ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի

Օգոստոս 4-ին Պէյրութի նաւահանգստմէջ տեղի ունեցած պայթիւնի հետեւանքով զոհւած է առնուազն 200 մարդ, 7000 վիրաւոր, եւ աւերուածութեան վնաս ստացած հարիւրաւոր լիբանանահայ եւ լիբանանեան առեւտրային եւ գործառնային կեդրոններ, տուներ եւ համայնքային հաստատութիւններ, ներառեալ տասնեակներով մզկիթներ եւ եկեղեցիներ:
Ծանրօրէն հարուածուած համայնքները կը ներառեն քրիստոնեաներն ու մահմետականները: Հսկայական պայթիւնները իրենց անմիջական հարեւանութեան մէջ գտնուողներէն ոչ մէկին չէին խնայած:


Անյապաղ անհրաժեշտ են մարդասիրական զանգուածային օգնութիւն, օգնելու համար Լիբանանին լուծել երկրի առջեւ ծառացած մարդասիրական ճգնաժամը, օգնութիւն ցոյց տալովներառեալ վիրաւորներուն բժշկական օգնութիւն եւ բուժում, ինչպէս նաեւ պայթիւնի վայրի եւ քանդուած տարածքներու մաքրմանն ուղղուած ջանքերը: Եւ օգնել Մայրիներու երկիր Լիբանանի, հնարաւորինս արագ` սկսելու համար վերակառուցման աշխատանքերը:
Լիբանանն առանձնայատուկ է որպէս բազմակարծութեան, հանդուրժողականութեան եւ համակեցութեան օրինակ՝ Միջին Արեւելքի մէջ:
Լիբանանի ազգային աղէտը եկաւ այն պահին երբ երկրի մէջ գործազրկութեան բարձր մակարդակ կար, երբ երկիրը կը պայքարէր «Coronavirus» «թագաժահրի» համաճարակի եւ ծանր տնտեսական անկման դէմ: Մինչ աղքատներն արդեն կը տառապէին, այժմ լիբանանեան միջին խաւը արագօրէն անհետանալու ընթացքի մէջ է: Տնտեսական դժբախտութիւնները պէտք է մեղմացուին եւ ի վերջոյ կասեցուին:
Հակառակ պարագային, Լիբանանը կը շարունակէ թիրախ դառնալ հարեւաններու կողմէն թաքնուած մարդաթափման ծրագիրներու որպէսզի անոնք տիրանան Լիբանանի հողերուն:
Լիբանանի համակարգուած բռնազաւթման համար իր ներքին եւ արտաքին մութ ուժերու ջանքերը կեցնելու համար լիբանանցի ժողո-վուրդը եւ Լիբանանի բարեկամները ամբողջ աշխարհի մէջ պէտք է մէկ կողմ դնեն իրենց տարակարծութիւնները եւ անհապաղ սկսին համագործակցիլ եւ
1) վերցնել «կոռուպցիան»-նեխուածութիւնը կառավարման իւրաքանչիւր բաժանմունքէ ներս.
2) վերակենդանացնել տնտեսութիւնը մի քանի ոլորտներու վերածննդի միջոցով։
Կասկած չի կայ, որ այս մեղաւոր արարքի հետեւանքով իրական մեղաւորները կամ այդ «պատահարը» յարուցող անձինք պէտք է բացայայտուին եւ պատասխանատւութեան ենթարկուին:
Մինչ լիբանանացիներն ու անոնց բարեկամները առաջ կը շարժուուին վերականգնելու Լիբանանը, ճշմարտութիւնը վաղ թէ ուշ դուրս կուգայ:
Մինչայդ, անոնք պէտք է
1) Բոլոր դժուարին հարցումները անվախօրէն բարձրացնեն, առանց թաքցնելու որեւէ հաւանական չարագործներու գործողութիւնները.
2) Օգնեն Լիբանանին վերակենդանացնել տեղական արդիւնա-բերութիւնը՝ վերագործարկելով զանազան տեղական արտադրութիւն-ները որոնք նախկին ժամանակներուն կþարտադրուէին Լիբանանի մէջ: Մի քանի տասնամեակներու ընթացքին, Լիբանան կորսնցուց է իր սահմանափակ արդիւնաբերական հիմքը եւ սկսած է զանգուածային կերպով ներածել այն իրերու մեծ մասը, որոնք նախորդ ժամանակներուն տեղական արտադրութիւն էին: Միջազգային առեւտուրի անհաւա-սարակշռութիւնը որ ներկայիս ի վնաս Լիբանանին է, պէտք է լուծուի լրջօրէն.
3) Ապահովել, որ Լիբանանը չկորսնցնէ իր բնակչութիւնը, քանի որ որոշ հարեւաններ կը ցանկանան կուլ տալ Լիբանանը ինչպէս Ատրպէյճանն ու Թուրքիան կ’ուզեն հայաթափ ընել Հայաստանն ու Արցախը եւ տիրանալ պատմական հայկական հողերու վերջին մնացորդացին:
Առաջնային քայլերը. Շտապօրէն անհրաժեշտ է Լիբանանի համար տարրական մարդասիրական օգնութիւնները:
Որու՞ կարելի է վստահիլ ձեր նուիրատւութիւնները Լիբանանին օգնելու համար:
Ներկայիս շարք մը կազմակերպութիւններ կան, որոնք նուիրատւութիւն կը յայցեն տարբեր նպատակներու համար, ներառեալ՝ Լիբանանի օգնութեան:
Մինչ ազնուաբարոյ գործողութիւն է դրամահաւաք կազմակերպելը Լիբանանին օգնելու եւ ամերիկահայ համայնքէ ներս այլ նպատակներու համար, նուիրատուները պէտք է զգուշանան, թէ որու՞ վստահին իրենց նուիրատւութիւնները:


ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅԵՐԷ. Ոչ մէկ գումար չպէտք է վստահուի ստուերային կերպարներու եւ կազմակերպութիւններու, որոնք ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն կը վերահսկուին կասկածելի անձանց կողմէն:
Օգոստոսի 6-ին, մի քանի ընթերցողներ ահազանգեցին հնչեցնելով ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի խմբագրական կազմին ուշադրութեան յանձնելով այն էլեկտրոնային հաղորդագրութիւնը, որ անոնք ստացած են Արեւմտեան Թեմի արք. Յովնան Տէրտէրեանէն եւ Գարեգին Բ-էն որով վերջիններս նուիրատւութիւններ կը յայցեն «Իբրեւ թէ Լիբանանին օգնելու համար»: Շատեր իրէնց վրդովմունքը յայտնեցին՝ ըսելով, որ «թէ՛ Տէրտէրեանի, թէ՛ Գարեգին Բ-ի կողմէն սխալ կառավարման եւ հսկայական չարա-շահումներու բազմաթիւ գործողութիւններու ֆոնին, անոնք կը մերժեն նուիրատւութիւն վստահիլ անոնց, ու իրենց նուիրատւութիւնները կը միտին կատարել միայն վստահելի անձանց կողմէ ղեկավարուող կազմակերպութեանց միջոցով»: Անոնցմէ մի քանին կոչ ըրին USA Armenian Life-ին հրապարակել «Վստահելի/օրինապաշտ կազմակերպութիւններու ցուցակը ընդդէմ՝ Անվստահելի կազմակերպններու, որոնք դրամ կը հաւաքեն Լիբանանին օգնելու համար»:
Լրատուամիջոցներու եւ մասնաւորապէս Ազատ Մամուլի մէջ գործող յետազօտող լրագրողներու պարտականութիւնն է իրենց ընթերցողներուն / հեռուստադիտողներուն / ունկնդիրներուն ահազանգել այն կազմակերպութիւններու մասին, որոնք իրենք իրենց սխալ կը ներկայացնեն կամ կը գործեն ստուերային պայմաններու մէջ, պատասխանատւութենէն հեռու եւ ամբողջական թափանցիկութեան բացակայութեան:


ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի խմբագրական կազմի լրագրողներն ու յետազօտող-լրագրողները կը պաշտպանեն թափանցիկութեան գործելա-կերպը եւ խիստ կարեւոր կը համարեն հաշուտւութիւնը եւ թափանցիկութիւնը հետամուտ ըլլալով համայնքային կեանքի բոլոր մակար-դակներու վրայ՝ ե՛ւ տեղական եւ ե՛ւ համաշխարհային մակարդակներու վրայ:
Հետեւաբար, Ամերիկայի, Գանատայի, Ֆրանսայի, Հայաստանի, Լիբանանի եւ այլ երկրներու մէջ յետաքննող լրագրողներու ցանցի հետ համագործակցելով՝ USA Armenian Life Magazine, ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ը, Armenianlife.com կայքէջը, USA Armenian Life Facebook-ի խմբագրակազմը կազմած է ցուցակը Վստահելի/օրինապաշտ կազմակերպ-ութիւններու:


Ահաւասիկ ցուցակը.
ՎՍՏԱՀԵԼԻ/ՕՐԻՆԱՊԱՀ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՆՆԵՐ
ՎՍՏԱՀԵԼԻ. Ամերիկայի Հայկական Աւետարանչ. Միութիւնը
ՎՍՏԱՀԵԼԻ.Արեւմտեան ԱՄՆի Հայ Օգնութեան Միութիւն:
ՎՍՏԱՀԵԼԻ. Արեւելեան ԱՄՆ-ի Հայ Օգնութեան Միութիւն:
ՎՍՏԱՀԵԼԻ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» Համահայկական Ֆոնտ ԱՄՆ:

ԿԱՐՄԻՐ ԱՀԱԶԱՆԳ ՀՆՉԵՑՆՈՂ | ԶԳՈՒՇԱՈՒՄ
ԱՆՎՍՏԱՀԵԼԻ / ոչՕՐԻՆԱՊԱՇՏ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.

ԱՆՎՍՏԱՀԵԼԻ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պաշտօնը
բռնազաւթած Գարեգին Բ-ն (որ 1999 թուականէն առ այսօր մասսայական կառավարման եւ զանգուածային իւրացումներու ապացուցուած վիճակացոյց ունի)

ԱՆՎՍՏԱՀԵԼԻ. Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի՝
արք. Յովնան Տերտերեան (մասսայական կառավարման եւ զանգուածային իւրացումներու ապացուցուած վիճակացոյց ունի)

ա) Գանատայի մէջ, որպէս Գանատայի Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդ (1990-2003) եւ
բ) Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ, որպէս Հայ եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ, (2003-առ այսօր)

ԱՆՎՍՏԱՀԵԼԻ եւ ոչՕՐԻՆԱՊԱՇՏ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԿՈՒԹԻՒՆ          Հակառակ այն պնդումներուն, որ «համահայկական խորհուրդ» կը հանդիսանայ նոյն ինքն՝ Ամերիկայի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ինքնահռչակ Համահայկական Խորհուրդը (PAC-WUSA), սակայն իրականութեան մէջ չէ ընտրուած Արեւմտեան Ամերիկայի հայ բնակչութեան կողմէն: Հետեւաբար այդ «մարմինը» այն չէ, այն ինչը որ կը պնդէ ըլլալ: Աւելին, անոր ետին կանգնած վիճելի անհատները պարզապէս յայտարարած են նուիրատւութիւն հայցելու արշաւ մը Hye Aid-ի դրօշի տակ, երբ hyeaid.com կայքէջը կը պատկանի մէկ այլ կազմկերպութեան մը: Այս յօդուածագիրը կապ հաստատած է Hyeaid.com- ի պաշտօնատարներու հետ, եւ անոնք ըսած են, որ իրենք որեւէ դրամահաւաք չեն կազմակերպած եւ թէ՝ այսպէս կոչուած Ամերիկայի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ինքնահռչակ Համահայկական Խորհուրդը իրաւունք չունի իւրացնելու այդ անունը:

Ինքնահռչակ Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը (PAC-WUSA) ենթակայ է հիմնականին մէջ երկու օլիգարխ-միահեծաններու՝ ՀՅԴ-ի օլիգարխ Վիգէն Յովսէփեանի եւ Արեւմտեան Թեմի վարկազրկուած արք. Յովնան Տերտերեանի (ԱՆՎՍՏԱՀԵԼԻ. Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի՝ արք. Յովնան Տերտերեան մասսայական կառավարման եւ զանգուածային իւրացումներու ապացուցուած վիճակացոյց ունի).
ա) Գանատայի մէջ, որպէս Գանատայի Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդ (1990-2003) եւ
բ) Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ, որպէս Հայ եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ (2003-առ այսօր)։
Վիգէն Յովսէփեան եւ Յովնան Տէրտէրեան կը շարունակեն խեղաթիւրել եւ իրենք իրենց ներկայացնել որպէս Արեւմտեան ԱՄՆի հայերու բարձրագոյն ղեկավարներ` առանց ժողովրդական ընտրութիւններու ճամբով ներկայացուցչութեան մանդատի:
«Քալիֆոռնիա Քուրիեր» շաբաթաթերթի խնբագիր Յարութ Սասունեան, ինքնահռչակ Համահայկական Խորհուրդի մասին, մօտ անցեալի ««Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Համահայկական Խորհուրդ, թէ՝ Հայկական կազմակերպութիւններու Խորհուրդ» յօդուածին մէջ, գրած է. «Համահայկական նոր Խորհուրդի անունը պէտք է ըլլար «Արեւմտեան Ամերուկայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համախմբում:… «Համահայկական»կը նշանակէ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի բոլոր հայերը կþանդամակցին այս Խորհուրդին, մինչդեռ վերը ներկայացուած են միայն կարգ մը կազմակերպութիւններու անդամներ: Հայերու մեծ մասը, որ որեւէ կազմակերպութեան մը անդամ չէ, ներկայացուած չէ այս Խորհուրդին մէջ: Թէեւ հայկական աւանդական քաղաքական երեք կուսակցութիւններէն երկուքը Խորհուրդի մէջ են, երրորդը՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը, չես գիտեր ինչո՞ւ, Խորհուրդին մէջ ներկայացուած չէ: Վերջապէս, իսկական Համահայկական խորհուրդը, կամ նման անուն կրող կառոյցը պէտք է ընտրուի Արեւմտեան Ամերիկայի կամ Սփիւռքի ամբողջ հայութեան քուէով, այլ ոչ թէ քանի մը կազմակերպութիւններու անդամներուն կողմէ: Միայն այսպիսի ժողովրդավարական կառոյց մը կրնայ յաւակնիլ Սփիւռքի հայութիւնը ներկայացնելու եւ խօսելու անոր անունով»:
Մեկնաբանելով այսպէս կոչուած խորհուրդի «ձեւաւորումը,» Քալիֆոռնիոյ նահանգի Լոնկ Պիչի համալսարանի քաղաքագէտ պրոֆեսոր Զ. Ս. Էնտրու Տէմիրճեան նշած է. «Ինքնակեդրոն օլիգարխիան անցեալին կը պատկանի: Այժմ մենք կþապրինք 21-րդ դարի մէջ՝ նպատակ ունենալով վերացնել 17-18-րդ դարերու հասարակական, գործարարական եւ կառավարութեան գործելաձեւերու հին եղանակները: Համայնքի ընտրուած անդամները մեզի պէտք է ներկայանան ժողովրդական քուէարկութեան միջոցով, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի իրաւունք ունենայ անհրաժեշ-տութեան պարագային փոխարինելու խորհուրդի մէջլաւ չաշխատող ներկայացուցչին: Առանց ժողովրդավարական ընտրութիւններու, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու խորհուրդի համահայկական «առաջնորդները» կը համարուին հայ համայնքի անօրինական ներկայացուցիչներ՝ խախտած ըլլալով հայկական սփիւռքի իւրաքանչիւր անդամի իր նախընտրած թեկնածուի օգտին քուէարկելու անքակտելի իրաւունքը: Անոնց, որոնք կþառաջնորդուին ժողովրդա-վարական սկզբունքներու հաստա-տուն համոզմամբ, պիտի չընդունուին եսասիրական, ինքնասէր անհատ-ներու փոքր խումբ մը կողմէն»:
Այս ցուցակը պարբերաբար կը թարմացուի հանրութեան իրազեկ-ւածութեան եւ մեր ժողովուրդի հաւաքական շահերու համար:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *