Գրեց՝ ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ

2015-ի սկզբնաւորութեան, Նիւ Եորք Նահանգի լայնքին ու երկայնքին, մէկ օրուայ ընթացքին փակուեցան շուրջ 220 Կաթոլիկ դաւանանքին պատկանող եկեղեցիներ, որոնց ճակատագրի մասին աւելի ուշ ոչինչ տեղեկացանք։
Իսկ ինչ կը վերաբերի «Քրիստոնեայ» Եւրոպային, պատկերը գրեթէ նոյն է, դժբախտաբար։ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Անգլիոյ եւ այլ Եւրոպական երկիրներու մէջ վաճառքի դրուած եկեղեցիներ, մայրտաճարներ կը վերածուին մզկիթներու, գիշերային ակումբներու։
Ու այս օրերուն, երբ Իսթամպուլի մէջ, թանգարանի վերածուած Սուրբ Սոֆիան «սուլթան» Էրտողանի հրամանագրով ու դատարանի հաստատումով կը վերածուի դարձեալ մզկիթի, քրիստոնեաներէն աւելի իսլամները աղմուկ կը բարձրացնեն. անշուշտ՝ իսլամներու աղմուկ բարձրացնելը քաղաքական նպատակ կը հետապնդէ։
Ու այս օրերուն, ամէն կողմէ աղմուկ կը բարձրանայ հարց տալով.- Մինչեւ ե՞րբ լուռ պիտի մնան Արեւմտեան աշխարհի բոլոր քրիստոնեայ պետութիւնները: Եթէ Արեւմտեան աշխարհի բոլոր քրիստոնեայ պետութիւնները մտահոգ ըլլային քրիստոնէական արժէքներով, թոյլ չէին տար, որ իրենց երկիրներու եկեղեցիներն ու տաճառները մզկիթի վերածուէին։
Նաեւ անշուշտ՝ եթէ Նիւ Եորքի ու Արեւմտեան աշխարհի «քրիստոնեայ հաւատացեալները» մտահոգուած ըլլային իրենց եկեղեցիներով, ինչո՞ւ վաճառքի պիտի դրուէին իրենց աղօթքի տուները։
Սուրբ Սոֆիա տաճարի մասին մտահոգուելով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ՝ Արամ Ա. կաթողիկոս մամուլով արտայայտած է իր վրդովմունքը, սակայն այդ բաւական չէ ցոյց տալու համար համայն Հայց. Եկեղեցւոյ վրդովմունքն ու դատապարտութիւնը, անկախ բոլոր այլ հաշիւներէ:
ԱրաբականI «Ալ Ժազիրա» հեռատեսիլի կայանէն իմացանք, որ Հռոմի Պապը նեղուած է։
ՌուսացI Քիրիլ պատիարքի համար, Սուրբ Սոֆիայի սպառնալիքը սպառնալիք է ողջ քրիստոնէական քաղաքակրթութեան Համար։
Հիմա հարց տանք քրիստոնեայ աշխարհի հոգեւոր թէ աշխարհիկ իշխանութիւններուն։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիսի կեդրոնի գրաւումն ու քանդումը, «սպառնալիք չէ՞ր ողջ քրիստոնէական քաղաքակրթութեան համար»։
Արեւմտան Հայաստանի հողին վրայ կանգնած աղօթքի տուներու քանդումը , ախոռի վերածելը, «սպառնալիք չէ՞ր ողջ քրիստոնէական քաղաքակրթութեան Համար»։
1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը, սպառնալիք չէ՞ր ամբողջ աշխարհին։ Ի հարկէ էր, որուն յաջորդեցին Հրէական ողջակիզումն ու այլ ցեղասպանութիւններ ու տակաւին կը շարունակուին Ափրիկեան ու այլ ծամաքամասներու վրայ։
Ո՞ւր էր Քրիստոնեայ աշխարհը երբ ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը կը ոչնչանար։ Քնացած էի՞ն ու հիմա յանկարծ արթնցա՞ն։
«Ալ Ժազիրա» հեռուստաընկերութեան “հակառակ ուղղությամբ” ծրագրի,
Յուլիս 21, 2020ի ընթացքին, երկու մասնակիցներէն լսուեցաւ հետեւեալ մեկնաբանութիւնները։
Ապտըլ Մասիհ (Յիսուս) Էլ Շամի, խօսելով Էրտողանի առած որոշումին, ըսաւ հետեւեալըգ- Վեց հարիւր տարուայ կեանք ունեցող երկիր մը, իրաւունք չունի սեփականատէրը դառնալու Սուրբ Սոֆիային։
Ի հակադրութիւն Էլ Շամիի յայտարարութեան, թուրք վերլուծող Համզա Թաքին նշեց, որ Սուրբ Սոֆիան կը պատկանէր Սուլթան Մեհմեդ նուաճողին, որ ուժով գրաւած էր Կոստանդնուպոլիսը…։ Պաշտպանելով Էրտողանի որոշումը, յայտնեց.- Որ Թուրքիան անկախ երկիր է եւ ոչ ոք իրաւունք ունի միջամտելու անոր ներքին գործերուն։ Սուրբ Սոֆիան թրքական հողի վրայ կը գտնուի, հետեւաբար թուրքերու սեփականութիւնն է։
Ու աւելցուց, Էրտողան իր այս որոշումով ասպարէզ կը կարդայ համայն աշխարհի ղեկավարներուն որ Յուլիս 27, 2020-ին, Կարսի Դաշնագրի պայմանագրի աւարտին, Սուրբ Սոֆիա տաճարին մէջ, առաջին աղօթքը պիտի առաքուի առ Աստուած, համաձայն թուրք վերլուծողին։ Ու ահա յանկարծ, Յուլիս 24, 2020-ին, հրապարակներով ու յարակից ճանապարհ-ներով լեփ-լեցուն հասարակութեան հոծ ներկայութեան, աւելի քան 8,5 տասնամ-եակներու առաջին ուրբաթօրեայ աղօթքը տեղի ունեցաւ Սուրբ Սոֆիա «մզկիթին» մէջ. աչքը լոյս Քեմալ Աթաթիւրքին…:
Այստեղ չեմ ուզեր անդրադառնալ անբարտաւան թուրքի այն հայաստանեաց արտայայտութիւններուն, որոնք եկան անգամ մը եւս փաստելու իրենց գոռոզութիւնն ու անբարոյականութիւնը։
Արդեօք ի՞նչ պիտի պատահէր, եթէ յանկարծ հրէական պետութիւնը որոշէր Աքսա մզկիթը սենակոկի վերածելու։ Իսլամական աշխարհը պիտի լռէ՞ր արդեօք, այնպէս ինչպէս լռած է ու կը շարունակէ լռել «ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱՇԽԱՐՀԸ»։ Չենք կարծեր։
Ու ամէն անգամ երբ դէմ յանդիման կը գտնուինք թուրքի արկա-ծախնդրութիւններուն, մեր մտքի պաստառին վրայ կը պարզուի Դանիէլ Վարուժանի հայ մօր մը հերոսածին, պայքարի մղող ու հայրենասիրութիւն ներշնչող կերպարը յիշեցնող բանաստեղծութիւնը։
«Բայց, մայրի՛կ, Ալին թուրքի զաւակ է.
Աչքին մէջ հեռ կայ եւ մէջքը փալա:
Իսկ դուն ալ Հայ ես, եւ մէջքդ ըլլա՛յ
Թող իմ մկրատս, իլս, ի՛նչ որ կ՚ուզես… Դո՜ւրս»:
Կ՛եզրափակեմ սոյն գրութիւնը, վերջերս մամուլով լոյս տեսած պրն. Ոսկան Մխիթարեանի այժմէական այս հարցի շուրջ արծարծած մտորումներուն։
…«Զարմանալի չէ նաեւ որ Ռուսաստանն ալ իրեն ուղեկից արբանեակ երկիրներունII հետ Թուրքիոյ հանդէպ որդեգրած է յատուկ քաղաքականութիւն մը՝ ելլելով իր երկրիIIընդհանրական շահերէն:
Հետեւաբար, Ամերիկան իր ուղեկիցներով, Ռուսաստանն իրեն կողմնակից պետութիւններով, Թուրքիոյ նկատմամբ տարբեր հեռանկարներ ունենալով հանդերձ՝ երկո՛ւքն ալ կը նպաստեն եւ կը սատարեն Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու ուղիգիծին: ԲԱՅՑ ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ… Կարսի պայմանգիրը շուտով կ՚աւարտի…։
Կը սպասենք նոր արշալոյսներու…»։
Գրեց՝ ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ
Դիտեցէք նկարը ու վստահեցուցէք զիս, որ «աղօթող սուլթան» Էրտողանի աչքին մէջ հեռ չկայ։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *