Գրեց՝ ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ

«Պատերազմի ժամանակ եւ համաշխարհային համաճարակի մէջ՝ Գարեգին Բ Կաթողիկոսի, Արեւմտեան Թեմի Յովնան Տէրտէրեանի Դրամահաւաք-Կողոպուտը հասարակական վրդովմունք եւ զայրոյթ յառաջացուցած է»: — Օգոստոս 3. 2020, հեղինակ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ, Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի։
Նախ տեղեկացնենք, որ տողերուս հեղինակը համալսարանի, հասարակական եւ վարքագծային գիտութիւններու դասախօս մը չէ, եւ ոչ ալ յետազօտող լրագրող, խմբագիր: Առաւել եւս յետազօտական ուսումնասիրութիւններու մասնագէտ, եւ ոչ ալ լրագրող, քաղաքական ծաղրանկարիչ եւ հրապարակախօս:
Ես պարզ ու ռամիկ սրտցաւ հայորդի մըն եմ:
Այս ըսելէ ետք:
Նախ մէջբերենք յօդուածին մէջ արձանագրուած հետեւեալը. «Արեւմտեան Թեմի երկարամեայ զօրակից մը, որ խնդրեց անանուն մնալ, ըսաւ. «Ընկեր մը որ Տէտէրեանէն ստացած էր դրամահաւաքի թռուցիկ մը, զայրոյթէ պատռած էր զայն բայց յետոյ որոշած՝ որ զայն կիսէ ինձ հետ …. Հայաստանը կը տառապի COVID-19- ի հետեւանքներէն, եւ հիւանդանոցները ֆինանսական աջակցութեան կարիք ունին: Երկիրը կը գտնւուի պատերազմի ահազանգի մէջ իր սահմաններու երկարութեամբ»:
Ու եթէ ասոր վրայ աւելցնենք սուրիահայերու, լիբանանահայերու (Յովնան Տէրտէրեանի ծննդավայրը) տառապանքը, սովը, անգործութիւնը, մարդկային զոհերը ու պիտի տեսնենք, թէ ինչպիսի՛ անմիջական նիւթական կարիքներու դէմ յանդիման կը գտնուի հայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ:
Կասկած չի կայ, որ մեր ազգի Սրբութիւն Սրբոցը պէտք է վերանորոգուի ու պիտի՛ վերանորոգուի Հայ ժողովուրդի նիւթական օժանդակութեամբ:
Այս առիթով, դիմելով Յովնան Տէրտէրեանին, կþառաջարկեմ հետեւեալը. Յովնան ճան, ինչպէս ըսի, Մայր Տաճարի նորոգութիւնը ողջ հայութեան ճիտին պարտքն է, ներառեալ իմ եւ քո: Եկէք այսպէս ընենք: Եթէ այդքան մտահոգուած ես, դուն հարիւր հազար ամերիկեան տոլար կը նուիրես Քանատա ու ապա Քալիֆորնիա ժամանելէդ ու ապա միլլիոններ դիզած գանձանակէդ ու ես ալ այդ գումարը կը բարձրացնեմ երկու հարիւր հազարի: Սակայն համբերէ: Նայի՛ր, «թալանածդ» չըսի:
Դուն, այդ գումարը, փաստաբանական կաճառի մը միջոցաւ իմ հաշւոյն կը փոխանցես, իսկ ես ալ իմ կարգին, նոյն կաճառի միջնորդութեամբ կը ղրկեմ Ս. Էջմիածին:
Իսկ եթէ յանկարծ աղուեսութիւն ընես ու այդ գումարդ Գարեգին Կտրիչի միջոցաւ ետ գրպանէս, լաւ գիտցիր, որ տասը միլլիոն ամերիկեան տոլարի վնասի հատուցում կու տաս անձիս:
Համաձայն ե՞ս: Եթէ այո՞, կը շնորհաւորեմ քեզ ու շնորհակալութիւն կը յայտնեմ քեզի:
Քիչ մըն ալ խօսինք տասը միլլիոն ծախսի մասին: Այ մարդ, որո՞ւ վրայ կը խնդաք, երբ Ամերիկայի մէջ նման նոր եկեղեցի մը շինելու համար այդքան դրամի չի կարօտիր, ուր մնաց Հայաստանի մէջ, ուր մարդիկ նուազագոյն աշխատավարձքով կþաշխատին:
Աւելի խօսուն օրինակ մը տամ: Մայր Աթոռի եպիսկոպոսներու ամսականը հազար ամերիկեան տոլար է, իսկ քու ամսականդ աւելի քան տասն եւ ութ հազար ամերիկեան տոլար: (Խմբ. Այսինքն, Տէրտէրեանին տարեկանը շուրջ քարրորդ միլիոն տոլար է տակաւին չհաշուած՝ պսակադրութիւններու, մկրտութիւններու, թաղումներու, հիւրաբար տարբեր եկեղեցիներու մէջ պատարագներու պատուեգինները, ապօրինի ստացած հնչուն գումարները (cash-երը), տէտէրներէ ստացած կաշառքները եւ իր անձնական տպարանէն ստացած գումարները եւ այլ ապօրինի իւրացումները):
Քու կարծիքով, Մայր Աթոռի եպիսկոպոսներու ամսականի եւ քու ստացած խոշոր գումարներու միջեւ տարբերութիւն չկա՞յ:
Լաւ մտածէ:
Յարգանքներով՝ ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ

ՆԱՄԱԿԱՆԻ

Հայ առաջնորդ մը պէտք է նուիրուած ըլլայ իր Աստծուն, իր կրօնքին եւ Հայ ազգին։ Իսկ դուք, պարոն Գարեգին եւ ձեր եղբայրը՝ Եզրասը Մոսկուայում եւ ձեր շրջապատը՝ պարոն Յովնան Տէրտէրեանը, Ռոպօյի, Սերժիկի, Մանուէլի, Լեւոնիկի նման նոյնպէս դուք ալ մաֆիոզներ էք:
Այ անաստուածներ, այ անամօթներ, ստախօսներ, այ անբարօյականներ, այ կեղծաւորներ, այ թալանչիներ, դուք ի՞նչ երես ունիք դրամահաւաք ընելու… ձեր եւ Գարեգինի գողցած միլիարդ տոլարները չի՞ կշտացներ ձեզի: Այ աւազակներ, դուք Հայ ազգի եւ կրօնի դաւաճաններ։ Դուք ձեր գրպաններուն համար միայն կը մտածէք, այ կեղտոտներ, քանի-քանի տղաներու, աղջիկներու պղծելով, դուք նոյնիսկ արժանի չէք ապրելու հայ եկեղեցւոյ մէջ:
Եթէ Աստուած կայ, եւ կա՛ — ձեր հոգին պէտք է այրէ, ձեզի պէսները Հայ ժողովուրդը Հայաստանի հրապարակին մէջտեղը կանգնեցնէ ձեզ եւ ձեր շրջապատը եւ օգնականներուն հետ միասին, որպէսզի օրն ի բուն ժողովուրդը ձեր վրայ՝ ձեզի պէս նեխած լոլիկ նետէ:
Սարգիս Մեսրոպեան, Կլենտէյլ, Քալիֆոռնիա

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *