ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի

«Հայաստանին ծառայելը կը նշանակէ քաղաքակրթութեան ծառայել», – ըսած է Ուիլեամ Էուարտ Կլատսթոն: Յայտնի է Հայաստանի եւ Մեծ Բրիտանիոյ հզօրագոյն վարչապետներէն մէկի միջեւ կապը, եւ թէ ինչպէս Կլատսթոն իր վերջին հրապարակային ուղերձով աջակցած էր Թուրքիայի մէջ 1894-1896թթ. Համիտեան ջարդերու հայ զոհերուն:

Այժմ նոյն թրքահոտ Ազրպէյճանը Արեւելքէն եւ Թուրքիան՝ Արեւմուտքէն, կը սպառնան ոչնչացնել Հայաստանը: Հայաստանը ունի մեր աջակցութեան կարիքը:
Ստորեւ ներկայացուած ցանկը բազմաթիւ մտահոգ սփիւռքա-հայերու հետ շարք մը խօսակցութիւններու եւ խորհրդատւութիւններու հաւաքագրում է‘ բացայայտելու Հայաստանի համար 10 ամենակա-րեւոր ընելիքները:
Մեզմէ իւրաքանչիւրին կ’առաջարկուի կատարել մէկ կամ քանի մը առաջադրանք (ներ)՝ ի աջակցութիւն զոյգ հանրապետութիւններ Հայաստանի եւ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի):

1) ՏՐԱՄԱԴՐԵԼ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ սահմանամերձ գիւղա-կան համայնքներուն. Օգնել
ա) Վերակառուցել վնասուած տները.
բ) Կառուցել քաղաքացիական անվտանգութիւն ապաստարան խոցելի ընտանիքներու կամ զինվորներու ընտանիքներու համար.
գ) Ստեղծել կայուն սահմանամերձ գիւղական տնտեսութիւններ եկամուտներ բերող շինարարական ծրագրերու միջոցով, ինչպիսիք են կացարաններու բազմապատկումները.
դ) Կառուցել եկամտաբեր ջերմոցներ սահմանամերձ գիւղացիներու համար.

2) Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ներդրումներ ընել

3) ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ

4) ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆ.
ա) Հակազդեցութիւն ազրպէյճանական հակահայկական քարոզ-չութեան եւ միջազգային եւ սոցիալական լրատուամիջոցներու մէջ ապատեղեկատւութեան տարածում.
Ահազանգեցէք ձեր տեղական քաղաքական գործիչներուն եւ դիմէք անոնց օգնութեան ապահովելով
բ) Ազրպէյճանի նախայարձակման «ագրեսիա»ի խստօրէն դատապարտում.
գ) Տրամադրում մարդասիրական օգնութեան.
դ) Օրէնսդրութիւններու ընդունում‘ ռազմական հաւասարութիւն ապահովելու համար.
ե) Ազրպէյճանին ռազմական տեխնիկայի վաճառքն արգիլող օրէնսդրութիւններու ընդունում.

5) Ոչ-հայկական Զանգուածային Լրատուամիջոցներու ԱՀԱԶԱՆԳ ԵՒ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒՄ. Կապուեցէք ձեր տեղական եւ տարածաշրջանային հիմնական լրատուամիջոցներու հետ
ա) Հակիրճ ներկայացուցէք անոնց Ազրպէյճանական նախա-յարձակման «ագրեսիայի» մասին.
բ) խմբագիրներուն նամակ գրեցէք՝ դատապարտելով Ազրպէյ-ճանական նախայարձակումը.
գ) Գրեցէք կարծիք մշակող յօդուածներ.
դ) Քարոզներ / լուսաբանում կրօնական եւ համայնքային կազմա-կերպութիւններու միջոցով ոչ հայ հանրութեան հետ հաղոր-դակցուելով‘ սահմանելու Հայաստանի գոյութեան իրաւունքը‘ ի դէմս Հայաստանի դէմ Թուրքիայի եւ Ազրպէյճանի ցեղասպանական նածայարձակման:

6) ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերել այն արժանաւոր մարդասիրական ծրագիրերուն, որոնք կը ղեկավարուին վստահելի կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնք կը գործեն թափանցիկութեան եւ հաշվետուողականութեան ներքոյ.

7) ԱՋԱԿՑԻԼ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՀԱՆՄԱՆ‘ միաժամանակ լայնածաւալօրէն աջակցելով թուրքական եւ ազրպեյճանական արտադրութիւններու բոյկոտին:

8) Խթանել տուրիզմը եւ ուխտագնացութիւնը դէպի Հայաստան։ Ձեր ամառային արձակուրդը Հայաստան անցուցէք խաղաղ ժամանակներուն կամ ուխտագնացութեան գացէք դէպի Հայաստան եւ Արցախ որեւէ ժամանակ։

9) Քաղաքացիական պաշտպանութեան նախագիծերու մէջ կամաւորութիւն, հնարաւորութեան սահմանին.

10) Հովանաւորել Հայաստան-Արցախի տնտեսապէս տուժած ընտանիքներու հայ երեխաներու կրթութիւնը:

Յօդուածը անգլերէնով՝
http://www.armenianlife.com/2020/07/18/top-10-things-to-do-for-armenia-during-time-of-war-and-peace/

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *