Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հետ: Այս մասին ան գրած է ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ։
«Քիչ առաջ հեռախօսազրոյց ունեցայ Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հետ:
Զօրակցութիւն եւ ցաւակցութիւն յայտնելով երէկուան պայթումին եւ զոհերուն կապակցութեամբՀայաստանի Հանրապետութեան օգնութիւնը առաջարկեցի Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին: Լիբանանի կառավարութիւնն այժմ կարիքները կը գնահատէ եւ գնահատման արդիւնքով Հայաստանի կառավարութիւնը ըստ անհրաժեշտութեան որոշումներ պիտի կայացնէ»,- գրած է վարչապետը: ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Լիբանանի նախագահ Միշել Աուն շնորհակալութիւն յայտնած է սփոփանքի խօսքերուն համար եւ իր երախտագիտութիւնը փոխանցած Լիբանանի կարիքներուն հիման վրայ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութեան համար: Ան տեղեկացուցած է, որ երկրի իշխանութիւնները կը գործադրեն ամէն ջանք ստեղծուած խնդիրները հնարաւորինս շուտ յաղթահարելու համար:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *