ԳՐԵՑ՝ Կարօ Արմենեան


Սիրելի Ընկերներ, Ընկերուհիներ, Հարազատներ,


Հայ անկախ պետականութիւնը — ինչպէս ամբողջ աշխարհ — կը գտնուի իր գոյութեան մեծ մարտահրաւէրին առջև և կը գտնուի առանց համապատասխան սպարազինութեան։ Պարտաւորուած ենք հաւաքաբար դիմագրաւելու համավարակի հրէշը իր արդէն իսկ պատճառած և մանաւանդ պատճառելիք ապագայ փլուզումներով։

Առայժմ տակաւին հին, նախահամաճարակային տնտեսութեան «խնայողութիւններ»ն են, զորս կը խմէ համաշխարհային տնտեսութեան համակարգը և նոյն չափով օրը-օրին կը յաջողի «քնացնել» մեզ։ Բթացնե՛լ մեր քաղաքական բնազդները։ Իրականութիւնը այն է, որ հետզհետէ պիտի սպառին հասարակական բարօրութեան այդ լուսանցքները, շտեմարանները պիտի պարպուին և մենք մեզ — որպէս կլոպալ հասարակութիւն — պիտի գտնենք դժուարին ընտրութիւններու առջև։ Եւ նոյն հարցերուն առջև պիտի գտնուի նաև հայ կեանքը ամէնուրեք։ Թէ՛ Հայրենիքի և թէ՛ Սփիւռքի մէջ։

Այլ խօսքով, հրէշը յաջողապէս հակակշռել կարենալու մեր ազգային կարողականութիւնները — լաւագոյն պարագային — ողբալիօրէն սահմանափակ են ու թերի։ Մեծ և ճակատագրական «վտանգի գօտի» մը բացուած է մեր առջև, զոր կարելի է խիզախել միայն մեր ստեղծագործ հանճարով և մեր ազգային միասնականութեամբ։ ԵՒ ՄԵՆՔ ԿՐՆԱ՛ՆՔ ԱՅԴ ԳՐՈՀԸ ՀՐԱՇԱԳՈՐԾԵԼ։ ՄԵՆՔ ԿՐՆԱ՛ՆՔ ՏԱՊԱԼԵԼ ԱՅՍ ՀՐԷՇԸ։

Այստեղ կրկին կը տեղադրեմ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի մէջ վերջերս լոյս տեսած իմ առաջնորդող յօդուածս։

Մենք, ազգովին, մեծ ոստիւն մը ընելու պատմական պարտաւորութեան տակ կը գտնուինք այսօր և շատ նեղ է լուսանցքը։ Եւ յանձնառութիւնը՝ երկարաժամկէ՛տ։ Եւ այն ինչ, որ կ՚ըսպասէ մեզի քորոնաժահրի յաղթահարման փուլէն ետք մեզմէ պիտի պահանջէ հաւաքական մեծ կարգապահութիւն և բազմաթիւ քրտնաջան տարիներ։ Մեր երկրի իշխանութիւնները, հայ կեանքի բոլոր քաղաքական ուժերը, Հայաստանեայց Եկեղեցին և ամէն հայ պիտի պատրաստուին այդ մեծ գործին։

ԿԱ

ՈՎՔԵ՞Ր ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՆ ՀԱՅ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԴԱՐԱԳԼՈՒԽԸ

Այսօր ազգովին կը գտնուինք խորապէս տագնապեցնող այս հարցականին առջև և չունինք բարոյական իրաւունքը վարանելու, տնտնալու, պատրուակներ որոնելու, քաւութեան նոխազներ յօրինելու։ Ազգին և պետութեան առջև դրուած է ղեկավարութեան վճռորոշ խնդիրը և զգաստութեան կը հրաւիրէ մեզ համաշխարհային վարակի այս դժնդակ պայմաններուն մէջ։ Պարզ խօսքով, հազար փաունտ կշռող «կոռիլլան», իր գարշահոտ զանգուածով, նստած է մեր շեմին և պարտաւորիչ կը դարձնէ մեր հաւաքական պատասխանը հետևեալ երկու հարցումներուն։ Ինչպէ՞ս շարժել իր տեղէն այս գերբնական սպառնալիքը։ Եւ ո՞վ պիտի ըլլայ զայն իր տեղէն շարժողը։ Բոլոր միւս հարցերով կրնան զբաղուիլ մեր վերապրող սերունդները իրենց այլևայլ հայեցակարգերով։ Այսօրուան մեր գործն է վճռական լուծում բերել այս անշրջանցելի պարտաւորութեան։

Յստակ է այսօր, որ ներկայ համավարակը կը խախտէ աշխարհակարգի բոլոր ներքին հաւասարակշռութիւնները ստիպելով, որ համաշխարհային միտքը ձեռնարկէ քաղաքակրթական համակարգի արմատական վերաքննութեան։ Միաժամանակ երբեք յստակ չէ, թէ ո՞վ կամ ովքե՞ր պիտի առաջնորդեն համաշխարհային այս նախաձեռնութիւնը յառաջիկայ ամիսներուն և տարիներուն։ Համավարակը շղթայազերծած է իսկական յեղափոխութիւն մը՝ առա՛նց յեղափոխականներու…Մեծ, տարերային, անհակակշռելի թուող մակընթացութի՛ւն մը՝ որ առայժմ կը գործէ «անպատիժ» և կը պատուհասէ բոլորը անխտիր…

Յանկարծ կ՚արթննանք – որպէս մարդկութիւն — և կը տեսնենք, որ մեզի ծանօթ յարացոյցը (paradigm) – այսինքն՝ ցարդ «մեր սորված քերականութիւնը» — փոշիացած է մէկընդմիշտ և մենք դրուած ենք ապրելիութեան նոր յարացոյցի մը — նոր կենսակարգի մը — ձևաւորման հրամայականին առջև։

Այս կացութեան մէջ, երբեմնի գերտէրութիւնները սրբուած կը թուին ըլլալ օրուան մայրուղիէն։ Անոնք այլևս չեն խօսիր աշխարհին ղեկավարութիւն հայթայթելու իրենց պարտաւորութեան մասին։ Անոնք տրամադիր չեն մեծ յաձնառութիւններու գնով տիրութիւն ընելու աշխարհի կնճիռներուն։ Ասիկա այն ժամանակն է, երբ ամէն պետութիւն և ամէն ազգ մնացած է ինքնիր ճարին։ Արտաքին սպառնալիքը, որուն դէմ ամէն պետութիւն կը փորձէր պաշտպանուիլ, արդէն մտած է ներս և գէթ պատմութեան այս հանգրուանին վրայ՝ արտաքին և ներքին սպառնալիքները միախառնուած են և դարձած՝ անզանազանելի։ Կը պարզուի, որ ազգային գերիշխանութեան կանոնը աւելի յստակօրէն կը գործէ, երբ աշխարհ ինկած է քաոսի մէջ…

Առակս ցուցանէ, որ ոչ միայն մեծ է մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրը, այլ նաև լայն չափերով մինակ ենք մենք այս մարտահրաւէրին առջև։ Հետևաբար մենք ենք և մեր քանքա՛րը։ Մենք ենք և մեր ստեղծագործական ներո՛յժը։ Մենք ենք և մեր վճռակամութի՛ւնը՝ «արութեան նոր գործը» (մեծ Պատմահօր բանաձևով) կրկին կեանքի կոչելու։ Ինքնիր ճակատագրին համար պատասխանատւութիւն վերցնելու նոր հանգրուանն է, որուն առջև կը գտնուինք որպէս պետականութիւն և հետևաբար պէտք է հարց տանք, թէ որո՞նք են այս պատասխանատւութեան ճշգրիտ եզրերը կեանքի իրական հողին վրայ։

Դժբախտաբար քաղաքակրթական այս ճգնաժամը մենք ազգովին կը դիմագրաւենք մեր երկրի քաղաքական բեմի կոտորակուած պայմաններուն մէջ։ 2018-ի իշխանափոխութիւնը յեղափոխութիւն կը խոստանար մեր ժողովուրդին առանց յեղափոխութեան խարիսխ հանդիսացող անհրաժեշտ գաղափարախօսութեան և առանց յստակ ռազմավարութեան։ Ժողովրդային Շարժման տարերային ալիքը հսկայ մեծամասնութեամբ մը օժտեց մեր երկրի այս նոր իշխանութիւնը։ Մեծ և պատմական պատեհութիւն մըն էր ասիկա իշխանափոխութիւնը իսկական յեղափոխութեան վերածելու և երկիրը տանելու նոր վերելքի և գերազանցութեան։ Մեծ պատեհութի՛ւն մը՝ կառուցելու հայ ազգային համաձայնութեան հզօր միջնաբերդը և հաւաքագրելու հայութեան կարողականութիւնները ամէն կողմէ։ Կասկած չկայ, որ այդ բոլորին սկզբնական դրսևորումները մենք տեսա՛նք իշխանափոխութեան առաջին ամիսներուն և ողջունեցինք խանդավառութեանբ։ Փաստը այն է, որ առանց դոյզն վերապահութեան Դաշնակցութիւնը ինքզինք դրաւ իշխանութեան տրամադրութեան տակ և կարևոր պատասխանատւութիւններ վերցուց իր ուսերուն։

Ցաւ ի սիրտ կը հաստատենք սակայն, որ այս իշխանութեան գործի տարերոյթը (dynamics) երկիրը տարաւ բոլորովին այլ և յաճախ մեր երկրի գերագոյն շահերուն անյարիր ուղղութիւններով։ Ի՞նչ պատահեցաւ։ Վաղուան պատմաքննութիւնը շատ բան ունի ընելիք իրադարձութիւններու ծալքերը բացայայտելու տեսակէտէն։ Փաստը այն է, որ իշխանական մեծամասնութեան քաղաքական վարքագիծը արագօրէն այլասերեցաւ հետզհետէ ծնունդ տալով ամբողջատիրական մտայնութեամբ յագեցած ներկայ վարչաձևին։ Եւ իրական հողի վրայ անկիրարկելի դարձուց եռեակ իշխանութեանց տարանջատութեան գործընթացը։ Այլ խօսքով, խախտեցան հիմերը երկրի ժողովրդավարական կարգերուն։ Քաղաքական բանավէճը կանգ առաւ։ Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը կորսնցուց իր քաղաքական արժէքը։ Արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը դուրս քշուեցաւ մտքերու փոխանակութեան ասպարէզէն և ենթարկուեցաւ քաղաքական շրջափակումի։ Եւ հսկայ մեծամասնութեամբ գործող իշխանութիւնը — փոխան ազգային համերաշխութեան — ծնունդ տուաւ պառակտուած քաղաքական դաշտի մը, որ բոլորովին անպատրաստ էր ազգային մեծ ճգնաժամը համապատասխան ներոյժով դիմագրաւելու։

Ըսուի թերևս, որ անպատրաստ էր ամբողջ աշխարհը վարակի մարտահրաւէրին դիմաց և ՀՀ իշխանութիւնը կարելի չէ այպանել այդ բանին համար։ Ճիշտ է. կարելի չէ այպանել որևէ պետութիւն «ջրհեղեղ»ի աղէտին համար և այդ չէ, որ քննարկման տակ է այսօր։ Քննարկման տակ է ղեկավարութեան խնդիրը երկրի ճգնաժամերուն հակազդելու իր ստուգանիշներով։ Համավարակի առաջին օրերուն իսկ, Դաշնակցութիւնը – որպէս արտախորհրդարանական ուժ — ձեռնարկեց կացութեան ամբողջական արժևորման և ձևաւորեց իր հակաճգնաժամային ծրագիրը և զայն դրաւ իշխանութեան տրամադրութեան տակ։ Ան նաև կոչ ըրաւ իշխանութեան մէկդի դնելու քաղաքական տարակարծութիւնները և մէկտեղուելու համաճարակը յաղթահարելու ազգային առաջնահերթութեան շուրջ։ Խլացուցիչ էր լռութիւնը իշխանութեան ոլորտէն։ Ո՛չ մէկ լուրջ արձագանգ։ Ո՛չ մէկ փորձ՝ քաղաքական այլակարծութեան տեղ տալու։ Զայն լսելու։ Թէկուզ առարկայական հակաճառութեան սիրոյն՝ երկխօսութեան տե՛ղ բանալու։

Կ՚արձանագրենք այս դառն փաստերը և կ՚անցնինք մեր բուն նիւթին։
Հակառակ իրենց աղիտալի հետևանքներուն, համաճարակները անցողակի երևոյթներ են։ Կասկած չկայ, որ այս դաժան հոլովոյթն ալ պիտի հասնի իր անխուսափելի աւարտին։ Հարց է, թէ ան իր աւարտին պիտի հասնի իր գերյագեցման կէտին հասնելէ ե՞տք միայն, թէ զայն կանխող գիտակ միջոցառումներով։ Հոս է, որ կրկին կը դրուի ղեկավարութեան խնդիրը։ Մէկ բան յստակ է այսօր։ Երկիրը կորսնցուցած է թանկագին ժամանակ։ Երկիրը մսխած է կենսական միջոցներ։ Համավարակը արդէն իսկ իր բաժինը գանձած է «կանխիկ»։ Ան այրած է ժամանակի թանկագին շերտ մը քանի մը սերունդներու կենսագրութենէն։ Աղէտը մեր տուներուն մէջն է թէ՛ այսօրուան և թէ՛ վաղուան հաշւոյն։

Հետևաբար մենք կը գտնուինք երկու զուգահեռ հրամայականներու առջև միաժամանակ։ Մեր խնդիրն է զինուիլ կանխարգելիչ ռազմավարութեան նոր և ազդու զէնքերով, բայց նաև անյապաղ պատրաստուիլ վաղորդայնի մարտահրաւէրներուն։ Եւ այդ երկուքը անկախ չեն իրարմէ։ Անոնք այսօր իսկ կը պայմանաւորեն զիրար։ Մեր խնդիրն է այսօրուընէ սկսեալ կերտել յղացքը վերակառուցման գործին, որ պարտադիր կը դարձնէ, որ իշխանութիւնը դուրս գայ իր խոզակէն։ ՔՍԱՆՄԷԿԵՐՈՐԴ ԴԱՐԸ ՆՈՐ Է, ՈՐ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ԵՒ ՄԵՐ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՊԱՐՏԱՒՐՈՒԹԻՒՆՆ Է ԲԱՆԱԼ ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԴԱՐԱԳԼՈՒԽԸ ԲՈԼՈՐՈՎԻՆ ՆՈՐ ՏԵՍԼԱԿԱՆՈՎ։

Հայ անկախ պետականութիւնը պիտի մտնէ նոր դարաշրջան։ Պիտի մտնէ նոր գործիքներով։ Պիտի մտնէ գոյաձևաւորման նոր ու հզօր զինարանով։ Պիտի մտնէ նոր թափով և նոր համարձակութեամբ։ Իր կեանքի վաղուան կենսականութիւնները իրագործելի տեսնելու նո՛ր ներոյժով։ Համավարակը շատ մեծ է ՀՀ քաղաքական ուժերէն ամէն մէկուն համար առանձինն։ Բայց ան շատ փոքր է մեր երկրի քաղաքական ուժերու միասնական կամքին դիմաց, որ կամքն է մեր ժողովուրդին։ Նոյն տրամաբանութեամբ, համավարակին յաջորդելիք խնդիրները մեծ են և անյաղթահարելի՝ մեզմէ ամէն մէկուն համար։ Եւ առաջին հերթին՝ իշխանութեա՛ն։ Մենք պարտաւոր ենք կրկին լսելու Եղիշէ Չարենցի հզօր պատգամը։ Մենք պարտաւոր ենք ստեղծելու այնպիսի հաւաքական ուժ, որուն լիարժէքօրէն ստորադասուին բոլոր մեր միւս մարտահրաւէրները։

Դաշնակցութիւնը այս հրաւէրն է, որ կ՚ուղղէ իշխանութեան և քաղաքական բեմի բոլոր ուժերուն։ Ընթացիկ գործի (business as usual) օրերը վաղուց սրբուած են մեր կեանքէն։ Այն ինչ, որ ճիշտ էր երէկ, այսօր այլևս չունի այժմէութիւն։ Այն ինչ, որ սխալ էր երէկ, աններելի է այսօր։ Այն ինչ, որ անկարելի էր երէկ, այսօր արդէն չունի գոյութեան իրաւունք։ ԵԿԱԾ Է ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԱԶԳՈՎԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵԼՈՒ, ՈՐ ՆՈՐ ԴԱՐԱԳԼՈՒԽԸ ՄԵՆՔ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԲԱՑՈՒԱԾ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՆՔ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ԲՈԼՈՐ ԽՈՉԸՆԴՈՏՆԵՐԸ, ԲՈԼՈՐ ՎԱԽԵՐԸ, ԲՈԼՈՐ ԿԱՍԿԱԾՆԵՐԸ, ԲՈԼՈՐ ՆԵՂՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՈՏՆԱԿՈԽ ԸՆԵԼՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ։

Ասիկա մեր հաւաքական պայմանագիրն է մեր երկրի բոլոր ներկայ և ապագայ սերունդներուն հետ։ Մեր պայմանագիրն է մեզի հետ որպէս ազգի։ Մեր պատմութեան հետ և մեր լինելիութեա՛ն։ Ասիկա մեր ազգային ուխտն է մեր քաղաքակրթութեան նոր գրոհը միասնաբար ճամբայ հանելու։ Թող ամէն մէկը այսօր իսկ հարց տայ ինքզինքին ՝ ինք պատրա՞ստ է պատմութեան այս ձեռնոցը ասպետօրէն վերցնելու։

Կարօ Արմենեան
Յունիս 16, 2020
(Խմբագրական «Դրօշակ»ի)

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *