Սուրբ Սոֆիայի Սպառնալիքը Սպառնալիք Է
Ողջ Քրիստոնէական Քաղաքակրթութեան Համար.
Պատրիարք Քիրիլ
ԳՐԵՑ՝ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

Ինչո՞ւ լուռ են քրիստոնէական եկեղեցիները անխտիր: Մինչեւ ե՞րբ լուռ պիտի մնան Արեւմտեան աշխարհի բոլոր քրիստոնեայ պետութիւնները: Միչեւ ե՞րբ պիտի հանդուրժենք թուրք պետութեան ահաբեկչական այս ոտնձգութիւնները: Քրիստոնէական սրբազան ժառանգութիւններու նկատմամբ կատարուած այս բռնաբարումները պէտք է դատապարտուին ո՛չ միայն քրիստոնեայ պետու-թիւններու կողմէ, այլ նաեւ Միջին Արեւելքի երկիրներու մեր իսլամ եղբայրներու կողմէ՝ որոնք երկար ժամանակ ենթարկուեցան Օսմանեան բռնապետութեան գործադրած բիրտ հալածանքներուն, անմարդկային չարչարանքներուն: Եւ տակաւին մինչեւ այսօր իսկ կարգ մը արաբական երկիրներ՝ Իրաք, Սուրիա, Լիբանան եւ Լիպիա կը տառապին թուրք պետութեան կիրարկած՝ Օսմանեան կայսրութիւնը վերստեղծելու միտող ծաւալապաշտ ահաբեկչական, այլ ցնորամիտ քաղաքականութեան պատճառով:
Ուրախութեամբ կ՚ողջունենք Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլի քաջ յայտարարութիւնները, թուրք պետութենէն որոնք կը պահանջեն որ Սուրբ Սոֆիայի տաճարը պահպանուի որպէս թանգարան: Թէեւ Քիրիլ պատրիարք կ՚ապաւինի թուրք պետութեան «խոհեմութեան», եւ կը յայտնէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն թէ անոր պահպանումը որպէս թանգարան պիտի ծառայէ կապի հետագայ զարգացման՝ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներու միջեւ միջկրօնական խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ամրապնդման: Հաւատա՞նք այս խօսքերուն…. Պէտք կա՞յ արդեօք յիշեցնելու մեր ընթերցողներուն, թէ նոյն ինքն Քիրիլ Պատրիարքն էր որ Յունուար 2016 թուականին յայտարարեց թէ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ քրիստոնեաներու հանդէպ ո՚չ մէկ հալածանք կատարուած է, – ինչ որ մեծ վրդովմունք յառաջացուց համայն հայութեան մօտ: Այնուհետեւ որքան ալ պարզաբանումներ կատարուեցան Ռուս Եկեղեցւոյ բանբերին կողմէ, չկարողացանք համոզուիլ ու ապա նաեւ չհասկցանք թէ ի՞նչ էր շարժառիթը այդ տարօրինակ յայտարարութեան. անկասկած որ քաղաքական նպատակներ կը հետապնդէր: Ամենատխուր երեւոյթը ա՛յն էր որ Գարեգին Բ. կաթողիկոս քաջութիւնը չունեցաւ իր բողոքի ձայնը բաձրացնելու՝ Հայց. Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի պատիւը պահպանելու եւ բարձր պահելու համար, նամանաւանդ որ տարի մը առաջ, 2015 թուականին, Մայր Աթոռի մէջ սրբացուած էին մեր նահատակները…:

Պատմութենէն գիտենք թէ Սուրբ Սոֆիա տաճարը կառուցուած է վեցերորդ դարուն (537թ.) ի պատիւ Քրիստոսի եւ ճանչցուած է որպէս բացառիկ կոթող մը բիւզանդական ճարտարապետութեան: Այս առիթով հաւանաբար իր ըսելիքը պիտի ունենայ նաեւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարք՝ Բարթողիմէոս Արքեպիսկոպոսը: Թէեւ ներկայիս այդքան ալ ջերմ չեն Ռուս եւ Յունաց պատրիարքներու յարաբերութիւնները, բայց այս պարագային Ուղղափառ եկեղեցւոյ արժանապատուութիւնն է խնդրոյ առարկան, որովհետեւ թուրք պետութիւնը կը փորձէ անգամ մը եւս նուաստացնել եւ ոտնահարել Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հազարամեայ հոգեւոր ժառանգութիւնները:
Թող տարօրինակ չթուի մեր ընթերցողներուն երբ կը յիշեցնենք այստեղ, թէ 15 Յունիս 2011-ին Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործերու Յանձնաժողովը (United House Foreign Affairs Committee) նախագիծ մը որդեգրեց մեծամասնութեան քուէով, որ կը պահանջէր Թուրքիայէն որ «ապահով պահէր քրիստոնէական ժառանգները եւ վերադարձնէր բռնագրաւուած եկեղեցական կալուածները»: Ժամանակն է հիմա ցոյց տալու թէ Միաց. Նահանգները իրենց խօսքին տէրն են եւ թէ պիտի պահանջեն Թուրքիայէն յարգելու փոքրամասնութեանց իրաւունքները:
Մինչ այդ, անշուշտ, Յունաստանի մէջ սկսած է շարժում մը՝ Սելանիկ քաղաքի մէջ գտնուող Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Քեմալ Աթաթիւրքի տուն-թանգարանը վերածելու Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան թանգարանի, հակադարձելու համար Պոլսոյ Ս. Սոֆիայի տաճարը մզկիթի վերածելու թուրք պետութեան որոշումին: Այս շարժումը նուազագոյնն է որ կրնան յոյները ընել: Յունաստան, որպէս մէկ անդամը Եւրոպական խորհուրդին, Կիպրոսի հետ միասին պարտաւոր է բոլոր եւրոպական պետութիւնները զօրաշարժի ենթարկել, զսպելու համար Թուրք պետութեան փոքրամասնութեանց նկատմամբ կատարած ահաբեկումները:
Հայց. Առաքելական եկեղեցին մասնաւորապէս, իր նուիրապետական չորս աթոռներով պարտի իր բողոքը ներկայացնել համայն քրիստոնեայ եւ իսլամ աշխարհին, յայտնելու թէ քսանմէկերորդ դարուն կարելի չէ նման այլանդակութիւններով խռովել համայն մարդկութեան եղբայրութիւնը: Թէեւ Արամ Ա. կաթողիկոս մամուլով արտայայտած է իր վրդովմունքը, սակայն այդ բաւական չէ ցոյց տալու համար համայն Հայց. Եկեղեցւոյ վրդովմունքն ու դատապարտութիւնը, անկախ բոլոր այլ հաշիւներէ:
Մենք քաջատեղեակ ենք թէ Թուրքիոյ մէջ, ո՛չ մէկ կերպ բարեացակամ վերա-բերմունք կայ փոքրամասնութեանց նկատմամբ: Վկայ՝ յոյներու եւ հայերու դպրեվանքներուն փակումը այսքան երկար տարիներէ ի վեր: Շատ պարզ է, որ Թուրք պետութիւնը յստակ, անհանդուրժող քաղաքականութիւն կը վարէ, փոքրամաս-նութիւնները իրենց սաղմին մէջ խեղդելու, որովհետեւ երկու համայնքներն ալ իրենց գոյութիւնը պահպանած են եւ կը պահպանեն իրենց եկեղեցիներով:
Ահաւասիկ ա՚յս եղած է Սուլթան Համիտի ժառանգորդ Թուքիայի քաղաքականութիւնը հանդէպ փոքրամասնութեանց, մասնաւորաբար քրիստոնեաներու: Թուրք պետութիւնը իր աւանդական խորամանկութեամբ, հակառակ իր ներքին քաղաքական տագնապներուն, փտութեան եւ ապականած բարքերու մէջ ընկղմած իր վարչամեքենային, դժբախտաբար չափով մը տակաւին կը մնայ եւրոպական պետութիւններու «սիրելին» ու Ամերիկայի շփացած «բարեկամը»:
Զարմանալի չէ նաեւ որ Ռուսաստանն ալ իրեն ուղեկից արբանեակ երկիրներուն հետ Թուրքիոյ հանդէպ որդեգրած է յատուկ քաղաքականութիւն մը՝ ելլելով իր երկրի ընդհանրական շահերէն: Հետեւաբար, Ամերիկան իր ուղեկիցներով, Ռուսաստանն իրեն կողմնակից պետութիւններով, Թուրքիոյ նկատմամբ տարբեր հեռանկարներ ունենալով հանդերձ՝ երկո՛ւքն ալ կը նպաստեն եւ կը սատարեն Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու ուղիգիծին: ԲԱՅՑ ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ… Կարսի պայմանգիրը շուտով կ՚աւարտի…..:
Կը սպասենք նոր արշալոյսներու…:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
15 ՅՈՒԼԻՍ 2020
Լոս Անճէլըս