաստանի (ՌԱԿ-ը Հ. Հ.ի մէջ այնքան անուն փոխեց, որ շիտակ անունը այս պահուն չեմ յիշեր…) ղեկավար Յակոբ Աւետիքեանը: Նոյն Ե. Ա.-ն կը յայտնէ, թէ երբ կուսակցապետը չկայ՝ անոր հիմնած եւ/կամ գլխաւորած կուսակցութիւնը կը չքանայ: Ի՞նչ ըսել սակայն, որ Յակոբ Աւետիքեանը Հ. Հ.ի ՌԱԿ-ի գլխուն դեռ գոյութիւն ունենալով հանդերձ, կուսակցութիւնը առհասարակ ԶԵՐՕ կշիռ ունի Հ. Հ.ի մէջ, փաստօրէն՝ չքացած Է՝ ԱՌԱՆՑ ԱՅԴ ՄԱՍԻՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵԼՈՒ:
Այս անփառունակ վիճակին համար մեղադրանքը Հ. Հ.ի եկած-գացած կամ ներկայի իշխանութեանց վրայ նետելը ճիշդ չէ: Այո՛, Ե. Ա. կը յայտարարէ, որ հայրենական պետութեան մէջ ՌԱԿ-ի անփառունակ գոյութեան պատճառներէն մէկը կուսակցութիւնը պառակտած արարածներն են, այդ թիւին՝ «սողուններ»ը, սակայն կը մոռնայ թէ այդ «սողուն»ներու գլխաւորներէն մէկն ալ ԻՆՔ է: Ասիկա ամէն մարդ գիտէ, ուստի թող ջայլամի պէս չվարուի կամ դիմացինները իշու տեղ չդնէ (ինք սողո՞ւն է, ջայլա՞մ, է՞շ, թէ՞ այլ բաներ՝ ատիկա բոլորս գիտենք):
Դեռ «էն գլխէն» իր կուսակցական ընկերները գիտէին Ե. Ա.ի խառնակիչ էութիւնը, որուն մէկ բացայայտ արտայայտութիւնն է իր կուսակցական ղեկավար ընկեր Հայկ Նագգաշեանի՝ Ե. Ա.ին տուած բնութագիրը՝ «Խալիլի Պետեւիի ԼԱԿՈՏը»…
Սողուն, ջայլամ, էշ, լակոտ…, մէկ խօսքով՝ կենդանաբանական պարտէզ՝ մէկ անձի մէջ… Հա հա հա…
Գէորգ Եազըճեան
Երեւան, 13 յուլիս 2020-ի առտու