ԳՐԵՑ՝ ԿԱՐՊԻՍ ՔՕՐԱՃԵԱՆ
BSC MPA INTL, ՄԱԿ-ի եւ Համաշխարհային Դրամատան Խորհրդատու
Լաւ Կառավարման Խորհրդատու
Խիստ անհրաժեշտ է, որ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու 1.200.000 եւ աւելի հայեր տեղե-կացուին, որ այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը», իրականութեան մէջ, եւս մէկ կազմակերպութիւն մըն է, որ ստեղծուած է ինքնահռչակ ղեկավարներու անձնական շահերուն ծառայելու համար: Ան ոչ մէկ պարագային չի ներկայացներ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայ բնակչութիւնը: Ատիկա կազմակերպութիւն մըն է, որ բաղկացած է այն նոյն հայկական ստորագրեալ-կազմակերպութիւններու անդամներէն, որ հակաժողովրդավարական կերպով սատարած են ինքնահռչակ ղեկավարութեան շահերուն:
Վերջին տասնամեակներուն, զանազան կազմակերպութեանց ղեկավարները առեւանգած են անոնց անդամակցութիւնը եւ օգտագործած են իրէնց դիրքերը անձնական շահի, կարգավիճակի եւ ինքնաբարձրացման համար (սեփական կարեւորութիւնը, ուժը կամ հեղինակութիւնը բարձրացնելու կամ գերագնահատելու գործողութիւն կամ գործունէութիւն):
Այս կազմակերպութիւններու ղեկավարներու շարքին են «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» Արեւմտեան ԱՄՆ-ի մենատէր՝ Վիգէն Յովսէփեանը եւ «Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի մենատէր-առաջնորդ Արք. Յովնան Տէրտէրեանը, որ յանցանքի վրայ բռնուած է «խարդախութեան, խաբէութեան, եւ ԱՄՆի դատարանի մէջ ու ան բացայայտուած է իբրեւ զեղծարար, աւազակ եւ խայտառակ ստախօս՝ իր տեղակալի ու խօսնակի Մանուկ քհն. Մարգարեանի միջոցով»:
Օգոստոսի 29-ին, այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը» արագօրէն առիթէն օգտուեցաւ Լիբանանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած աղիտալի պայթիւնէն, որու պատճառով բազմաթիւ մարդիկ տուժեցին, ներառեալ՝ Պէյրութի հայ բնակիչներու մեծ մասը: Իբրեւ թէ տնտեսական օգնութիւն յայթայթելու նպատակով կազմակերպուած էր հեռուստամարաթոն, որ հակառակ որ կը կանխատեսուէր, որ հաւաքուի $5 մլն., $10 մլն., $15 մլն. կամ նոյնիսկ $25 մլն. տոլար, ան հաւաքեց միայն $1,375,000 ԱՄՆ տոլար:
Շատերը վստահ էին, որ հեռուստամարաթոնը բարեգործութեան քողի տակ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի հայերուն խաբելու հերթական համակարգ մըն է: Աւելորդ է ըսել, որ հեռուստամարաթոնը ձախողեցաւ իր լայնօրէն սպասուած նպատակին հասնելու հարցին մէջ: Ասիկա ցոյց կուտայ անգամ մը եւս, թէ՝ մարդիկ կորսնցուցած են իրենց հաւատքը այս «գլխաւոր» դերակատարներու նկատմամբ եւ կը վախնան նուիրատւութիւն ընելու, քանի որ գումարը, ամենայն հաւանականութեամբ, կրնայ ապօրինի իւրացուիլ:
Ըսել կ’ուզեմ, որ եկած է ժամանակը, որ «Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը» դադրի խեղաթիւրելէ եւ փորձել խաբելէ Արեւմտեան Ամերիկայի հայերուն: Այս կազմակերպական ղեկավարները պէտք է անյապաղ դադարեցնեն իրնքնաներկայացուիլ որպէս Արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան ղեկավարներ եւ պէտք է փոխեն իրենց անունը: Անուանափոխման համապատասխան տարբերակը կրնայ ըլլալ մօտաւորապէս այսպիսի բան մը.
«Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու 24 հայկական կազմակերպութիւնները ներկայացնող կոմիտէ»։
Եթէ այս կազմակերպութիւնը շարունակէ Արեւմտեան Ամերիկայի հայերուն ինքնակոչ «ղեկավարը» ներկայացնել, մօտ ապագային, ամենայն հաւանականութեամբ, դատական գործ կը յարուցուի:
Զգոն եղէք:
Եւ վերջապէս, բայց ոչ պակաս կարեւոր.
Ծեր հիմարի նման, հիմար չկայ:
Իմ սերունդի ժամանակաշրջանին, իրենք իրենց «համայնքային ղեկավարներ» հռչակելով Վիգէն Յովսէփեան եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի մենատէր Արք. Յովնան Տէրտէրեանը իրականութեան մէջ, հանրութեան աչքի առջեւ կը մերկացնեն իրենց սեփական հիմարութիւնները:
Ես ոչինչ չունիմ իմ սերունդի այն մարդկանց հանդեպ, որոնք կը ձգտին դառնալ իրենց կազմակերպութեան կամ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող հայերու ժողովրդավարական առաջնորդներ: Այնուամենայնիւ, բոլոր մարդիկ պէտք է հրաժարին այդչափ անազնիւ եւ հակաժողովրդավարական «ղեկավարման» երազանքէն:
Հետաքրքրական է, ո՞ր մոլորակէն կուգան այս դերասանները: Իմ սերնդակից, այսպէս կոչուած «առաջնորդները» դժուարութիւն ունին ճշմարտութիւնը ընկալելու:
Ճշմարտութիւնն այն է, որ անոնք սպառուած են: Անոնք նման են անոնց, որոնք ունին աչքեր, բայց չեն տեսներ, ականջներ ունին, բայց չեն կրնայ լսեր եւ ունին բանականութիւն, բայց չեն կրնար մտածել:
Եթէ անոնք կարողանային առողջ մտածել, անոնք պարզապէս կը դադրեցնէին իրենց խորամանկութիւնն ու խաղերը եւ արժանա-պատւօրէն կþանցնէին թոշակի։ Այլապէս, անոնք պէտք է ետ սողան այն ժայռի տակ, որտեղէն եկած են:
Բայց անոնք, ի վերջոյ, պէտք է ենթարկուին արդարադատութեան եւ, ինչպէս գիտենք, արդարութիւնը միշտ կը յաղթանակէ: