ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի

Օգոստոսի 21-ին, Պուլկարիոյ հայկական եկեղեցւոյ առաջատար անդամները յայտարա-րեցին իրենց զօրաւոր ընդդիմութեան մասին Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի‘ Հայ եկեղեցւոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը ջնջելու փորձերուն: Նման վճռական քայլեր ձեռնարկելով՝ Պուլկարահայերը միացան Ֆրանսայի մէջ գործող շարք մը հայ եկեղեցական ծուխերու, որոնք կը պաշտպանեն Ֆրանսայի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ժողովրդավարական կանոնադրութիւնը (սահմանդրութիւնը):
Վերջերս շարք մը ամերիկահայեր, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսան ուժեղ ընդդիմութիւն գործադրել‘ Գարեգին Բ-ի եւ Յովնան Տէտէրեանի կողմէ առաջ քշուող եկեղեցւոյ կանոնադրութիւններու մէջ փոփոխութիւններու դէմ: Ամերիկահայերէ շատերը այդ փոփոխութիւնները պիտակաւորած են որպէս «պարտադրանք Գարեգին Բ կաթողիկոսի եւ անոր համա-խոհներ՝ Արեւմտեան Թեմի արք. Յովնան Տէրտէրեանի եւ Մոսկուայի Եզրաս Ներսիսեանի կողմէ» որպէս՝ «կտրականպէս անընդունելի»:

21 Օգոստոսի ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի հեռուստահաղորդումէն, յայտնի հրապարակախօս եւ հետազօտող լրագրող Ոսկան Մխիթարեան ըսաւ. «Ֆրանսայի հայոց թեմի նշանակեալ առաջնորդ Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանը Նիսի նախկին հոգեւոր հովիւ՝ տխրահռչակ Գրիգոր աբեղայ Խաչատրեանը նշանակեց առաջնորդական փոխանորդ Ֆրանսայի պէս կարեւոր Թեմին, ուր ամէնօրեայ գաղութային բողոքներ կը տառապեցնեն Ֆրանսահայ գաղութը անխտիր: Տխրահռչակ այս աբեղան Նիսի ամբողջ համայնքը պառակտելէ ետք, հիմա պիտի «լուծէ» Ֆրանսայի առաջնորդարանի հովանիին տակ գտնուող հայկական միւս համայնքներու տարակարծութիւնները: Հիւսիսային Ամերիկայի նման, կանոնական խախտումներ տեղի կ’ունենան նաեւ Ֆրանսայի թեմէն ներս եւ այս բոլոր կանոնական խախտումներուն «հեղինակ-հերոսը» Գարեգին Բ. կաթողիկոսն է, ծածուկ նպատակ ունենալով բռնագրաւել սփիւռքի բոլոր հաստատութիւններն ու անոնց նիւթական հարստութիւնները, կը փորձէ կանոնագրային փոփոխու-թիւններ ստեղծել Սփիւռքի թեմական կեանքէն ներս: Այս փորձը սակայն ձախողեցաւ Նիսի մէջ, ուր ոտքի կանգնեցաւ համայնքի ընտրեալ վարչութիւնը եւ մերժեց ընդունիլ որեւէ թեմական նոր կանոնագրութիւն»:

Մխիթարեան նաեւ նշեց. «Ժողովրդային այս պոռթկումին հակազդելու համար, Ամենայն Հայոց Հայրապետը, իր բոլոր քաղաքական լծակները գործածելով, ֆրանսական դատարանի միջոցաւ իր կամքը փորձեց պարտադրել, եւ որովհետեւ չկրցաւ կալուածին տէր դառնալ՝ որոշեց 26 Յունուար 2012-ին պաշտօնապէս յայտարարել թէ Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցին այսուհետեւ Առաքե-լական ըլլալէ կը դադրի: Կը խօսինք եկեղեցւոյ մը մասին, որ առաւել քան 80 տարիներ ճանչցուած է որպէս Հայ առաքելական եկեղեցի («Էկլիզ Արմէնիէն Կրեկորիէն»): Օծուած այս եկեղեցին, որ տարիներու ընթացքին հաւատք եւ յոյս ջամբած է իր հաւատացեալներուն, որու Ս. Սեղանին վրայ պատարագուած է նոյն ինքն Քրիստոս, յանկարծ կը յայտարարուի ՈՉ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ: Սա կը նշանակէ որ մեր բոլոր Ս. Խորհուրդները անիմաստ են եւ կարելի է զանոնք յետս կոչել եթէ մեր կամքը չենք կրնար պարտադրել»:

Մխիթարեան ակնարկեց. «Ահաւասիկ այս դժբախդ կացութիւնը անտառային հրդեհի նման կը տառածուի գաղութէ գաղութ: Այսօր]– մեծ տագնապ կþապրի Պուլկարահայ գաղութը: Գարգին Բ. Կաթողիկոս կը սպառնայ ըսելով որ քահանայ պիտի չղրկէ այդտեղ եթէ իր նոր խմբագրած ՈՉ օրինական կանոնագրութիւնը մերժեն ընդունիլ: Ահաւասիկ նոր խայտառակութիւն մը երբ ամբողջ սփիւռքը կը պայքարի իր ամէնօրեայ գոյութենական պայքարներով անդին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս կը փորձէ կործանել մեր ժողովուրդի հաւատքը հանդէպ իր եկեղեցւոյ, որ զինք պահած է դարերու ընթացքին ամէն տեսակի մարտահրաւէրներու դիմաց: Անգամ մը եւս Խորենացին պէտք է գրէ «Ողբ Հայ Եկեղեցւոյ»։ Մեր լռութեամբ քաջալերած կ’ըլլանք անօրինականութիւնը եւ մեղսակից կը դառնանք Եկեղեցւոյ բարոյական քայքայման եւ անկումին: Ժողովուրդը պէտք է գիտնայ եւ հաշիւ պահանջէ բոլոր այ՛ն կասկածելի գործերու մասին, որոնք կը կատարուին Եկեղեցիէն ներս եւ կամ եկեղեցականներու ձեռամբ: Երբ դիրքի եւ պաշտօնի չարաշահում կայ, անհրաժեշտ է խօսիլ այդ մասին եւ հանգամանօրէն հաշիւ պահանջել եթէ կը փափաքինք ազգաշէն գործ կատարել»:

Օգոստոսի 5-ին, բաց նամակի մը մէջ‘ ուղղուած Ֆրանսայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանին եւ Թեմական Խորհուրդի նախագահ պր. Ռոպերթ Ազիլազեանին, Նիսի Սբ. Մարիամ Աստուածածին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Նախագահ Պր. Ռիչըրտ Թագւորեան հաստատած է. «Դուք տեղեակ պիտի ըլլաք այն սպառնալիքներէն, շանտաժէն, ահաբեկումէն, որոնք կրած է մեր համայնքը 15 տարի առաջ Նիսի մէջ։ Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի կողմէն՝ Վաչէ քահանայի նշանակուելէ յետոյ, որ սարսափ կը սերմանէր մեր համայնքի մէջ, եւ որուն յետագային արգիլուեցաւ ապրիլ Ալպ-Մարիթիմի մէջ: Ան միշտ պաշտպանուած եղած է Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի կողմէ, ընդդէմ այդ ժամանակուան Թեմական առաջնորդ, հանրայտնօրէն (եւ անարդարօրէն–խմբ.) նուաստացուած Գերաշնորհ Նորվան Զաքարեանի, որ փրկութիւն գտաւ՝ հրաժարականով: … Այսօր՝ նոյն սպառնալիքները, շանտաժը եւ ահաբեկումը, ծխական կանոնադրութեան ստորագրութեանն առնչւող, որ մեր համայնքն արդեն իսկ գերակշիռ մեծամասնութեամբ մերժած է 2006 թուականի Փետրուարի 26-ի իր տարեկան ժողովի որոշմամբ»:
Պր. Թագւորեան շարունակած է. «Այո: Աւելի քան 10 տարի տեւած գողգթայ, որու ընթացքին Գարեգին Բ Կաթողիկոսը իրականացուց հերթականութեամբ. մեր համայնքը ահաբեկած Վաչէ քահանան այդ ժամանակուայ Թեմական Առաջնորդ Նորվան Սրբազանին; Թեմական Խորհուրդի նախագահ Ջոլոլեանին, ապայ Ազիլազեանին, Սբ. Ֆիլիպ եկեղեցիին, եւ այսօր կարծես թէ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Վահան Սրբազանի կեղծ ստորագրութիւնով՝ կը ստիպէ պարտադրել մեզի իր «օրէնքը», չմոռնալով իրականացուած ինտրիգային «վերաօծման» հնարքը»:
Պր. Թագւորեան բարձրաձայնած է. «Քանի դեռ ամբողջ աշխարհը կը գտնուի խորունկ ճգնաժամի մէջ «Կովիդ 19» վիրուսի –«թագաժահրի» պատճառով, երբ տնտեսութիւնները փլուզումի մէջ են, գործազրկութիւնը բարձրացած է, քաղաքացիական խաղաղութիւնը վտանգի տակ է, պատերազմի վտանգ կայ Հայաստանի մէջ, երբ Ալիեւը կը սպառնայ պայթեցնել Մեծամորի ատոմակայանը, այս պահին, երբ թուրք-ատրպէյճանական զոյգը հայկական սփիւռքը կը վտանգէ եւ հակահայութիւն կը հրահրէ աշխարհի մէջ, Գարեգին Բ կաթողիկոս ամբողջովին զբաղուած է այն բանով, որ փոխանակ հայութիւնը համախմբելու եւ ամրապնդելու, կը մասնատէ եւ կը թուլացնէ մեր Սփիւռքը, եւ մասնաւորապէս 2012-ի Յունուարի 27-ի իր ոխակալ Հայրապետական Կոնդակով, որով, առանց խորհրդակցելու Ֆրանսայի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Թեմի հետ, ան պատժամիջոցներ կիրառած է ամբողջ համայնքի մը դէմ՝ ցեխ շպրտելով վրան, հրամայելով խլել Նիսի մեր Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ «Առաքելական» անունը, ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ՝ ՄԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ 301թ.էն ի վեր՝ սպառնալով մեր Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմքերուն, որ քարը քարին դրուելով շինուած է մեր համայնքի հիմնադիր անդամներու կողմէն, եւ օծուած է Պալաքեան Սրբազանի կողմէն 1927-ին»:
Պր. Թագւորեան ընդգծած է. «Կաթողիկոսը ինչպէս Նիսի, նոյնպէս վարուեցաւ նաեւ Ժընեւի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հետ, հեռացնելով իրենց յարգուած քահանայ՝ Հայր Աբելին, որ բոլորէն կը գնահատուէր, փակելով իրենց եկեղեցին միաժամանակ ստեղծելով նոր մրցակից միութիւն մը, ճիշտ այնպէս ինչպէս Նիսի մէջ, բայց նաեւ այլուր. Պուլկարիոյ՝ Սոֆիայի մէջ, Պալթեան երկիրներու՝ Վիլնիյուսի մէջ եւ Ռիգայի մէջ, մեր եկեղեցիներու դէմ ապակայունացման այլ փորձեր՝ Պելճիքայի եւ Հոլանտայի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Ռուսաստանի մէջ՝ 12 ծխական համայնքներու դէմ, ինչպէս նշուեցաւ անցեալ տարի BBC-ի ռուսերէն հաղորդումով եւ կրկին նենգախաղեր Գանատայի եւ ԱՄՆ-ի մէջ»:
Պր. Թագւորեան եզրափակած է. «Ընդհանուր առմամբ, բոլորն ալ հասկցած են, որ Գարեգին Բ կաթողիկոսի ռազմավարութիւնը կը միտի ամբողջ Սփիւռքի բոլոր կրօնական համայնքներու մէջ այնպէս մը ընել որ քահանան գերիշխէ աշխարհականներու վրայ՝ մեր եկեղեցիներու մէջ աշխարհականներուն փոխարինելով միայն կրօնական դասով (խմբ. — առանց հաշուետւութեան եւ թափանցիկութեան), մասնաւորապէս, բայց ոչ միայն ֆինանսներու կառա-վարմամբ այլ նաեւ իշխանութիւններու մօտ որպէս հաւատացեալներու ներկայացուցիչ հանդէս գալով իւրաքանչիւր երկրի մէջ: Դուք կրնա՞ք պատկերացնել, որ Ֆրանսայի մէջ սա ամբողջովին անօրինական է, հակառակ է 1901 եւ 1905 թուականներու օրէնքներուն — եկեղեցւոյ եւ պետութեան տարանջատման եւ կը սպառնայ Հանրապետութեան հիմքերուն»:
Հիմնական խնդիրն այն է, որ Գարեգին Բ Կաթողիկոսը, Յովնան Տէրտէրեան եւ անոնց գողապետութիւնը կը փորձեն վերացնել ժողովրդավարութիւնը Հայ եկեղեցւոյ մէջ միակողմանիօրէն ջնջելով տասնեակ հազարաւոր եկեղեցւոյ անդամ՝ աշխարհականներու իրաւունքները ամբողջ աշխարհի մէջ՝ սկսած Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Աւստրալիայէն մինչեւ Ֆրանսա, Պետճիքա, Հոլանտա եւ Պուլկարիա:
Եկեղեցւոյ ապագայի հեռանկարը բարեբախտաբար աստիճանաբար բարելաւումի մէջ է, քանի որ հետսհետէ բազմացող աշխարհական անդամներ կտրականապէս դէմ են այդ «գարե-գինա-յովնանական» ոտնձգութիւն-ներուն:
ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՆԱԽԿԻՆ ՍՈՎԵՏԻ ՄԷՋ. Ներկայ իրերու դրութեամբ, Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ նախկին Խորհրդային տարածքի այլ հայկական համայնքներու հազարաւոր անդամներ կը շարունակեն զրկուիլ եկեղեցւոյ մէջ իրենց ժողովրդա-վարական-սահմանդրական իրաւունքներէն որպէս ուղակի հետեւանք բոլշեւիկեան ռեժիմի հակաեկեղեցական քաղաքականութեան: Բոլշեւիկ KGB Karekin-ն ու նոյնպէս Բոլշեւիկ KGB Յովնան Տէրտէրեանն ու րեինց անմինջական կցորդներ ալ՝ Բոլշեւիկ KGB Մանուկ քհն. Մարգաեան, Բոլշեւիկ KGB Էտմոն Ազատեան եւ հակահայ հայկական ոգիէ թափուր ՀԲԸՄ-ի մէնատէր Պերճ Սեդրակեան նոյն այդ քաղաքականութիւնը կը շարունակեն։ Իրենք իրենցմով այնքան «գոհ» են որ հաշուեյարդարի կþենթարկեն Սփիւռքն ու հայութիւնը՝ ընդհանրապէս։
Գարեգին Բ կաթողիկոսը, արք. Յով-նան Տէրտէրեանը, ինչպէս նաեւ Գարեգին Բ-ի արիւնակից եղբայրը՝ Մոսկուայի Եզրաս արք. Ներսիսյանը ամեն ինչ կþընեն, որպէսզի եկեղեցին ետ տանին դէպի միջնադար՝ քարանձաւ-ային հոգեբանութեամբ: Կը փորձեն կրօնական ճորտատիրութիւն հիմնել: Բայց Ազատ Աշխարհի հազարաւոր հայեր, որոնք վարժուած են եկեղեցւոյ մէջ ժողովրդավարութեան‘ ըստ Հայկական Ազգային Սահմա-նադրութեան, ոչ միայն կը պաշտպանեն իրենց ժողովրդավարական եկեղեցական օրէնսդրութիւնը, այլեւ՝ օգնութեան ձեռք կը մեկնեն իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն նախկին սովետական տարածքի մէջ, վերականգնելու՝ իրենց ժողովրդավարական իրաւունքները բոլոր Թեմերու եւ ծուխերու մէջ:
Եթէ Գարեգին Բ անխոհեմ աջակցութեամբը արք. Տէրտէրեանի, շարունակէ արգելափակել Հայաստանի քաղաքացիներու ժողովրդավարական իրաւունքները Եկեղեցւոյ մէջ, նախկին Սովետական Միութեան տարածքին, Հայաստանի քաղաքացիները եւ միւս նոր կայացած ժողովրդավարական կարգերը իրաւունք ունին իրենց գործերը դատարան ներկայացնելու:
Ի վերջոյ, Հայաստանը «բանանային հանրապետութիւն» չէ: Ան աշխոյժ եւ կեսունակ ժողովրդավարութիւն է։ Եւ ունի իրաւական պարտաւորութիւններ իր քաղաքացիներու նկատմամբ:
Որպէս գերիշխան պետութիւն, Հայաստանն ունի իր քաղաքացիներու հանդեպ հաւատարմութեան պարտա-կանութիւն՝ ամեն բանէ վեր դասելու իր քաղաքացիներուն սահմանադրական իրաւունքները, ինչպէս Ֆրանսան, Գերմանիան, Միացեալ Նահանգները եւ Ազատ Աշխարհի այլ կայացած ժողովրդավարութիւնները: