ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի

Կիրակի, Օգոստոս 30-ի, HyeAid Lebanon հեռուս-տամարաթոնը հրամցուց մշակութային փոքր փառատօն մը. հեռուստատեսային վաւերագրական տեսանիւթեր լիբանանահայութեան մասին, նորութիւններ, որ կը վերաբերէին աղետէն տուժած լիբանանահայ համայնքին: Հեռուստամարաթոնի յայտագրի կարեւոր մասը ներկայացուէր արհեստավարժ հեռուստատեսային հաղորդավարներու, որոնք կուգային Մեծն Լոս Անճելոսի շրջանի հայկական տարբեր հեռուստաընկերութիւններէ: Շարք մը ազդեցիկ ներկայացումներով հանդէս եկան Վրոյր Թադեւոսեան «Հորիզոն»-էն, Արմինէ ԱմիրեանUSArmenia-էն, Մհեր Պաղտասարեան
Pan Armenian հեռուստա-ընկերութենէն եւ Վարդիթեր ԳրիգորեանARTN-էն: Անոնց միացան համայնքի տարբեր անդամներ եւ կազմակերպչական ղեկավարներ: Պէտք է նաեւ գիտակցիլ որ բազմաթիւ անհատներ եւ յատկապէս երիտասարդներ մեծ ջանքեր ծախսեցին որպէս կամաւոր գործողներ: Նուիրաբերուած նուիրատուները՝ բոլորն ալ իսկապէս գնահատելի են, քանի որ որեւէ օգնութիւն խոշոր տագնապ ապրող լիբանանահայութեան՝ ողջունելի է:
Ծրագիրը հեռարձակուեցաւ ARTN, USArmenia, Horizon եւ Pan Armenian հեռուստաալիքներով եւ ուղիղ լրահոսով ներկայացուեցաւ շարք մը առցանց եւ սոցիալական լրատուամիջոցներով, որոնք կը հասնէին տասնեակ հազարաւոր մարդկանց: Հեռուստամարաթոնը կազմակերպուած էր ի պատասխան Լիբանանի հայ համայնքի խոշոր կարիքներու, որոնք յառաջացած էին Օգոստոսի 4-ի Լիբանանի մայրաքաղաք՝ Պէյրութի նաւահանգստի զանգուածային պայթիւնէն/ռմբակոծութենէն, որ աննախադեպ աւերածութիւններ յառաջացուցած էր առաւելաբար քրիստոնեայ արեւելեան Պէյրութի զանազան շրջաններ՝ Ժըմմեյզէի, Մար Մխայիլի, Խալիլ Պատաուիի, Աշրաֆիէ-Հայաշէնի, Նահրի եւ Լիբանանի հայահոծ եւ հայկական քաղաքապետութիւն՝ Պուրճ Համուտի մէջ: Լիբանանի մնացած համայնքներու նման, Լիբանանի հայ համայնքն ալ ենթարկուեցաւ աւերի իր ցաւալի մասնաբաժնին: Հարիւրաւոր բնակելի շէնքեր լուրջ կամ անուղղելի վնասներ կրեցին կամ ամբողջութեամբ քանդուեցան, քանի որ հարիւրաւոր մարդիկ կորսնցուցին իրենց կեանքը, իսկ հազարաւորներ վիրաւորուեցան: Օգոստոսի 4-ին տեղի ունեցած ազգային աղէտը առաւել բարդացուց տնտեսական ճգնաժամը եւ առօրեայ կեանքը, որ արդեն կը ցնցուէր «Կովիդ-19» «Թագաժահրի» համաճարակի պատճառով: «Մէկ Ազգ. Մէկ Ապագայ» խորագիրը կրող հեռուստամարաթոնը ներկայացուց Մեծն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա-ի հովուապետական ուղերձը, որ անմիջականօրէն դիմեց Արեւմտեան Ամերիկայի մէկ միլիոննոց հայկական համայնքին: Ըստ զանազան տուեալներու, Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ գոյութիւն ունի 1,2 միլիոնէն մինչեւ 1,5 միլիոն հայ բնակչութիւն: Ոմանք նոյնիսկ կը գնահատեն, գրեթէ 1,7 միլիոն: Արեւմտեան ԱՄՆ-ն բաղկացած է հետեւեալ նահանգներէն. Ալասքա, Արիզօնա, Քալիֆոռնիա, Քօլորատօ, Հավայիի, Այտահօ, Մօնթանա, Նեվատա, Նիւ Մեքսիքօ, Օրեկըն, Եութա, Վաշինկթըն եւ Վայոմինկ: Այս յօդուածի նպատակներու համար եկէք օգտագործենք պահպանողական ցուցանիշը՝ մէկ միլիոն
որպէս հեռուստամարաթոնի կատարողականութեան վերլուծութեան հիմք:
Արեւմտեան ԱՄՆ-ի հայկական համայնքի մէջ այժմ կը շրջանառուի հանրաճանաչ հարց մը. «Համայնքը ի՞նչքան գումար ի վիճակի է տարեկան հաւաքելու տարբեր կարեւոր նպատակներու համար»:
Ընդհանուր համայնքի հարստութիւնն ու բարի կամքը հաշուի առնելով արդար է ակնկալել, որ Արեւմտեան Ամերիկայի հայերը կրնան իւրաքանչիւր տարի հեշտութեամբ հաւաքել մի քանի միլիոն տոլար արժանի նպատակներու համար՝ օգուտ բերելու Հայաստանին, Արցախին կամ Սփիւռքի քոյր համայնքի մը, ինչպիսիք են լիբանանահայութիւնը եւ Սուրիահայ համայնքը: Մէկ պայմանով. Թափանցիկութեան առկայութիւն:
Նորին Սրբութիւն Արամ Ա նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի ինքնահռչակ «Համահայկական Խորհուրդ»ի անդամ կազմակերպութիւններուն եւ նախանշեց վտանգուած լիբանանահայութեան եւ ամբողջ Լիբանանի առջեւ ծառացած մարտա-հըրաւէրները: Կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ հաւաքուած ամբողջ գումարները «կը փոխանցուին միաւորուած մարմնի մըԱրամ Ա կաթողիկոսի բարձր հովանու ներքոյ»:
Անհատական կոչերով հանդէս եկան «Համահայկական Խորհուրդ»ի (PAC-WUSA-ի) մաս կազմող կազմակերպութիւններու մի քանի ներկայացուցիչներ եւ կազմակերպական ղեկավարներ, ինչպիսիք են Արեւմտեան Ազգային Առաջնորդարանի Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, Արեւմտեան Թեմի Յովնան արք. Տէրտէրեանը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Ղեկավար Պերճ Ճամպազեանը եւՀայ կաթողիկէ Ժեղեվրդապետութեան առաջնորդ՝ Գերապայծար Միքայէլ եպիս. Մուրատեանը: Այնուամենայնիւ, հեռուստամարաթոնը չստացաւ համապատասխան զօրակցութիւն: Հակառակ HyeAid Lebanon հեռուստամարաթոնի մասին յայտարարութեան, ան չկրցաւ մեծ ուշադրութիւն գրաւել Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքի շրջանակներէն ներս: Մտահոգիչ զարգացում. Շատերը վճռականօրէն կը հաւատան, որ «Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ՛՛Համահայկական Խորհուրդը՛՛ (PAC-WUSA) խստօրէն ձախողեցաւ նուազագոյն ակնկալուած 5 միլիոն տոլար, 10 միլիոն տոլար, 15 միլիոն տոլար կամ նոյնիսկ 25 միլիոն տոլար հաւաքել»: Մխիթարական կէտ մը. Անկախ ՛՛Համահայկական Խորհուրդէն՛՛ (PAC-WUSA-էն), բառացիօրէն հարիւրաւոր ամերիկահայ անհատներ, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հայկական կազմակերպութիւններ, արդեն ուղարկած են Լիբանան մօտաւորապէս 8 մլն տոլար: Շատերը, որոնք չեն մասնակցած «ԱՄՆ-ՀԽ»ի (PAC-WUSA-ի) HyeAid Lebanon հեռուստամարաթոնին, բայց անկախաբար կատարած են եւ խոստացած են շարունակել իրենց օգնութեան ջանքերը՝ այլ կամուրջներով: Որոշ կազմակերպութիւններ կային, որոնք անուանականօրէն անդամ են ՛՛Համահայկական Խորհուրդին՛՛ եւ որ հեռուստամարաթոնին անուանականօրէն կը մասնակցէին լաւ PR-ի կամ «բարի դրացնութեան» սիրոյն: Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Օգնութեան Միութիւնը հարիւր հազարաւոր տոլարներ հաւաքեց PAC-WUSA- էն անկախ, փոխանցեց գումարները եւ զանոնք բաժնեց իրական կարիքաւորներուն՝ իր կամաւորներու ցանցի միջոցով:
Հեռուստամարաթոնի ընթացքին, ՀՕՄ-ը նուիրեց խորհրդանշական գումար՝ ընդամենը 2000 ԱՄՆ տոլար: Նմանապէս, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը AMAA-ն, որ նոյնպէս հարիւր հազարաւոր տոլարներ հաւաքած էր անկախ PAC-WUSA-էն, նախընտրեց մինակ գործել:
Այնուամենայնիւ PAC-WUSA-ի որպէս անհանգիստ մասնակից՝ AMAA-ն նուիրեց 10.000 ԱՄՆ տոլարի խորհրդանշական գումար մը: Արեւմտեան ԱՄՆ-ի հայութեան 1 միլիոն բնակչութենէն կը մասնակցէին միայն շուրջ 1500 անհատներ եւ մօտ 25 կազմակերպութիւններ եւ եկեղեցիներ՝ իրենց մասնաճիւղերու եւ ծխական համայնքներու հետ: Հսկայական՝ 998.650-ը չեն մասնակցած: Ոչ թէ այն պատճառով, որ չմասնակցողները անտարբեր էին, այլ շատ հաւանաբար այն պատճառով, որ այսպէս կոչուած PAC-WUSA կը ղեկավարուի եւ կը վերահսկուի երկու մէնատէրերու կողմէ, արոնք կը տառապին վստահելիութեան հսկայական բացէ մը: Ամբողջ հեռուստամարաթոնի ընթացքին հաւաքուած 1,375,555 ԱՄՆ տոլարէն՝ 1,223,870 ԱՄՆ տոլարը հանգանակուած է կազմակերպիչ կազմակերպութիւններու «ներքին» օղակներու կողմէ: Ապահովաբար կարելի է ըսել, որ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի շուրջ 1.000.000 հայերէն միայն 1.500-ը իրենց նուիրատւութիւնները վստահած են PAC WUSA- ին: Անոնց մասնակցութիւնը կը կազմէ մէկ տասներրորդը տասաներրորդի միայն մէկ ու կէսը կամ 1500 անհատներ: Այլ կերպ ըսած, 99.85%-ը կամ 998.500 հայեր չեն մասնակցած վստահելիութեան պակասի եւ վստահութեան ու թափանցիկութեան ակնյայտ բացակայութեան եւ պատճառով: Հաւաքուածները.
ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԵՓԵԱՆԻ ՀՅԴ համախմբում $71.020 ԱՐՔ. ՄԱՐԴԻՐՈՍԵԱՆԻ Արեւմտ. Ազգ. Առաջորդարանը $87.200 ԱՐՔ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ Արեւմտեան Թեմը $59.400 ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆԿԱԽ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ $484.550 ՈՉ ՀԱՅԿ. ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ $10.000
_______________________________________________ PAC-WUSA- ի անդամ կազմակերպութիւնները հաւաքած են $712.170
_______________________________________________ Տես ստորեւ ցուցակը:
_______________________________________________ 216 անհատներ հաւաքականօրէն նուիրաբերած են $511.700 Իւրաքանչիւրը միջինը $2,368,98: Տես ստորեւ ցուցակը:
Ընդհանուր հայ հանրութիւնը հաւաքեց $151.685 շուրջ 1000 մասնակիցներու կողմէն ստացուած նուիրատւութիւններու միջոցով։ Կազմակերպիչները խոստացան ամբողջական ցուցակը հրապարակել 2-3 շաբաթէն:
Հեռուստամարաթոնը համատեղ կազմակերպուած էր այսպէս կոչուած, Արեւմտեան ԱՄՆ-ի ՛՛Համահայկական Խորհուրդի՛՛ կողմէն, որ բաղկացած էր 24 հայկական կազմակերպութիւններէ.
Ամերիկայի Հայկական Համագումար
Հայ Փաստաբաններու Միութիւն
Հիւս. Ամեր.ի Նարէկի Տիրամօր Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետ.
Հայ Դեմոկրատական Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան ԱՇ
Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն,
Արեւմտեան Շրջան Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ,
Արեւմտեան Շրջան Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Օգնութեան Միութիւն
Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Լոս Անճելոսի Հայկական Ընկերութիւն
- Իրանահայ Միութիւն Քալիֆոռնիոյ Հայ Երիտասարդներու Մ.
- Իրաքահայ Միութիւն Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակ. Միութիւն
Լոս Անճոլսի Իրաքահայ Ընտանեկան Միութիւն
Քեսապի Կրթական Միութիւն Service Employees International Union - Armenian Caucus Southern California Armenian Democrats
ԹԷքԷյԵան Մշակութային Միութիւն
Միաւորուած Երիտասարդ Հայեր Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմ
Ամերիկայի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Առաջ.
Պոլսահայ Միութիւն Հ.Մ.Ը.Մ. Արեւմտեան ԱՄՆ։
Մինչ լիբանանահայ համայնքին օգնութեան ձեռք մեկնելու գաղափարը վեհ գաղափար է, համայնքի բազմաթիւ անդամներ կը յիշէին, թէ ինչպիսի՜ մարդիկ են գլխաւոր կազմակերպիչները: Սենեակի մէջ «լուռ բայց խօսուն մեծ փիղն» այն էր եւ կայ, «գլխաւոր կազմակերպիչները վստահելի՞ են»: «Արդէօ՞ք անոնք կը գործեն թափանցիկութեան վահանի ներքոյ»:
«Արդէօ՞ք ՛՛Համահայկական Խորհուրդ՛՛ խոշոր կոչումը կրող կազմակերպութիւնն իսկապէս համաժողովրդականօրէն ընտրուած է, ինչպէս կ՛ենթադրէ անունը»:
Մէկ այլ կարեւոր հարցում մը, որ կուգար համայնքի մեծ բարերար անդամէ մը. «Ինչ-պիսի՝ ստուերային դէմքեր են որ իրականութեան մէջ թաքնուած են հայկական այս 24 կազմակերպութիւններէն մի քանի հատին ետեւը»: Մասնակից կազմակերպութիւններն իրականութեան մէջ այնքան բաւարար միջոցներ ունին որ հեշտօրէն տարեկան 25 միլիոն ԱՄՆ տոլար կրնան հաւաքաբար գոյացնել: Բայց անոնք հաւաքեցին ընդամենը 1,223,870 տոլար: Արեւմտեան ԱՄՆ-ի մէջ կան բաւական մտահոգ անհատ հայ նուիրատուներ, որոնք կրնային մասնակցիլ եւ հաւաքականօրէն հաւաքել լրացուցիչ 25 միլիոն տոլար: Մեծ նուիրատուները դուրս մնացին կամ անուանապէս մասնակցողները պարզապէս նուիրեցին իրենց իրական ներուժի շատ փոքր մասը: Օրինակ՝ Ճ.Ս, որ կրնար $100,000 նուիրաբերել, միայն $1000 նուիրեց: Պատճառը՞: Վստահութեան պակա՞ս, թէ՞ վատ ֆինանսական իրավիճակ՝ Covid-19 համաճարակի պատճառով:
Իհարկէ, ներկայիս նուիրատուներու մէջ կան շատ ուրիշներ, որոնք Ճ.Ս.-ի նման կը տատամսին ամբողջութեամբ մասնակցելու: Հազարաւոր մարդիկ կան, որոնք ընդհանրապէս չեն մասնակցած: Ինչո՞ւ: Միգուցէ որոշ հատուածի վրայ բացասաբա՞ր ազդած է ներկայ համաճարակը: ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ կապ հաստատած է համայնքի բազմաթիւ անդամներու հետ: Շատեր նշած են, որ չեն մասնակցած PAC-WUSA հեռուստամարաթոնին: Անոնցմէ շատեր յայտարարեցին, որ իրենք արդեն լուրջ գումարներ նուիրած են այլ վստահելի կամուրջներու միջոցով:
ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔի խմբագրական կազմը արդեն սկսած է աղիւսակել անկախ նուիրատւութիւնները: Ուրբաթ մամուլի ժամանակով, Արեւմտեան ԱՄՆ-ի հայերու կողմէն կատարուած անկախ նուիրատւութիւնները գերազանցած են 8 միլիոն տոլարը: Շատեր տեղեկացուցին ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔին, որ յառաջիկայ օրերուն, շաբաթներուն եւ ամիսներուն պիտի շարունակեն նուիրատւութիւն կա-տարել PAC WUSA- էն՝ անկախաբար, հասնելու համար լիբանանահայ համայնքին կարիքներուն եւ այլ բարեգործական այնպիսի կարեւոր նպատակներու, ինչպիսիք են Հայաստան-Արցախ սահմանամերձ գիւղերու վերականգնման ծրագիրներր, հայրենադարձութիւնը, զոհուած հայ զինուորներու ֆոնդտ եւ այլ արժանիք ունեցող նպատակներ: Համայնքի բազմաթիւ անդամներ ափսոսանք յայտնեցին, որ այսպէս կոչուած «Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Համահայկական Խորհուրդը» մեծ «սխեմա» մըն է եւ «շոու», որ բեմադրուած է երկու մէնատէրերու կողմէ. Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Շրջանի մէնատէր Վիգէն Յովսեփեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի մէնատէր արք. Յովնան Տէրտէրեան, որ մասնակցած է խարդախութեան, խաբէութեան, որ նաեւ ԱՄՆի դատարանին մէջ բռնուած է որպէս խայտառակ ստախօս իր տեղակալի ու խօսնակի՝ Մանուկ քհն. Մարկարեանի միջոցով: Երեքը Վիգէն Յովսէփեան, արք. Տէրտէրեան եւ Մարգարեան քհն. անմիջական կամ անուղղակի կապեր ունին Թուրք Գորշ Գայլերու եւ միջազգային «քարթելի» մը հետ, որ կը գլխաւորուի Գարեգին Բ կաթողիկոսի, արք. Տէրտէրեանի եւ Մոսկուայի Եզրասի կողմէ: Հայերէնով տարածուած է ասացուածք մը կայ. «Լեռը ծնաւ մուկ մը»: Այլ կերպ ըսած, Արեւմտեան ԱՄՆ-ի գրեթէ մէկ միլիոն հայեր, որոնք տարեկան մի քանի միլիոն տոլար հաւաքելու ներուժ ունին արժանի բարեգործական նպատակներով, հաւաքած են ընդամենը 1,375,555 տոլար: Ի՞նչպիսի իրագործելի եւ իրատեսական լուծում կարելի է առաջադրել. «Համահայկական Խորհուրդը» վերածել իսկական ժողովրդավարական կառոյցի մը, որտեղ Արեւմտեան Ամերիկային անխտիր բոլոր հայերը քուէարկումի կը մասնակցին եւ հաւաքաբար՝ ընտրովի կը ստեղծեն Ընտրուած Ղեկավարութիւն եւ ոչ թէ ինքնակոչ կեղծ «ղեկավարներ» կուգան հրապարակը կը «գրաւեն» թէկուզ
ժամանակաւոր:
Ժողովրդավարութիւնը կը դիւրացնէ ստուգումներն ու հաւասարակշռութիւնները եւ կ՛ապահովէ հասարակութեան վստահութեան աննախընթաց աճ: Իսկ մէնատիրութիւնը կը խարխլէ զայն:
THE REAL POTENTIAL VS. ACTUAL
THE ACTUAL BREAKDOWN
DONATIONS BY THE ENTOURAGE: