ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի
Մայք Խարապեանի եւ բժ. Ռաֆֆի Պալեանի կողմէ առաջնորդուող ՌԱԿ-ի ղեկավարութիւնը թիրախ՝ գարեգինապաշտ եւ գողապետական Էտմոն Ազատեանի եւ ՌԱԿ-ի ներքին միւս մակաբոյծներու կողմէ։
Եւս մէկ աննախադէպ խայտառակութիւն մը ձեռամբ՝ Էտմոն Ազատեանի նորոգ զինակից դարձած, Լիբանանի «Մահաքուն» կոչուելիք «Զարթօնք»ի խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի։ Ստորեւ՝ պատճենը իրենց «յայտարարութեան»։
Անհաւատալի է, թէ դրամը ինչքան ազդեցութիւն ունի անսկզբունք տարրերու վրայ։ Եւ այս պարագային այդ դրամը շատ հաւանաբար ապօրինի իւրացուած է Լոս Անճելոսի մէջ անարդարօրէն փակուած ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի շէնքերու 14.5 միլիոն տոլարի վաճարքի հասոյթէն։
Բազմաթիւ հայեր հաշուապահութիւն կը պահանջեն այդ գումարներու համար։
Ըստ երեւոյթին Էտմոն Ազատեան ոչ միայն միահեծանօրէն փակած է գործող հայկական վարժարան մը, այլ նաեւ՝ այդ ապօրինի ձեռք բերուած գումարներով «աղայութիւն» ալ կ՚ընէ`կաշառելի խմբագիրներ եւ «կուսակցականներ» «գնելով»։
Անգլերէն կ՚ըսեն Double whammy! Այսինքն կրկնակի հարուած հայ ժողովուրդին դէմ։ Ոչ միայն հայկական դպրոց փակած են Ազատեանն ու իր մեղսակիցները այլեւ՝ այդ գումարները կ՚օգտագործեն նոյն ժողովուրդի գերագոյն շահերուն դէմ։ Մէկ խօսքով՝ ժողովուրդը կը դառնայ կրկնակի զոհ՝ ներքին չարագործութեան։
«Ինչ ալ ընեն այս աշխարհի բոլոր հայանուն, սակայն հակահայ գողապետականները վաղ թէ ուշ ժողովուրդի առջեւ դատի պիտի կանգնին եւ իրենցմէ պիտի բռնաիւրացուին իրենց կողմէ ապօրինի իւրացուած կամ մսխուած բոլոր աւարները եւ անոնք ետ ժողովուրդին պիտի վերադարձուին»,- Լոս Անճելոսի մէջ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ին ըսաւ հայ ազգային մը:
Աբօ Չափարեան

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈԻԹԻՒՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Օգոստոս 03, 2020
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Օրինազանցութեան, անհնազանդութեան, կարգ ու կանոնի խախտման յաճախակի իր յանցանքներուն եւ, առ հասարակ, անզուսպ ու անուղղայ իր ընթացքին համար Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերէն ընդմիշտ արտաքսուած է ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆը։
Կցուած հաճեցէք գտնել իր բազմաթիւ զանցառումներուն մասին պատրաստուած ամբաստանագիրը:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ԱՄԲԱՍՏԱՆԱԳԻՐ
Սեւակ Յակոբեանը, կանխամտածուած ծրագրումով, ԳՈՂՑԱԾ Է կուսակցապատկան կարեւոր ստացուածք մը։
ՌԱԿ Մամուլը, կուսակցութեանս համացանցային պաշտօնական կայքէջն է, որ կեանքի կոչուած է 2006 թուականին, Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ։ Բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք, ութ տարիներու ընթացքին վաստակած է վարկ, հեղինակութիւն եւ աւելի քան 25,000 մնայուն ընթերցող։ 2014-ին, պարագաներու բերմամբ, զայն վարելու պարտականութիւնը, ժամանակի մը համար, վստահուած է խնդրոյ առարկայ անձին։ ՌԱԿ 28-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովէն ետք (Մայիս, 2019), Յակոբեան դժկամակած է ՌԱԿ Մամուլը փոխանցել Կեդրոնական Վարչութեան, պատրուակելով որ ինք ունեցած է աշխատանքի եւ ծախսերու ներդրում մը, որուն դիմաց իրաւունք մը կը պահանջէ։ Հարցը աւելի քան տարի մը քաշկռտելէ եւ տեւապէս սուտերով բարդացնելէ ետք, կը ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒԻ թէ, պաշտօնական արձանագրութեամբ, իր անունին անցուցած է կայքէջին սեփականատիրութիւնը։ Ամէն կասկածէ վեր է որ, ՌԱԿ Մամուլը, իբրեւ իմացական, բարոյական ԵՒ նիւթական արժէք, ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ կը պատկանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան։
Նոյն անձը, ՌԱԿ 28-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովէն ի վեր, իր արարքներով ու գրութիւններով, բացայայտօրէն հանդէս եկած է որպէս Կեդրոնական Վարչութեան ընդդիմադիր։ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի ընթացքին, Կեդրոնական Վարչութեան ընտրութենէն անմիջապէս ետք, պաշտօնապէս յայտարարեց թէ ինք անվստահութիւն կը յայտնէ Կեդրոնական Վարչութեան նկատմամբ։ Որոշ թիւով անձերու հանդէպ, կարելի է վերապահութիւն ունենալ, բայց օրինաւորապէս ընտրուած Կեդրոնական Վարչութեան չվստահիլը, առանց որեւէ այլեւայլի, ընդդիմադրութիւն է։
Առաւել եւս շեշտելու համար այս իրողութիւնը, Ժողովէն ընդամէնը օրեր ետք, հիմնեց «Կարկին» համացանցային խմբաւորումը, որ իր անուանումին հաւատարիմ, կը նպատակադրէր «սրածայր իր մէկ ծայրով զգուշացնել, ցաւցնելով քննադատել ու ազդարարել» (մէջբերումը իրն է), միշտ թիրախ ունենալով Կեդրոնական Վարչութիւնը։ Իր իսկ բնորոշումով, «Կարկին»ը կարելի էր նկատել «ստուերային իշխանութիւն» (Shadow Government) -իսկ «ստուերային իշխանութիւն» կտրականապէս կը նշանակէ ԾԱՅՐԱՅԵՂ ընդդիմութիւն։ Պատահական չէր որ ինք մասնատեց ՌԱԿ-ի զինանշանը (առանձնացնելով կարկինը), որովհետեւ ամէն ինչ ըրաւ մասնատելու համար նաեւ կուսակցութիւնը։ Իր գործակիցներուն հետ, ամէն ճիգ ի գործ դրաւ «Կարկին»ին անդամակցելու (ընդդիմութեան մաս կազմելու) համար հրաւէր ուղղելու մեծ թիւով կուսակցական ընկերներու։ Իսկ առանց նուազագոյն իսկ վարանումի, ինք եւ իր քաջալերանքով ուրիշներ, «Կարկին»ի միջոցաւ հրապարակեցին Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի ընթացքին քննարկումի առարկայ դարձած կամ ի յայտ եկած պարագաներ, արմատապէս դրժելով Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի բոլոր մասնակիցներու երդումը՝ «գաղտնապահ մնալու խորհրդապահութեան տակ կատարուած խորհրդակ-ցութեանց, վիճաբանութեանց եւ որոշումներուն նկատմամբ»։ (Մէջբերումը Կուսակցութեանս Ծրագիր Կանոնագրէն – յօդուած 85)։
…
Սակայն, ինչպէ՜ս կարելի է թոյլատրել ստորեւ երեւցող սանձարձակ եւ անզուսպ կեցուածքը, յատկապէս այս տագնապալի օրերուն, երբ «Քորոնա» ժահրի համավարակի սարսափը եւ մեր սահմաններուն կանգնած կատաղի ոսոխները կը սպառնան մեր ժողովուրդի գոյութեանն իսկ, եւ երբ համայն գիտակից հայութիւնը, (ներառեալ Կեդրոնական Վարչութիւնը յատուկ շրջաբերականով), ամբողջական զօրակցութիւն յայտնած է հայրենի իշխանութիւններուն.
Կ’ապրինք ժամանակներ ուր ղեկավարութիւնը կորսնցուցած է իրականութեան հետ իր կապն ու գիտակցութիւնը։ Ղեկավարութիւն մը, որ մութին մէջ կը խարխաբէ, իր հետ դէպի անդունդ առաջնորդելով ամբողջ հաւաքականութիւն մը յանուն մեծ մեծ լոզունգներու։
…
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ առնչուող ներկայ անխրախուսիչ իրավիճակին մասին իր մտահոգութիւնը արտայայտելու համար, Կեդրոնական Վարչութիւնը, հրապարակեց «Ի խնդիր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պայծառութեան» խորագրուած հետեւեալ յայտարարութիւնը.
- Հայաստանեայց Առաքելական սուրբ եկեղեցին իր ուրոյն, անփոխարինելի տեղը ունեցած է եւ ունի հայկական իրականութեան մէջ, որովհետեւ, անուրանալիօրէն կը հանդիսանայ հիմնասիւներէն մէկը ազգային մեր ինքնութեան։ Դարեր շարունակ մեզի պարգեւած է ո՛չ միայն կենսական հոգեւոր առաջնորդութիւն, այլ նաեւ բացառիկ հարուստ մշակոյթ։ Երբ ոսոխները մեզ զրկած են պետականութենէ եւ փորձած են մեզ ստրկացնել, Հայաստանեայց Առաքելականեկեղեցին է որ մեզի ներշնչած է ո՛չ միայն Քրիստոնէական անբասիր հաւատք, այլ նաեւ գոյապայքարի մղում, լինելութեան յոյս եւ մաքառումի կամք ու կորով։
Ազգային մեր ըմբռնողութեան մէջ, մեր սուրբ եկեղեցին ունի նուիրականագոյն այս դերն ու կարեւոր տեղը։ Այդ իսկ պատճառով, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ բարօրութիւնն ու անաղարտութիւնը կը հանդիսանան Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան առաջնագոյն նախապատուութիւններէն: ՌԱԿ-ի սկզբունքներով, Միածնաէջ եւ Լուսաւորչակերտ Հայաստանեայց եկեղեցին, որպէս սրբազան հաստատութիւն, պէտք է առաջնորդուի մեր բազմաթիւ երանելի հոգեւորականներու տիպար օրինակով՝ ինչպիսիք էին Գրիգոր Լուսաւորիչը, Սահակ Պարթեւը, հոգեւորական մատենագիրները, Նարեկացին, Ներսէս Շնորհալին, Գրիգոր Շղթայակիր Պատրիարքը, Ներսէս Աշտարակեցին, Խրիմեան Հայրիկը, Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանը, Վազգէն Ա-ը. եւ ուրիշներ: Անոնք պայծառացուցած են մեր առաքելական եկեղեցին եւ պատմութեան մէջ արձանագրուած որպէս ՄԵԾ հայեր:
Այսօր Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին կը գտնուի նոր մարտահրաւէրներու դիմաց՝ ինչպէս բոլոր հոգեւոր հաստատութիւնները այսօրուայ բարդ աշխարհին մէջ: Մեր եկեղեցին, եթէ անցեալին ստիպուած եղած է պետութեան կարգ մը դերերը ստանձնել քաղաքական իշխանութեանց բացակայութեանց պատճառով, այսօր, ինչպէս դարեր շարունակ, մասնաւորաբար նուիրուած է դաստիարակութեան, մշակոյթի եւ հայապահպանման գործունէութեանց ՝ ըլլայ հայրենիքի մէջ թէ ի սփիւռս աշխարհի:
Ցաւօք սակայն, մեր սրբագոյն հաստատութիւնը այսօր կը գտնուի ոչ բաղձալի կացութեան մէջ. թէեւ անցնող տասնամեակներուն բազմաթիւ տաճարներ կեանքի կոչուեցան հայրենիքի մէջ, Ռուսական Դաշնութեան տարածքին, Եւրոպա եւ Ամերիկաներու մէջ, սակայն արդէն ահազանգի հասնող դժգոհութիւններ եւ քննադատութիւններ կը լսուին քիչ մը ամէն տեղ՝ յատկապէս Ս. Էջմիածնի եւ զայն գլխաւորող բարձրաստիճան հոգեւորականներու հասցէին: Այլեւս կարելի չէ քովէն անցնիլ, առաւել եւս արհամարհել Հայաստանեայց եկեղեցւոյ զաւակներուն սրտցաւ եւ օրինական մտահոգութիւններն ու քննադատութիւնները։
Բան մը, տեղ մը, սխալ է անպայման եւ առանց կրակի ծուխ չ’ելլեր: Քննադատողները եկեղեցւոյ թշնամիները չեն, այ՝լ խորիմաց անձնաւորութիւններ, որոնք կը պահանջեն բարեփոխութիւն, կարգ ու կանոնի հաստատում, հոգեւորականներու կենցաղի, վարք ու բարքի սրբագրում: Բացայայտուած են լայնածաւալ զեղծարարութիւններ եւ հոգեւորականի կոչումին անյարիր գործունէութիւններ:
Այս պայմաններուն հետեւանքով, հոծ թիւով հայ երիտասարդներ, կորսնցուցած իրենց հաւատքն ու վստահութիւնը, կը հեռանան մեր հինաւուրց եկեղեցիէն ու քրիստոնէական հաւատքէն, կը շատնան աղանդներն ու մեր նկարագիրը ջլատող, այլանդակող եւ խաթարող մարդորսներ, որոնք կ’աղաւաղեն մեր ինքնութիւնը՝ իրենց քարոզած ապազգային գաղափարներով: Հարցը այնքան լրջացած է որ, մեր գնահատումով, դարձած է ազգային անվտանգութեան խնդիր։
ՌԱԿ-ը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիէն ներս ստեղծուած այս կացութեան համար եւ կ՚առաջարկէ որ ամէնէն կարճ ժամանակի ընթացքին, անյապաղ կերպով կազմուի յատուկ եւ կատարեալ կերպով ներկայացուցչական յանձնախումբ մը՝ բաղկացած հայրենիքի եւ սփիւռքի հոգեւորականներէ եւ աշխարհական ներկայացուցիչներէ, որպէսզի կազմակերպուի արտակարգ գերագոյն եկեղեցական ժողով մը, սրբագրելու համար Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ներկայ անփառունակ վիճակը։
…
Կր պարզուի թէ Յակոբեան, ըստ երեւոյթին, կամ հայերէն հասկնալու դժուարութիւն ունի կամ ալ՝ որեւէ ատեն, ոեւէ անձի կամ նոյնիսկ Կեդրոնական Վարչութեան դէմ պատրաստ է ուղղել ամէն տեսակի ԱՆՀԻՄՆ ցեխարձակում կամ զրպարտութիւն, միշտ թելադրուած իր եսասիրութենէն եւ անձնական շահերէն։
Սեւակ Յակոբեան, հետեւողական կերպով, յառաջ բերած է դրութիւններ ու վիճակներ, որոնք կ’ընկալուին իբրեւ Կուսակցութեանս նախաձեռնութիւն եւ կը ստեղծեն անհարկի ու խիստ անպատեհ շփոթ ու թիւրիմացութիւն։ Այլ խօսքով, կանխամտածուած ծրագրումով, հանդէս եկած է «ինքնութեան գողութեամբ» (identity theft), որ քրէական յանցագործութիւն է։
Շատ յաճախակի կերպով կոպտօրէն աղճատած եւ/կամ չարաշահած է նաեւ իրեն վստահուած պաշտօններ եւ յանձնարարութիւններ։
Աւելի քան տարի մը, հակառակ իր հետեւողական բազմապիսի ոտնձգութիւններուն եւ օրինազանց-ութիւններուն, Կեդրոնական Վարչութիւնը, իրեն հանդէպ, ցուցաբերած է արտակարգ համբերատարութիւն եւ բարեացակամութիւն, չհաւատալով հանդերձ իր կողմէ տրուած բազմաթիւ խոստումներուն (որոնք ԵՐԲԵՔ չեն յարգուած), սակայն ինք ո՛չ միայն յամառած է մնալ ծայր աստիճան անուղղայ եւ բազմապատկած է Կեդրոնական Վարչութեան եւ անոր հեղինակութեան ընդդիմացող իր արարքները, այլ՝ բազմաթիւ առիթներով Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու եւ տասնեակներով այլ ընկերներու մասին ունեցած է չափազանց գռեհիկ, նոյնիսկ հայհոյալից արտայայտութիւններ։
Կը բացայայտուի թէ, ի հեճուկս իրեն եղած ազդարարութեան եւ/կամ բոլորովին մերժելով անսալ անոր, Սեւակ Յակոբեան աններելի ամբարտաւանութեամբ մը, փաստօրէն, կը յանդգնի շարունակել իր դատապարտելի ընթացքը։
Այս բոլորին լոյսին տակ, ան Կ’ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ համապատասխան ծանրագոյն պատիժի՝ Կուսակցութեանս շարքերէն ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ։