ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի

Անցեալ շաբաթ ԱՄՆ-ի «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» Շաբաթաթերթի խմբագրական գրասենեակը ողողուեցաւ բազմաթիւ հեռախօսային կապերով, էլեկտրոնային փոստերով, փոստային նամակներով, որոնք ուղարկուած էին սրտացաւ ամերիկահայերու կողմէ, որոնք վրդովմունք եւ ցասում կ’արտայայտէին Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Տէրտէրեանի զանգուածային նամակագրութեան կապակցութեամբ,որով ան նուիրատւութիւններ կ'ուզէր «Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարի վերանորոգման համար»: Լոնգ Պիչի Քալիֆոռնիոյ նահանգի համալսարանի, հասարակական եւ վարքագծային գիտութիւններու դասախօս եւ շատ կարեւոր գիրքերու ու բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններու հեղինակ՝ Փրօֆ. Ս. Զ. Անտրու Տէմիրճեան, Ուրբաթ օրուայ իր յօդուածի մէջ գրեց. «Ինչպէս գիտէք, Հայաստանը ներկայիս կը դիմակալէ ռազմատենչ եւ ռազմահունչ թշնամիներ, Արեւելքէն՝ Ատրպէյճանը, իսկ արեւմուտքէն՝ Թուրքիան: Մինչ մեր զինուորները խիզախօրէն ետ կը մղեն ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ ներխուժման փորձերը, այդ գործընթացքին մէջ մենք սահմանագիծի վրայ կը կորսնցնենք մեր տղամարդոց եւ կանանց թանկարժեք կեանքը: Շնորհքի առաքինութիւնը կը թելադրէ, որ շատ անտեղի ժամանակ է գումարներ յայթայթելու՝ եկեղեցական որեւէ վայրի վերանորոգման համար, երբ ամբողջ գումարը պէտք է անցնի զինուած մեր տղամարդոց եւ կանանց՝ մեր հայրէնիքը պաշտպանելու համար: Երբ աշխարհը կը պայքարի մահացու թագաժահրի դէմ, եւ երբ Ամերիկայի կողքին, Հայաստանը առաւելագոյնս կը տառապի այս վտանգաւոր համաճարակային «վիրուսի» թագաժահրի յարձակումներէ, մարդիկ, յատկապէս մեր հոգեւոր առաջնորդները, պէտք է դուրս գան դէպի առջեւի գիծ՝ օգնելու անոնց, որոնք ամենէն շատ օգնութեան կարիք ունին: Կարեկցանքը կը պահանջէ, որ բոլոր հայերը, յատկապէս մեր հոգեւորականները, բարութիւն, սէր եւ հոգատարութիւն ցուցաբերեն կարիքաւորներու նկատմամբ:

Եւ կարիքաւոր մարդիկ, որոնք մենք հիմայ հսկայական թիւով ունինք Հայաստանի մէջ, երբ ամբողջ երկիրը աշխատանքէ զրկուած է: "(Փրօֆ. Տէմիրճեանի յետազօտական աշխատութիւնները կը կատարուին ընկերային եւ վարքագծային գիտութիւններու մէջ: Ան հրատարակած է յօդուածներ եւ խմբագրական գիրքեր։ Անոր աշխատութիւնները հրատարակուած են ամսագիրներու մէջ եւ ան իր յետազօտական ուսումնասիրութիւններու համար ստացած է 35-էն աւելի լաւագոյն աշխատութեան/հեղինակային մրցանակներ): ՄԱԿ-ի, ԱՄՆ Միջազգային Օգնութեան Վարչութեան, Համաշխարհային Դրամատան «Լաւ Կառավարման» խորհրդատու Կարպիս Քօրաճեան է-փոստով յայտարարեց. «՛՛Սուրբ Էջմիածնի մայր տաճարի վերանորոգման՛՛ պատճառաբանութեան տակ, Գարեգին Բ Կաթողիկոսի եւ Յովնան Տէրտէրեանի կողմէ այս նորագոյն դրամահաւաքի փորձը խայտառակ գործողութիւն է եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայութիւնը կթելու վերջին փորձը: Ինչպէս նախկին ժամանակներուն ականատես եղած ենք, Սուրբ Էջմիածնի եւ այլ եկեղեցիներու վերանորոգման եւ բարեզարդման ծխածակոյթի տակ նման դրամահաւաքներ իրականացուած են՝ առանց որեւէ թափանցիկութեան եւ հաշուետւողականութեան: Փաստօրէն, հաշւետւութեան եւ թափանցիկութեան պակասը դիտաւորեալ գործողութիւն է, որպէսզի այս ամօթալի կրօնապետերը գումարներ ապօրինի կերպով իւրացնեն եւ իրենց գրպանները լեցնեն»: Պրն. Քօրաճեան բուռն կերպով բողոքեց. «Դժբախտաբար, երկար ժամանակ, սփիւռքահայերը ծուղակ առաջնորդուեցան նոյն այդ քրէագործ անհատներու կողմէն նուիրատուութեան համար՝ լաւ գիտնալով հայերու փափսրտութիւնը իրենց հայրէնիքի ու անոր հաստատութիւններու նկատմամբ: Դժբախտաբար, մարդկանց օգնութեան բարութիւնն ու ցանկութիւնը առաւելագոյնս շահագործուած են, մանաւանդ
Գարեգին Բ կաթողիկոսի եւ անոր մաֆիայի (MAFIA-ի) նման ղեկավարութեան եւ անոր նեխած կցորդներու կողմէն, որոնք ամօթի զգացում չունին, մանաւանդ այն ժամանակ, երբ մեր աղքատ երկիրը կանգնած է լուրջ ներքին դժուարութիւններու առջեւ, հարուածուած՝ Covid 19 թագաժահրով, ինչպէս նաեւ արտաքին սպառնալիքով եւ Ատրպէյճանի հետ պատերազմի հնարաւոր սրացումով»:

Պրն. Քօրաճեան եզրափակեց. «Բարեբախտաբար, վերջին 5 տարիներուն շատ բան փոխուած է մեր ժողովուրդի տեղեկացուածութեան մակարդակի վրայ: Մեր ժողովուրդը կացութիւնը վերցուցած է իր ձեռքը եւ հեռացուցած է իշխանութենէն, Սերժ Սարգսեանին եւ անոր գողապետական կառավարութեան եւ պաշտօնէ վտարած՝ նեխած ղեկավարներ: Մեզի համար յաջորդ քայլը կ’ըլլայ կանգ առնել մեր դժուարին վաստակած փողերու վրայ եւ չնետել քրէական տարրերու գիրկը, հարստացնելով բռնարար, չարաշահող, ինքնկեդրոն եւ անազնիւ Գարեգին Բ-ին եւ անոր մաֆիայի կազմակերպութեանը եւ սկսինք լուրջ միջոցներ ձեռնարկել զանոնք մեր հաւատքի կեդրոններէն հեռացնելու համար»: Պրն. Քօրաճեան աշխարհի շարք մը կառավարութիւններու կողմէն ճանաչուած է որպէս Համաշխարհային բանկի, Գանատական Միջազգային Զարգացման Վարչութեան (CIDA), Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Զարգացման Վարչութեան (USAID), Միացեալ Ազգերու Զարգացման Գործակալութեան, Չինաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործերու նախարարութեան կառավարութեան խորհրդատու աշխատանքի համար: Ան շրջանաւարտ է «Հարվըրտի» Համալսարանի Քենետիի Կառավարման Դպրոցի Պետական Կառավարման բաժանմունքի մէջ, մասնագիտանալով էթիկական Ղեկավարման մէջ:)
Ուրբաթ երեկոյ, յետազօտող լրագրող եւ Հայ Եկեղեցւոյ փորձագէտ, Ոսկան Մխիթարեան ելոյթ ունենալով «Հայ Կեանք»ի հեռուստայայ-տագրէն, AMGA հեռուստաալիքի միջոցով, յայտարարեց թէ. «Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ատենապետութեամբ դրամահաւաքի արշաւը կը շարունակուի դժբախտաբար՝ թափանցիկութեան եւ հաշուետուութեան բացա-կայութեան ներքոյ: Այլ խօսքով՝ ժողովուրդին ազնիւ զգացումները չա-րաշահելով կը շարունակուի կողոպուտը մինչ անդին, միլիոնաւոր տոլարներ անհետացած մինչեւ այսօր, Գարեգին Բ-ի գահակալութեան օրերուն»:
Պրն. Մխիթարեան շարունակեց. «Մինչ Հայաստանի բնակչութեան կարեւոր հատուած մը կը տառապի ծայր աստիճան աղքատութենէն, եւ երկիրը կը գտնուի թէ՚ տնտեսական տագնապի եւ թէ՚ պատերազմի սպառնալիքի ներքոյ իր դարաւոր ոխերիմ թշնամիներուն՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ, որոնք կը սպառնան շարունակել եւ իր աւարտին հասցնել իրենց հայրերուն թողած կիսաւարտ ցեղասպանութիւնը: ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ Է որ նման դրամահահաւաքներ քաջալերուին երբ հայութեան կարիքները ծովածաւալ են հայրենիքէն մինչեւ Միջին Արեւելք: Վերջ պէտք է տալ քարաշէն եկեղեցիներու շինութեան, պէտք է հոգեւոր տաճառներ կարուցել իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ, որպէսզի հոգեւոր զօրութեամբ սպառազինուած, նուիրուին իրենց ինքնութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան:
Keghart.com- ի հիմնադիր եւ ղեկավար խմբագիր Բժիշկ Տիգրան Աբրահամեան է-նամակով գրեց. «Զզուելի է նոյնիսկ պատերազմի ժամանակ դրամահաւաք կատարելը: Ընդհակառակը, Էջմիածինն է, որ պէտք է իր քսակը բանայ առաջնագծի մեր հերոսներուն օգնելու համար»:
Յետազօտական լրագրող Տէյվիտ Պօյաճեան է-նամակով գրեց. «Անցեալ տարուայ ընթացքին ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի մէջ կարդացած ըլլալով Արեւմտեան Թեմի առաջնորդութեան եւ վերջինիս ֆինանսներու վերաբերեալ, ես հարցականի տակ կը դնեմ` արդէօ՞ք հաւաքուած որեւէ նոր գումարներ ճշգրտօրէն պիտի ծախսուին»: (Տէյվիտ Պօյաճեանի յետազօտական զեկոյցներն ու մեկնաբանութիւնները հրատարակուած են Ամերիկայի մէջ հայկական եւ ոչ հայկական ու միջազգաիյն ԶԼՄ-ներու մէջ: Անոր աշխատանքը արխիւացուած է www.armeniapedia.org/wiki/David_Boyajian-ի մէջ)
Keghart.org կայքէջի Թօրօնթոյի երկարամեայ խմբագիր ու խորհրդատու Ժիրայր Թիւթիւնճեան, է-նամակով գրեց. «Քանի որ Գարեգին Բ-ի ընտրութիւնը խարդախութեամբ եղած է եւ քանի որ, այսպէս կոչուած ՛՛վերանորոգումը՛՛ շատ սիրելի է անոր համար, թող վաճառէ իր ապօրինի ձեռք բերուած անշարժ գոյքը եւ վճարէ այդ աշխատանքի համար: Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ՝ քանի ռուբլի կար Խրիմեան Հայրիկի գրպանին մէջ, երբ ան վախճանեցաւ»:
Վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին Գարեգին Բ-ի կողմէն կաթողիկոսարանի վեհարանի նորոգման համար 30 միլիոն տոլար սխալ ձեւով ծախսուած է: Մինչ Գարեգին Բ-ն կը պնդէր, որ վերանորոգումը կþարժէ 30 միլիոն տոլար, շինարարութեան ծախսերու շատ մասնագէտներ կը պնդէին, որ գինը չպէտք է գերազանցէ 5 կամ 6 միլիոն տոլարը: Այսպիսով, որտե՞ղ կորած է 25 միլիոն տոլարի գումարը:
Արեւմտեան Թեմի երկարամեայ զօրակից մը, որ խնդրեց անանուն մնալ, ըսաւ. «Ընկեր մը որ Տէտէրեանէն ստացած էր դրամահաւաքի թռուցիկ մը, զայրոյթէ պատռած էր զայն բայց յետոյ որոշած՝ որ զայն կիսէ ինձ հետ … Հայաստանը կը տառապի COVID-19- ի հետեւանքներէն, եւ հիւանդանոցները ֆինանսական աջակցութեան կարիք ունին: Երկիրը կը գտնւուի պատերազմի ահազանգի մէջ իր սահմաններու երկարութեամբ: Արդէօ՞ք հոգեւոր առաջնորդները կþապրին ամպի մէջ եւ տեղեակ չեն, թէ իրականութեան մէջ ինչ կը կատարուի իրական կեանքի մէջ: Կամ արդէօ՞ք անոնք կորցսնցուցած են իրենց հոգին, եւ անոնք միայն հոգ կը տանում իրենց դրամատնային հաշիւներու, որեւէ ձեւով բողերը շատցնելու համար եւ զանոնք դնելով իրենց գրպանը: Կրնայ՞ ըլլալ որ այս «վերջին հարուածն» է: … Արդէօ՞ք անոնք ուշքի եկած են նկատելով որ իրենց ժամանակը հասած իր աւարտին: … Արդէօ՞ք անոնք կը մտածեն. «Եկէ՛ք հնարաւորինս դրամ հափշտակենք նախքան մեր պաշտօններէն արտաքսումը»:
2019-ի Յունիսին, Գարեգին Բ-ն եւ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Տէրտէրեանը յայտարարեցին Համաշխարհային դրամա-հաւաքի մեկնարկի սկիզբը՝ «Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարի վերանորոգման» խորագրի ներքոյ:
Արք. Տէրտէրեանը եւ Գարեգին Բ-ն սկսած էին անվերջ դրամահաւքի՝ իբրեւ թէ Սուրբ Էջմիածնի տաճարի վերանորոգման ֆինանսաւորման համար: Մեզի ըսուեցաւ, որ «մեր պարտքն է, որպէս հայ, պարզապէս տալ»: Տալ, առանց յստակ իմանալու, թէ ինչպէ՞ս պիտի օգտագործուին այդ գումարները: 2019-ին ամերիկահայ համայնքի շատ անդամներ առաջարկած էին «Սուրբ Էջմիածնի Պահպանման Համաշխարհային Հայկական Յանձնաժողով՝» առանց կապելու Սուրբ Աթոռի ներկայ վարչակազմի հետ, ղեկավարելու Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճառի վերանորոգման կարիքներու համապարփակ ուսումնասիրութիւն: Առաջարկը ինկաւ խուլ ականջներու վրայ:
Սխալ օգտագործուած գումարներու դէպք. Բարերարներն ու ծխականները հաշուառում իրականացուցին 2010ին Քալիֆոռնիոյ Պըրպանք քաղաքի մէջ գտնւող Սբ Ղեւոնդեանց տաճառի շինարարութեան վերջնական ծախսերու վերաբերեալ:
Շինութիւններու նախնական գնահատումը, ներառեալ կապալառուներու վճարները, կազմած է $12-էն $14 միլիոն տոլար: Ի վերջոյ ծախսերը ուռեցուած են եւ հասցուած մինչեւ 25 միլիոն տոլար: 2019ին, ըստ շինարարութեան ինքնարժեքի անկախ վերլուծաբանի, տաճառի կառուցումը, այսօրուայ տոլարային արժեքով, տաճառը, գմբեթը եւ կայանատեղին կ՛արժէ ոչ աւելի, քան 15 միլիոն տոլար: Ուր գնաց աւելցած 12 միլիոն տոլարի խոշոր գումարը:
Բազմաթիւ ամերիկահայեր համակարծիք էին, որ «որպէս գործողութեան ընթացք եւ հանուն թափանցիկութեան եւ հաշուետուողականութեան, պէտք է իրականացուի անկախ հաշուեքննութիւն, որպէսզի բարերարներն ու համայնքի անդամները կարողանան ճշգրիտ տեղեկութիւններ ստանալ Արեւմտեան Թեմի Թեմական Խորհուրդէն եւ արք. Յովնան Տէրտէրեանէն, թէ որտեղ գացած են միլիոնաւոր տոլարները: Թող, որ մենք առաջարկենք KPMG-ի նման որակաւորուած հաշուապահական ընկերութիւն մը որպէսզի հաշուեքննութիւն իրականացնէ: Այս համայնքն արժանի է ասոր:
Սխալ օգտագործուած գումարներու եւս մէկ պարագայ. «1998-ին Գանատայի Թեմի գլխաւոր բարերարներ տէր եւ տիկին Քրիս եւ Անի Չաքմաքեան հիմնադրամ ստեղծած են՝ օգնելու համար Արցախեան Ազատագրական Պատերազմին զոհուած մարտիկներու որբերուն եւ այրիներուն եւ Գիւմրիի երկրաշարժի որբերուն: Հիմնադրամի կառավարումը վստահուած էր արք. Տէրտէրեանին, որ այդ ժամանակ Գանատայի Թեմի առաջնորդն էր: Չաքմաքեանները սկիզբը նուիրաբերեցին $50.000, յաջորդ տարի եւս 25.000 տոլար եւ ստանձնեցին ապագայ տարեկան յատկացումներ:
Պրն. Չաքմաքեան նշեց, որ «Վերջին 25.000 ԱՄՆ տոլարի ներդրումը ապօրինաբար տրամադրուեր էր Թեմական հիմնադրամին՝ մեր հիմնադրամի փոխարէն, առանց մեր յստակ համաձայնութեան եւ ցուցումներու: Ֆոնտերու կառավարման համար ստեղծուած էր սկզբունքներու եւ նպատակներու ուղեցոյց: Կարճ ժամանակուայ մէջ Տէրտէրեան առաջարկեց տպել առակներու գիրք եւ խոստացած էր վերադրձնել գումարը անոր հրապարակումէն եւ վաճառքէն յետոյ: Նշուած հրատարակութեան համար ծախսը կազմած էր 13.800 ԱՄՆ տոլար եւ երբեք չէ վերադարձուած: 1999ին այդ երեխաներուն օգնելու համար Հայաստան փոխանցուած էր 13.550 տոլար: Երբ մենք ճշտեցինք ցուցակը, պարզուեցաւ որ անոնցմէ ոչ մէկը Արցախէն կամ Գիւմրիէն չէր: Վերջիվերջոյ բացայայտեցինք, որ անոնք Հայաստանի մէջ, Տէրտէրեանի խամաճիկ քահանաներու եւ կամակատարներու երեխաներն ու ընտանիքներն էին: Կրնամ աւելցնել, որ անոնցմէ ոմանք շատ լաւ վիճակ ունէին»:
Պրն. Չաքմաքեան շարունակեց. «Կինս 1999 եւ 2001 թուականներուն 2 անգամ գացած է Հայաստան՝ գտնելու այդ կարիքաւոր ընտանիքները եւ բաշխելու գումարները: 2001-ին անոր երկրորդ մեկնումէն առաջ ես աւելի քան մէկ անգամ կապ հաստատած եմ Յովնան Տէրտէրեանի հետ, հեռախօսով, նամակով, ֆաքսով, որ կնկանս ժամանման ժամանակ 12.000 ԱՄՆ դոլարը տրամադրուի անոր: Հակառակ Տէրտէրեանի բազմաթիւ հաւաստիացումներուն եւ խոստումներուն, որ գումարները պատրաստ կþըլլան կնկանս համար, Հայաստանի մէջ ան անընդհատ արգելքներ ստեղծեց եւ մակերեսային արդարացումներով կասեցուց հիմնադրամի փոխանցումը: Միանգամայն ակնյայտ էր, որ Տէրտէրեանի ունէր իր անձնական օրակարգը եւ որեւէ կարեկցանք կամ հետաքրքրութիւն չունէր այդ աղքատ, տառապող երեխաներու նկատմամբ: Մի քանի անգամ կրկնակի չարաշահումներէ եւ գումարներու սխալ օգտագործումներէ ետք, վերջապէս մենք որոշեցինք դադրեցնել հիմնադրամը եւ պահանջեցինք գումարներու մնացորդը փոխանցել Գանատայի «Հայաստան» Համահայկան Հիմնադրամին»:
Լրագրող, քաղաքական ծաղրանկարիչ եւ հրապարակախօս Լուսին Գասպարեան է-փոստով ընդգծեց. «Հայերը իրենց անտարբերութեան պատճառով կը ստանան այն, ինչին անոնք արժանի են»: (Լուսին Գասպարեան, Հայաստանի եւ Հայերու մասին, շարք մը գիրքերու հեղինակ է: Կայքէջը. lucinekasbarian.com)
Ի ուրախութիւն Լուսին Գասպարեանի, աշխարհասփիւռ հայութիւնը երթալով դուրս կուգայ իր մահաքունէն եւ անառողջ վիճակէն եւ անտարբեր մտածելակերպէն ու ակտիւօրէն կը հետագրգրուի է իր ազգային եկեղեցւոյ, պետութեան եւ սփիւռքի կառոյցներու վիճակով եւ ճակատագրով:
Ըստ Էջմիածնի Սուրբ Աթոռի եւ Արեւմտեան Թեմի մօտ աղբիւրներու, Գարեգին Բ-ի եւ Տէրտէրեանի կողմէն կատարուած միամեայ դրամահաւաքի ծրագիրը, չէ կրցած իրականացնել կանխատեսուող գումարի չափը: Անոնց դրամահաւաքի «սխեման» ունէր մէկ տարի ժամանակ թագաժահրի համաճարակի բռնկումէն եւ Հայաստանի սահմանի պատերազմէն առաջ, բայց Գարեգին Բ-ն եւ Տէրտէրեանը տակաւին ձախողեցան: Ինչու՞: Որովհետեւ իրենք արդեն վարկա-զըրկուած էին եւ ժողովուրդը ամենուրեք առթնամիտ:
Հիմայ մեզի համար աւելի յստակ կը դառնայ, թէ ինչու:
Ամերիկահայ եւ այլ սփիւռքահայ հոծ թիւ կազմող շրջանակներ պարզապէս չեն վստահիր ներկայ Հայ եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհական ղեկավարութեան, ներառեալ Արեւմտեան Թեմի մէջ գործող իրերայաջորդ Թեմական խորհուրդներուն, որոնք ղեկավարուած են փաստաբան Ժոզէֆ Կանիմեանի ու կը ղեկավարուին փաստաբան Տիկ. Ատրիենն Գրիգորեանի կողմէ: Ներկայ աշխարհական առաջ-նորդները, ինչպէս նաեւ արք. Տէրտէրեանը, ունին վստահելիութեան պակասի խոշոր խնդիր, քանի որ անոնք բազմիցս ձախողած են իրէնց պարտականութիւններու կատարման մէջ՝ Արեւմտեան Թեմի կանոնադրութիւններու լուրջ խախտումներու միջոցով:
Միլիոնաւոր տոլարներ անյայտ կորած են:
Եւ բազմաթիւ ամերիկահայեր տակաւին յստակօրէն կը յիշեն այն տեղեկութիւնները որով փաստուած է որ Հայ Եկեղեցին եւ Հայ Ժողովրւդին թալանող Յովնան Տէրտէրեանն ու իր անմինջական կցորդներ՝ Մանուկ քահանայ Մարգարեան ու իր որդին Յարութ Մարգարեան կը շարունակեն Արեւմտեան Թեմը բռնազաւթել եւ չարաշահել, Հայ Եկեղեցին տանելով դէպի փլուզում:
Մարգարեան քհն. եւ Յովնան Տէրտէրեան արդեն ամերիկեան դատարանի կողմէ հաստատուած եւ պաշտօնապէս ճանչցըւած են որպէս ստախօսներ եւ զեղծարարներ:
Ո՞վ կրնայ մոռնալ լաս վեկասեան զեխ գիշերները:
Անոնք երբեք թաքցուցած «թագաւորի պէս ապրելու» իրենց անզուսպ ախորժակը: Յովսէփ Կանիմեանն ու Վարդան Նազիրնեանը անձնապէս վկաներ են Մարգարեան քահանայի եւ արք. Տէրտէրեանի Լաս Վեկասներու մէջ «թագաւորական» կեանք ապրելու մարմանչին։ Արդէօ՞ք ով կրնայ մոռնալ այն ոչ հոգեւորականի վայել երեւոյթը՝ մէկ ձեռքին մէջ սիկառ իսկ միւս ձեռքին՝ ամենա-թանկ ուիսքին կամ գոնեակը, բախտախաղերու սեղաններու շուրջ կը սլքտային «թագաւորի պէս»։ Անոց համար ամենաէականը «թագաւորի պէս» ապրիլն էր «թքած ունենալով՝ իրենց հոգեւորականի երդումին վրայ:
Երբ պր. Տաղլեան իրենց զգուշացուց որ, որպէս հոգեւորականներ իրենք իրաւունք չունին «խումար» (բախտախաղ) խաղալու, Մարգարեան քհն. եւ Յովնան Տէրտէրեանը իրար երես նայեցան քմծիծաղով եւ հաւանաբար իրենց մտքին մէջ, բոլոր հայ հաւատացեալներու պիտակաւորեցին որպէս «գառնուկներ» եւ «միամիտներ»:

Այսպիսիներուն համար ոչ հայրենիքն է կարեւոր այս պատերազմական օրերուն, ոչ հայ ժողովուրդը եւ ոչ ալ՝ Հայ Եկեղեցին:
Երբ հանկարծ բարեսիրտ հաւատացեալ հայեր իրենց բողոքի ձայնը կը բարձրացնեն, այս աշխարհի Գարեգին Բ-երու, Յովնան Տէրտէրեաներու, Մարգարեան քահանաներու ապաբարոյական կենցաղի մասին, նոյն ինքները՝ Գարեգին Բըըըն, Յովնան Տէրտէրեանը, Մարգարեան քահանան սրտացաւ հայերուն կը փորձեն պիտասկաւորել «աղանդաւորներ» շատերու ծիծաղը շարժելով իրենց նորագոյն «սխրագործութիւններով եւ ստաբանութիւններով:
Այս մակարդակի կեղծ հոգեւորականներ որոնց միակ «շնորհքը» գողութիւն եւ ստախօսութիւն է, պատրաստ են իրենց «շնորհքը» գործածելու իրենց «մուրազին» հասնելու համար:
Մինչ՝ միլիոնաւոր տոլարները կը շարունակեն անյայտ մնալ: