Այս հաստատ վճռակամութեամբ, երէկ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքներուն վերականգնումի հրամայականը՝ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան ժողովին, լսելէ յետոյ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանի զեկոյցները յիշեալ համայնքներու վերակագնումի աշխատանքներու մասին:
Լիբանանահայոց առաջնորդ սրբազանը, որպէս նախագահը Լիբանանահայութեան վերականգնումի յանձնախումբին, մանրամասն զեկոյց տուաւ՝ թիւերով, դէպքերով, հանդիպումներով եւ յայտարարութիւններով ներառուած, յանձնախումբի կատարած ու կատարելիք աշխատանքներուն մասին: Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով կատարուած աշխատանքը շեշտեց որ շուտով անհրաժեշտ է ամբողջացնել տուներու վերանորոգումը, որպէսզի ծրագրուի վերականգնումի յառաջիկայ հանգրուանները: Յայտնենք, որ Ժընեւի մէջ հաստատուած Լիբանանահայութեան վերականգնումի յատուկ հաշուեգլուխէն գումարներ կը փոխանցուին յանձնախումբին, որպէսզի ան կարենայ իր աշխատանքը լիովին կատարել:
Սուրիոյ հայ համայնքին մասին տրուած զեկոյցի ճամբով Վեհափառ Հայրապետն ու Կեդրոնական Վար-չութիւնը գոհունակութեամբ իմացան, թէ հայ համայնքի վերականգնումը դրական ընթացքի մէջ է, Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ներս համա-ճարակի ազդեցութիւնը սկսած է լայն չափով նուազիլ, փոքր գործատեղի-ներուն կատարուած օժանդակութիւնը իր դրական արդիւնքը տուած է եւ համայնքային բոլոր կառոյցները աշխուժ աշխատանքի լծուած են:
Նորին Սրբութիւնը Կաթողիկոսու-թեան անունով իր բարձր գնահա-տանքը յայտնեց յիշեալ երկու կարեւոր համայնքներու վերականգնումի աշ-խատանքներուն լծուած թեմակալ առաջնորդներուն, Ազգ. իշխանութեանց եւ բոլոր կազմակերպութիւններուն: Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս վստահեցուց՝ առաջնորդ սրբազան-ներուն ճամբով Լիբանանի ու Սուրիոյ հայութեան, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ գործնապէս նեցուկ կանգնիլ մեր համայնքներու վերականգնումին: Նորին Սրբութիւնը նաեւ յիշեցուց, որ անհրաժեշտ է միշտ տեղեակ պահել ժողովուրդը կատարուած աշխա-տանքներուն մասին:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *