ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի


Վերջերս ազգային եւ եկեղեցական հաստատութիւնները դատապարտեցին Հինգշաբթի, Սեպետեմբեր 2020ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից ազգապատկան շէնքին վրայ կատարուած հրձիգութիւնը, ուր կը գործեն եկեղեցւոյ գրասենեակները, «Վասպուրական» սրահը, շրջանի միութիւններու գրասենեակներն ու տեղւոյն Համազգայինի գրադարանը:

Համաձայն ենք որ «այս արարքը, վերջին տարիներուն մեր գաղութին դէմ գործադրուող խափանարարութիւններէն մէկն է միայն, որուն կ’ենթարկուին հայ կառոյցներ՝ ուրկէ լոկ աստուածահաճոյ, գաղութային ծառայութիւններ ու ազգանուէր գործունէութիւն կը ծլարձակուին: Ատելավառ այս արարքներուն վերջինը, դժբախտաբար, նուազ քան երկու ամիս առաջ, դարձեալ Սան Ֆրանսիքոյի մէջ, մեր Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին վրայ կատարուած խափանարարութիւնն էր»:


Մինչեւ հոս արադարացի դատապարտում մըն։

Բայց ամենահրատապը….

Եկէք ներքին կարգով այս հրատապ հարցումին ալ պատասխան տանք.
Ապա ինչ կարելի է ըսել հայոց տունն ու եկեղեցին թաքուն հրձիգողներու եւ ներսէն քանդող հայանուններու մասին։ Արտաքին թշնամիէն վաղ թէ ուշ մեր ժողովուրդը միշտ ալ կրցած է ձեռբազատուիլ։ Ամենաէականը` մեր ժողովուրդի փրկութիւնն է ներքին մակաբոյծներէ։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *