Դոկտ. Մինաս Գոճայեան,
Լոս Անճելըս, 31 Օգոստոս 2020 | Keghart.org
Քելէ լաօ, քելէ էրթանք մըր էրկիր: (Ժող. երգ)
Հայկական բանահիւսութեան (ֆոլքլոր) ամենէն գլխաւոր ստեղծագործութիւնները նուիրուած են հայրենի տան, պանդուխտին, հայրենի տուն վերադարձին եւ կարօտին: Հայը կը դիմէ կրունկին եւ անկէ լուր (խապ-րիկ) մը կը սպասէ, կը հիանայ արագիլով, որ ամէն տարի միշտ նոյն բոյնը կը վերադառնայ, ծիծեռնակը միշտ նոյն անկիւնը կը հիւսէ իր բոյնը…:
Մեր ժողովուրդի վերջին հազարամեակը յատկանշուեցաւ գաղթերով, ցրւումով, օտարա-ցումով, ձուլումով, բայց միշտ վառ մնաց օր մը հայրենի տուն վերադառնալու երազը զիրար յաջորդող սերունդներուն մէջ:
Բանաստեղծ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան «Եղբայր եմք մենք» ոտանաւորին մէջ կ’ըսէ թէ մենք «մրրիկներու» պատճառաւ բաժնուած ենք ու հեռացած իրարմէ, բայց «եղբայր եմք մենք» եւ ձեռք ձեռքի տալով պէտք է կերտենք մեր հայրենի բնօրրանը:
Այս երգերն ու տրամադրութիւնները վառ կը մնան մինչեւ օրս՝ մանաւանդ երբ վերջին տասնամեակներուն Միջին Արեւելքի երբեմնի հայահոծ ու կենսուրախ մեր գաղութները ենթարկուեցան ու կ’ենթարկուին ընկերային, տնտեսական, քաղաքական ու ռազմական ցնցումներու: Վերջին քանի մը տարիներուն այս շրջանի հայութիւնը փրկելու կոչերուն մէջ կը հնչեն Հայաստան եւ Արցախ հաստատուելու եւ մեր պատմական հողերուն գէթ փրկուած մասին վրայ հաստատուելու ազնիւ կոչերը:
Այս խնդիրը միշտ եղած է ուշադրութեան առարկան մեր առցանց keghart.org թերթին, որ վաղուց ծրագրած էր քննարկում մը սկսիլ այս առնչութեամբ: Հետեւաբար քանի մը ամիս առաջ խմբագրութիւնը մեկնարկեց առցանց խորհրդակցութիւն մը իր թղթակիցներուն եւ վերոյիշեալ նիւթը սրտամօտ նկատող մտաւորականներու հետ: Մեր նպատակն էր լսել զանազան թելադրութիւններ, առաջարկութիւններ եւ լուծման հնարաւոր եւ գործնական տարբերակներ:
Աւելի քան երկու ամիս երկարող այս նախնական քննարկումներուն շնորհիւ ունեցանք բազմաթիւ շինիչ եւ բանական առաջարկութիւններու թղթապանակ մը: Մասնակիցներուն աշխարհագրական տարածութիւնը կ’ընդգրկէր Հայաստանը, Լիբանանը, Գերմանիան, ԱՄՆ-ը եւ Գանատան: Կը մասնակցէին հայրենաբնակներ, արտագաղթածներ եւ տարբեր մասնագիտութիւններու տիրացած հայրենակիցներ: Պէտք է ուրախութեամբ ընդգծենք նաեւ Հայաստանի տարբեր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու (բուհ) մէջ անցնող յիսուն տարիներու ընթացքին ուսանած կարեւոր թուով նախկին ուսանողներու մասնակցութիւնը:
Պէտք կը զգանք աւելցնելու թէ սոյն ծրագիրը ստիպուած եղանք հետաձգել՝ Յուլիսին Հայաստանի վրայ կատարուած Ատրպէյճանի կողմէ յարձակման եւ Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումին պատճառով:
Եւ այսպէս, այս առնչութեամբ առաջին արձագանքողներէն եղած էր մեր յարգելի աշխատակիցներէն Պրն. Սամուէլ Յովասափեան (Սամվել Հովասափյան, Գերմանիա), ով լրջօրէն զբաղած էր հայրենադարձութեան հարցով եւ ատենին պարբերաբար մեր ուշադրութեան յանձնած էր իր նկատառումները: Ան ջատագովն էր տունդարձի գաղափարին՝ հայկական աւելի խոցելի նկատուող համայնքներէն դէպի Արցախ: Ան կը գրէր. «Մենք՝ սփիւռքահայերս, պէտք է որ մի շարժում սկսենք Արցախի ազատագրուած տարածքները վերաբնակեցնելու համար, բայց չգիտեմ ինչպէս։ Արդեօ՞ք կարող ենք «Գեղարդ»ի միջոցով կոչ ուղղել, որպէսզի ամէն մարդ իր կարծիքը յայտնի, առաջարկներ անի և այլն։ Ես գտնում եմ, որ վերջին երեսուն տարուայ ընթացքում մենք ոչ մի քայլ չարեցինք այդ ուղղութեամբ։ Եթէ այսօր հայութիւնը այդ ուղղութեամբ քայլեր չձեռնարկի, ապա շուտով կ’անցնի եւս երեսուն տարի և հայութիւնը դոփելու է նոյն տեղում»։ (26 Մայիս 2020)
Այսօրուայ դրութեամբ շատ շատերու մօտ կը տիրէ այն համոզմունքը թէ՝ թէեւ սփիւռքահայութեան Միջին Արեւելքի հոծ համայնքները զիրենք որդեգրած երկիրները ստիպուած լքելով հաստատուեցան Արեւմտեան Եւրոպա, Ամերիկաներ ու Աւստրալիա եւ ազատեցան քաղաքացիական պատերազմներէ, ռազմական բախումներէ, բայց գալիք սերունդները զգալիօրէն հեռացան իրենց արմատներէն: Ուրեմն այս վերջիններս պէտք է լրջօրէն մտածեն նաեւ դէպի Հայաստան եւ Արցախ հաս-տատուելու ուղղութեամբ, շարժում մը, որ ինքնաբերաբար պիտի նպաստէր Պատմական Հայաստանի՝ հայութեան հսկողութեան տակ գտնուող տարածք-ներու բնակեցման ու զարգացման:
Ցաւօք սակայն, առարկայական եւ ենթակայական որոշակի ազդակներու բացակայութեան պատճառով գրեթէ արհամարհելի թիւ մը կազմեց հայրենի տա-րածքներու վրայ հաստատուողներու թիւը: Ասոր կող-քին կայ նաեւ աւելի աննպաստ շարժումի մը բացա-յայտ իրողութիւնը՝ հոծ թիւով հայերու արտագաղթը:
Ինչո՞ւ: Պատճառները յայտնի են, որոնց մասին կը խօսինք երբեմն բացայայտ, երբեմն ալ շշուկով…: Կը ծագին հարցեր՝
Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի այս վիճակը:
Պիտի կարողանա՞նք գտնել ներգաղթ կազմակերպելու իրականանալի եւ հնարաւոր միջոցները:
Անցեալի փորձերը ձախողեցան տարբեր պատճառներով ու տարբեր հանգամանքներու տակ (1946-47, 1960-ականներուն՝ Եգիպտոսէն, Կիպրոսէն, Հիւսիսային Սուրիայէն եւ Իրանէն):
Պիտի սորվի՞նք անցեալի սայթաքումներէն ու ապիկարութիւններէն:
Հայրենի պետութիւնը իր օրէնքներով, իսկ Հայաստանի ժողովուրդը իր կենցաղով, հոգեբանութեամբ ու լեզուական կարգ մը տարբերութիւններով որքանո՞վ պիտի կարենան հասկացողութեամբ մօտենալ «եկողներուն»:
Ներգաղթողները ճիգ պիտի թափե՞ն համակերպելու եւ ընտելանալու հիւրընկալ երկրի օրէնքներուն եւ տեղացի հայերուն կենցաղին ու սովորութիւններուն…
Վերեւ բերուած հարցերը միայն մեր ժողովուրդին յատուկ չեն: Այսօրուան դրութեամբ մենք չունինք այն «կախարդական փայտիկը», որով կարենանք լուծել մեր դիմաց ծառացած խնդիրները, բայց, հաւատացած ենք որ եթէ կայ կամքն ու պատրաստակամութիւնը, բայց յատկապէս փոխզիջողութեան տրամադրութիւնը, մենք կրնանք արձանագրել նկատելի յաջողութիւններ
Այս հարցադրումներուն վրայ ոմանք կը նշեն նաեւ կարեւոր պարագայ մը: Հայաստանամերձ, յատկապէս արաբական երկիրներէն հայերու հեռացումը (որ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հետապնդած կարեւոր նպատակներէն մէկն է) պիտի տկարացնէ հայ համայնքներու կշիռը Պատմական Հայաստանի հարաւային սահմաններու մօտ գտնուող տարածքներու մէջ: Կարեւոր դիտողութիւն մըն է սա, որուն պէտք է նաեւ ուշադրութիւն դարձուի, հետեւաբար կը ծագի տուեալ տարածքներու մէջ հայութիւնը պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Մեզի կը մնայ առնել յանդուգն եւ հաւասարակշրուած քայլը կամ մեկնարկը, այսինքն՝ օգտուիլ հանգամանքներէն եւ առարկայական ու իրատեսական միջոցներով կազմակերպել ամուր հիմքերու վրայ խարսխուած եւ կամաւոր հիմունքներով յատկանշուող փոքր ներգաղթներ:
Այս առումով ողջունելի կը գտնենք «Հայրենադարձութեան համահայկական ներդրումային ընկերութեան անհրաժեշտութիւնը» (Գէորգ Եազըճեան) վերնագրով յօդուածին մէջ արտայայտուած իրագործելի առաջարկը, ըստ որուն՝ «հարկաւոր է համահայկական ներդրումային ընկերութիւն հիմնել՝ սկզբնական շրջանին առնուազն 100 միլիոն տոլար դրամագլուխով: Կարելի է օգտուիլ լիբանանահայ ներդրողներու՝ շուրջ 15 տարի առաջ հիմնած ու ՇԱՏ ՅԱՋՈՂ գործող ԱՐԻ (Artsakh Roots Investments) ներդրումային ընկերութիւն-ծրագիրի օրինակէն:
Keghart.org-ը կը փափաքի ոչ միայն ջատագովել, այլեւ գործօն մասնակցութիւն ցոյց տալ ի նպաստ վերոյիշեալ ծրագրի, որովհետեւ կը հաւատայ թէ այս տարբերակը՝
– իրականանալի է, որովհետեւ՝
– ճիշդ հաշուարկուած է,
– կամաւոր հիմունքներու վրայ ծրագրուած է,
– նկատի առնուած է շահագրգռութեան պարագան:
Վստահաբար, պատմութեան փորձէն սորված ենք թէ՝ մեր տունդարձի եւ նոր բոյն շինելու ծրագիրները երբեմն բախած են կարգ մը դրացի երկիրներու դժկամութեան, բայց կարելի է պզտիկ քայլերով եւ միջազգայնօրէն ընդունուած ազատ տեղափոխման արտօնութիւններէն օգտուելով անցնիլ գործի:
Մեր փափաքն է լսել ընթերցողներուն եւ իրենց բարեկամներուն կամ շրջապատին առաջարկութիւններն ու թելադրութիւնները այս ուղղութեամբ եւ անցնիլ գործի:
Հաւատացած ենք թէ՝ տունդարձը ազգահաւաք է եւ գոյատեւման երաշխիք. չէ՞ որ մեր նախնիներու չմարող երազը եղած է մէկտեղուիլ, խտանալ եւ «մրրիկներով» բաժնուած հայութեան բեկորներու եղբայրաբար ապրելու մեծ տենչին իրականացումը: