Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին հարցեր ուղղած էԱտրպէյճանին անթաքոյց աջակցելու վերաբերեալ: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ Փայլան նշած է, որ որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի անդամ, Թուրքիան պէտք է չէզոքութիւն ցուցաբերէր վերջին օրերուն հայ-ատրպէյճանական սահմանին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած գործողութիւններուն: Չաւուշօղլուին ուղղուած Փայլանի հարցումները կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ.
«Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ վերջին օրերուն արձանագրուած հակամարտութիւններու արդիւնքով մահացան բազմաթիւ զինուորներ եւ քաղաքացիներ: Երբ կողմերը զիրար կը մեղադրէին հակամարտութիւնը սկսելուն մէջ, որպէս արտաքին գործոց նախարար յայտարարեցիք, թէ «Հայաստանի ըրածը անընդունելի է: Ատրպէյճանը մենակ չէ: Մենք, որպէս Թուրքիոյ Հանրապետութիւն եւ թուրք ժողովուրդ, մեր բոլոր կարողութիւններով կանգնած ենք Ատրպէյճանի կողքին»:
Նման յայտարարութիւններով հանդէս եկան նաեւ ԱԶԿ կուսակցութեան եւ հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը եւ Պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը:
Թուրքիան, որպէս Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ ծագած հակա-մարտութիւններու լուծման նպաստող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի անդամ, պէտք է աշխատէր լուծման ուղղութեամբ կամք արտայայտել, մինչդեռ այս լարուածութեան ժամանակ ալ ցեղային պատճառներով անկողմնակալ չեղաւ ու կատարեց լարուածութիւնը սաստկացնող յայտարարութիւններ:
Ուստի,

  • Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ծագած հակամարտութեան մէջ ցեղայի՞ն պատճառներով է, որ կողմնակալութիւն կը ցուցաբերէք:
  • Տակաւին չէ՞ք հասկցած, որ ցեղապաշտական արտաքին քաղաքականութիւնը «կրակի վրայ իւղ լեցնել» կը նշանակէ եւ միայն կ՛ընդարձակէ հարցերը:
  • Թուրքիոյ ռազմական արդիւնաբերութիւնը կը ցանկայ աւելի շատ ռազմամթերք վաճառել Ատրպէյճանին: Լարուածութիւնը այս պատճառո՞վ է, որ կը սաստկացնէք:
  • Կը Մտածէ՞ք Ատրպէյճան զօրք ուղարկելու ուղղութեամբ:
  • Թուրքիան, եթէ ցեղ չէ` ինչու՞ արտաքին քաղաքականութիւնը կը վարէ ցեղապաշտական նկրտումներով:
  • Երբեմն կը յիշէ՞ք արդեօք, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի անդամ էք, որ հիմնադրուած է Հայաստան-ատրպէյճան լարուածութիւնը նուազեցնելու նպատակով:
  • Դեռ չէ՞ք հասկցած, որ Կովկասի ապակայունացումը շահաբեր է միայն Ռուսիոյ:
  • Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան այն սպառնալիքը, ըստ որուն` անոնք պատրաստ են հարուածելու Թուրքիա-Հայաստան սահմանին գտնուող հիւլէակայանը»,- գրած է Փայլան:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *