ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի



Աշխարհի հայերը միեւնոյն ժամանակ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը դիմակալեն:
Մինչ Հայաստան կը շարունակէ թիրախաւորուիլ Ատպէյճանի կողմէ, 2020-ի Յուլիսի 3-օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք, Լիբանանը կը տագ-նապի զանգուածային աւերածութիւններու հետե-ւանքով, որ յառաջ եկաւ Պէյրութի նաւահանգիստի Օգոստոսի 4-ի վիթխարի պայթիւններու հետեւանքով:

Համաշխարհային լրատուամիջոցները անընդհատ ուշադրութիւն կը դարձնեն Պէյրութի նաւահանգիստը ոչնչացուցած աղիտալի պայթիւնին կամ ռմբակոծութիւններուն: Իրականութեան մէջ, պահեստային խոշոր շէնքը, որ ենթադրաբար ,պայթումի ենթարկուած էր իբրեւ թէ ամոնիումի նիտրատի մեծ ծաւալի ,պատահարիե պատճառով, չի պայթեցաւ վնասելով ե՛ւ Արեւելեան ե՛ւ Արեւմտեան Պէյրութի բոլոր ուղղութիւններով: Աղիտալի պայթիւնը / ռմբակոծութիւնները հետաքրքրականօրէն ուղղուած էին հիմնականին մէջ Քրիստոնէական Արեւելեան Պէյրութին դէմսկսած Ճըմմեյզիէն մինչ Պուրճ Համմուտի լիբանանահայ քաղաքապետութիւնը:

Կը տեղեկացուի, որ «4 Օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտին հետեւանքով, մայրաքաղաք Պէյրութի Ժըմմէյզէ եւ Մար Մխայէլ շրջանին մէջ արձանագրուած է հայ զոհերու մեծագոյն թիւը: Այս թաղամասին մէջ է, որ նաեւ հայ բնակչութեան բնակարանները գրեթէ փլատակ վիճակի մէջ են: Այս բնակարանները կը գտնուին հիմնովին նորոգութեան անհրաժեշտութեան դիմաց: Էշրեֆիէ եւ Խալիլ Պետեւի շրջաններուն մէջ հիմնականին մէջ քանդուած են բնակարաններու պատուհաններն ու դռները, ինչպէս նաեւ ելեկտրական իրեր եւ մաս մըն ալ տնային կահոյք: Արեւմտեան Պէյրութի եւ Հատասի մէջ համեմատաբար բնակարաններու վնասները աւելի նուազ են»:

Աղէտէն անմիջապէս ետք արդէն շրջանի երիտասարդութիւնը լծուած է փրկարար աշխատանքի: Յաջորդող օրերուն մաքրութեան եւ քանդումներու պատճառով ստեղծուած աւերի վերացումը կը կատարուի լիբանահայ երիտասարդական միութիւններու օժանդակութեամբ: «Մաքրութեան առաջին փուլը աւարտած ըլլալով‘ այժմ կը կատարուի պատուհաններու եւ դռներու առժամեայ դասաւորում: Անտուն մնացած ընտանիքները ժամանակաւոր կերպով փոխադրուած են պանդոկ, իսկ մեծ թիւով ընտանիքներ ապաստանած են այլ շրջաններու մէջ գտնուող իրենց հարազատներուն տուները: Սննդամթերքի ապահովումը ամբողջական է‘ օտար կազմակերպութիւններու եւ տեղական հայ համայնքի կազմակերպական ղեկավարներու համատեղ ջանքերով: Կը տրամադրուին նախաճաշ, ճաշ եւ ընթրիք, ինչպէս նաեւ տուփերով սննդամթերք: Երիտասարդական ծառայողական խումբեր, իրենց կազմակերպած նուիրահաւաքի եւ օժանդակութեան աշխատանքները իրար հետ կը համադրեն, որպէսզի կարելի ըլլայ բոլոր ընտանիքներուն անմիջական կարիքներուն հասնիլ» կը շարունակէ տեղական լիբանանահայ աղբիւրներու տեղեկագրութիւնը:

Ամերիկայի Հայ Օգնութեան Միութիւնը՝ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ – ԼՕԽ-ի հետ գործակցաբար հոգեբաններու ճամբով նաեւ կը փորձէ աղէտի սարսափէն հոգեպէս տուժած հայորդիներուն բժշկական խնամք ապահովել:
Բազմաթիւ ընտանիքներու արտասահման բնակող հարազատներ արդէն իսկ չեն զլանար իրենց օգնութեան ձեռքը երկարելու: Տեղական կոմիտէն նիւթական հատուցում կը տրամադրէ նաեւ կարիքաւոր ընտանիքներուն, որպէսզի կարենան այս փուլին սնունդէն անկախ, իրենց անմիջական եւ անհրաժեշտ այլ պէտքերը ապահովել: Պէտք է աւելցնել, որ շրջանի եկեղեցիները, ակումբները եւ կրթական հաստատութիւնները իրենց կարգին ենթարկուած են մեծ քանդումներու:
Պէյրութի շրջանի բնակարաններու նորոգութիւնը եւ որոշ բնակարաններու վերաշինութիւնը մաս կը կազմէ լիբանանահայութեան վերականգնումի ընդհանուր աշխատանքին: Յայտնենք, որ Պէյրութի շրջանին համար արտասահմանեան կարգ մը գաղութներու մէջ, միութիւններ կը կազմակերպեն ներքին նուիրահաւաքներ:

Մայրաքաղաքի հայութեան ստացած այս մեծ հարուածը կարիքը ունի համահայկական ամբողջական նեցուկի, որուն համար արդէն աշխատանքները ծրագրաւորումէն անցած են գործնականացման փուլ:
Այս բոլորէն բացի, հարկաւոր է արագընթացօրէն վերականգնել տասնամեակներէ ի վեր սիստեմատիկ կերպով տկարացուած լիբանանեան արդիւնաբերական զանանզան օղակներ որպէսզի երկրէն ներս տարիներէ ի վեր բարձր անգործութիւնը մեղմացուի եւ Լիբանան վերադառնայ որոշ չափով ինքնաբաւութեան եւ ստիպուած չըլլայ խոշոր ներածումներ կատարելու դուրսէն: Ընդհակառակը Լիբանանը կարողականութիւնը ունի վերականգնելու տեղական բազմապիսի արտադրութիւններ եւ որոնց կարգին համացանցային բարձր ճարտարարուեստի արդիւնաբերութիւնը (IT technology):

Արժանահաւատ աղբիւրէ մը ՀԱՅ ԿԵԱՆՔին տեղեկացուեցաւ թէ Հայ Օգնության Միութիւնը, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը, «Code 3 Angels», «Pax Pharmacy» եւ «Mepha» ընկերութիւնները կը համագործակցին ‘ուղարկելով Լոս Անճելոսի օդանաւակայանէն՝ Պէյրութ, յատուկ բեռնափոխադրումներ‘ 2.05 տոննա դեղօրայք, բժշկական պիտոյքներ, վէրքերու բուժման պիտոյքներ: Կ՛ակնկալուի, որ առաքումը ժամանէ Երկուշաբթի վաղ առաւօտեան, հասնելու բժշկական կեդրոններ եւ հիւանդանոցներ: «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը կազմակերպած եւ համակարգած է բոլոր օդային փոխադրումներու նիւթատեխնիկական ապահովումը եւ գործողութիւնները՝ Լոս Անճելոսէն՝ մինչեւ Պէյրութ:



Շատ գովելի է ամերիկահայութեան վստահութիւնը վայելող հայկական այս զոյգ կազմակերպութիւններու միջեւ ակտիւ համագործակցութիւնը յօգուտ՝ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մեր արիւնակից քոյրերու եւ եղբայներու ցաւերու եւ տանջանքներու մեղմացման եւ վերացման:

Հարկաւոր է որ մեր համայքնը զգօն ըլլայ եւ չիյնայ անվստահելի տարրերու եւ ոչ թափանցիկ կազմակերպութիւններու ծուղակը որոնք կը միտին չարաշահել մեր ժողովուրդի բարեսրտութիւնն ու բարեկամեցողութիւնը:

Ինչպէս անցեալ շաբաթ նշուեցաւ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔի մէջ, շատ փափաքելի է որ համայնքի անդամները ուշադիր լսեն բազմաթիւ այլ ընթոերցողներու արդարացի մտահոգութիւնները անվստահելի եւ զեղծարար անձերու մասին:
Բազմաթիւ ամերիկահայեր կը պնդեն, որ «Ոչ մէկ գումար պէտք չէ վստահուի ստուերային կերպարներու եւ կազմակերպութիւններու, որոնք ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն կը վերահսկուին կասկածելի անձանց կողմէն»:

Վերջին օրերուն, բազմաթիւ ընթերցողներ ահազանգ հնչեցուցին, «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»ի խմբագրական կազմին ուշադրութեան յանձնելով այն էլեկտրոնային հաղորդագրութիւնը, որ անոնք ստացած են Արեւմտեան Թեմի արք. Յովնան Տէրտէրեանէն եւ Գարեգին Բ-էն որով վերջիններս նուիրատւութիւններ կը յայցեն «Իբրեւ թէ Լիբանանին օգնելու համար»: Շատեր իրենց վրդովմունքը յայտնեցին՝ ըսելով, որ «թէ՛ Տէրտէրեանի, թէ՛ Գարեգին Բ-ի կողմէն սխալ կառավարման եւ հսկայական չարաշահումներու բազմաթիւ գործողութիւններու ֆոնին, անոնք կը մերժեն նուիրատւութիւն վստահիլ անոնց, ու իրենց նուիրատւութիւնները կը միտին կատարել միայն վստահելի անձանց կողմէ ղեկավարուող կազմակերպութեանց միջոցով»: Անոնցմէ մի քանին կոչ ըրին USA Armenian Life-ին հրապարակել «Վստահելի կազմակերպութիւններու ցուցակը ընդդէմ՝ Անվստահելի կազմակերպններու, որոնք դրամ կը հաւաքեն Լիբանանին օգնելու համար»:

Լրատուամիջոցներու եւ մասնաւորապէս Ազատ Մամուլի մէջ գործող յետազօտող լրագրողներու պարտականութիւնն է իրենց ընթերցողներուն / հեռուստադիտողներուն / ունկնդիրներուն ահազանգել այն կազմակերպութիւններու մասին, որոնք իրենք իրենց սխալ կը ներկայացնեն կամ կը գործեն ստուերային պայմաններու մէջ, պատասխանատւութենէն հեռու եւ ամբողջական թափանցիկութեան բացակայութեան:

ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի խմբագրական կազմի լրագրողներն ու յետազօտող լրագրողները կը պաշտպանեն թափանցիկութեան գործելակերպը եւ խիստ կարեւոր կը համարեն հաշուտւութիւնը եւ թափանցիկութիւնը հետամուտ ըլլալով համայնքային կեանքի բոլոր մակարդակներու վրայ՝ ե՛ւ տեղական եւ ե՛ւ համաշխարհային մակարդակներու վրայ:

Հետեւաբար, Ամերիկայի, Գանատայի, Ֆրանսայի, Հայաստանի, Լիբանանի եւ այլ երկրներու մէջ յետաքննող լրագրողներու ցանցի հետ համագործակցելով՝ USA Armenian Life Magazine, ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ը, Armenianlife.com կայքէջը, USA Armenian Life Facebook-ի խմբագրակազմը կազմած է ցուցակը Վստահելի/օրինապաշտ կազմակերպութիւններու:

Ահաւասիկ ցուցակը.
ՎՍՏԱՀԵԼԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈԻԹԻՒՆՆԵՐ
ՎՍՏԱՀԵԼԻ. Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Միջին Արեւելքի, Հայաստան-Արցախի եւ Ամերիկայի մէջ հայանպաստ գործունէութիւն կը ծաւալէ արդեն տասնամեակներէ ի վեր, բոլորին ծառայելով՝ առանց խտրականութեան: Անոր բերած կրթական եւ բարեսիրական նպաստը մեծապէս արժանացած է հայութեան գնահատանքին:
ՎՍՏԱՀԵԼԻ.Արեւմտեան ԱՄՆի Հայ Օգնութեան Միութիւն:
ՎՍՏԱՀԵԼԻ. Արեւելեան ԱՄՆ-ի Հայ Օգնութեան Միութիւն:
1910 ին հիմնուած Հայ Օգնութեան Միութիւնը՝ իր նպաստը կը շարունակէ բերել կամաւոր հայուհիներու աշխարհասփիւռ բանակով մը:
ՎՍՏԱՀԵԼԻ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» Համահայկական Հիմնադրամը, Արեւմտեան եւ Արեւելեան ԱՄՆ, կը շարունակէ իր ազգանպաստ առաքելութիւնը թափանցիկութեան ներքոյ:

Վերեւ նշուած կազմակերպութիւնները վաստկած են ամերիկահայութեան վստահութիւնն ու աջակցութիւնը:

Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի անվստահելի տարրերու կողմէ վերահսկուող կազմակերպութիւններու։

Տեսէք էջ 3-ի ցուցակը որ կազմուած է բազմաթիւ ամերիկահայ ակտիվիստներու կողմէ։ Այց ցուցակը թարմացուած եւ հրապարակուած՝ 14 Օգոստոս, 2020 կ.ե. ժամը 2։08 Լոս Անճելոս, ԱՄՆ։ Ան պարբերաբար պիտի թարմացուի եւ ներկայացուի Հայ հանրութեան իրազեկուածութեան եւ մեր ժողովուրդի հաւաքական շահերու պաշտպանութեան համար:

ԱՆՎՍՏԱՀԵԼԻ եւ ՈՉ ԹԱՓԱՆՑԻԿ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐը որոնք արժանի չեն մեր ժողովուրդի աջակցութեան, հետեւեալներն են.
ԱՆՎՍՏԱՀԵԼԻ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պաշտօնը բռնազաւթած Գարեգին Բ-ն 1999 թուականէն առ այսօր մասսայական վատ կառավարման եւ զանգուածային իւրացումներու ապացուցուած վիճակացոյց ունի։

ԱՆՎՍՏԱՀԵԼԻ. Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի՝ արք. Յովնան Տերտերեան մասսայական վատ կառավարման եւ զանգուածային իւրացումներու ապացուցուած վիճակացոյց ունի.
ա) Գանատայի մէջ, որպէս Գանատայի Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդ (1990-2003) եւ
բ) Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ, որպէս Հայ եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ, (2003-առ այսօր)

ՈՉ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐ, Հակառակ այն պնդումներուն, որ «համահայկական խորհուրդ» կը հանդիսանայ նոյն ինքն՝ Ամերիկայի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ինքնահռչակ Համահայկական Խորհուրդը (PAC-WUSA), սակայն իրականութեան մէջ չէ ընտրուած Արեւմտեան Ամերիկայի հայ բնակչութեան կողմէն: Հետեւաբար այդ «մարմինը» այն չէ, այն ինչը որ կը պնդէ ըլլալ: Աւելին, անոր ետին կանգնած վիճելի անհատները պարզապէս յայտարարած են նուիրատւութիւն հայցելու արշաւ մը Hye Aid-ի դրօշի տակ, երբ hyeaid.com կայքէջը կը պատկանի մէկ այլ կազմկերպութեան մը: Այս յօդուածագիրը կապ հաստատած է Hyeaid.com- ի պաշտօնատարներու հետ, եւ անոնք ըսած են, որ իրենք որեւէ դրամահաւաք չեն կազմակերպած եւ թէ՝ այսպէս կոչուած Ամերիկայի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ինքնահռչակ Համահայկական Խորհուրդը իրաւունք չունի իւրացնելու այդ անունը:

Ինքնահռչակ Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը (PAC-WUSA) ենթակայ է հիմնականին մէջ երկու օլիգարխ-միահեծաններու՝ ՀՅԴ-ի օլիգարխ Վիգէն Յովսէփեանի եւ Արեւմտեան Թեմի վարկազրկուած արք. Յովնան Տերտերեանի (ԱՆՎՍՏԱՀԵԼԻ. Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի՝ արք. Յովնան Տերտերեան մասսայական կառավարման եւ զանգուածային իւրացումներու ապացուցուած վիճակացոյց ունի).
ա) Գանատայի մէջ, որպէս Գանատայի Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդ (1990-2003) եւ բ) Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ, որպէս Հայ եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ (2003-առ այսօր)։

Վիգէն Յովսէփեան եւ Յովնան Տէրտէրեան կը շարունակեն խեղաթիւրել եւ իրենք իրենց ներկայացնել որպէս Արեւմտեան ԱՄՆի հայերու բարձրագոյն ղեկավարներ‘ առանց ժողովրդական ընտրութիւններու ճամբով ներկայա-ցուցչութեան մանդատի:

Ինչու՞ այս ինքնաքննադատութիւնը։
Մեր յարգելի, անգին եւ բազմաչաչար ժողովուրդը արժանի է լաւագոյնին։
Արտաքին աշխարհէն, ոչ մէկ ուժ ՀԱՅ ժողովուրդին, լաւագոյնին արժանի պիտի չի դարձնէ բացի հայը։ Ֆրանսական վերածնունդի դասական գրականութեան տիտաններէն՝ Վիքթոր Հիւկօ ըսած է. «Օգնէ՛ դուն քեզի, եւ երկինքը կը հասնի քու օգնութեան»։ ՀԱՅ ժողովուրդին ազգային փրկութեան առաքելութիւնը բաձառապէս վերապահուած է ՀԱՅ ժողովուրդին։

Պատմութեան էջերը առլցուն են բազմաթիւ դրուաքներով որոնք կը վերաբերին պատմական այնպիսի պահերու երբ մեր ժողովուրդը ինքզինք գերազանցելով յաղթահարած է միաժամանակ յայտնուած բազմաթիւ ճակատներ եւ բազմաշերտ դժուարութիւններ։ Քուցէ հրաշքով։ Քուցէ ՆԱԽԱԽՆԱՄՈՒԹԵԱՆ օրհնութեամբ եւ զօրակցութեամբ։

Ճիշտ է, մեր հաւատքը զօրաւոր է եւ Աստուած Մեծ է։ Ճիշտ է՝ հրաշքներ միշտ ալ հնարաւոր են։

Բայց մենք ալ պէտք է, տեւապէս ընենք մեր լաւագոյնը։
Հիմա այնպիսի դարաշրջան մը կ՛ապրինք ուր հրաշքները բաւարար չեն գոյատեւելու համար։ Ամենալաւ կազմակերպուծներն են, որ պիտի գոյատեւեն եւ բարգաւաճին։

Ոչ մէկ բան պէտք չէ պատահականութեան թողել։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *