Պուտափեշտի մէջ ազրպէյճանցի Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ քնացած ժամանակ կացինահարուած Հայաստանի զինուած ուժերու սպայ Գուրգէն Մարգարեանի գործով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի Պալատի վճիռին մինչեւ օրինական ուժի մէջ մտնելը բողոքարկուած է Մեծ պալատին: «Արմէնփրես»-ին հաղորդումովայս մասին Դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ դիմումատուներու շահերու ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեան: Սահակեան յիշեցուցած է, որ 26 մայիս 2020-ին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Մակուչեանը եւ Մինասեանը ընդդէմ Ազրպէյճանի եւ Հունգարիոյ գործով կայացուց վճիռ կապուած Ռամիլ ՍաֆարովիՀունգարիայէն Ազրպէյճան տեղափոխման իրաւաչափութեան, հետագայ ներման ու հերոսացման հետ: «Եւրոպական դատարանը գտաւ, որ դաժան յանցագործին ներում շնորհելով Ազրպէյճան խախտած է Գուրգէն Մարգարեանի եւ Հայկ Մակուչեանի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի 2-րդ յօդուածով երաշխաւորուած կեանքի իրաւունքը եւ արձանագրեց հայերու հանդէպ ազգային խտրականութեան ազրպէյճանական պետութեան կողմէ ծրագրուած քաղաքականութիւնը:
Այդուհանդերձ, Եւրոպական դատարանը ինքնին Գուրգէն Մարգարեանի սպանութիւնը եւ Հայկ Մակուչեանի նկատմամբ մահափորձը չվերագրեց Ազրպէյճանինյենելով հունգարական դատավճիռի այն հետեւութեան վրայ, որ այդ արարքները կատարելու ընթացքին Սաֆարովը գործած է յատուկ կարգավիճակով: Եւրոպական դատարանը նաեւ պատասխանատուութենէ ազատեց Հունգարիան: Նկատի ունենալով այս գործի իրաւական կարեւորութիւնը եւ անոր նկատմամբ հանրային մեծ հետաքրքրութիւնը կը տեղեկացնենք, որ մինչեւ վճիռին օրինական ուժի մէջ մտնելը Եւրոպական դատարանի Պալատի վճիռը բողոքարկուած է Մեծ պալատին», գրած է Սահակեան:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *