ԳՐԵՑ՝ ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ | 02.09.2020

Բարի լոյս՝ «Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ» ստորագրութեամբ եւ մեր մամուլի էջերուն ու զանգուածային լրատուա-միջոցներով հրապարակուած 01 Սեպտեմբեր 2020 թուակիր «ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն»ը կարդացողներուն եւ զուարճացողներուն:
Մի զարմանաք, որ «Հ.Յ.Դ.» անունն ու առկայ կազմակերպութիւնը «ՔՈՒԷԻ ՈՒԺՈՎ» սեփականաշնորհած ու պատանդ բռնած այս մարդիկ նորանոր առիթներ ու հնարքներ կը փնտռեն ՀԱՆ-ՐԱՅԻՆ ԿԱՐԾԻՔը ապակողմնորոշելու, այլեւ խաբելու համար, թէ՝ իրենք «ժողովրդավար», «օրինապաշտ», «թափանցիկ գործող» եւ «վեհանձն» են… այն աստիճան, որ իբր թէ «համաներում»ի «կ՛արժանա-ցընեն» իրենց հեռացուցած կամ իրենցմէ հեռացած «նախկին դաշ-նակցականները»… «Հ.Յ.Դ.» 130ամեակի ներշնչած «մեծոգութեամբ»:
Ոչ ալ ծիծաղեցէք ի տես եւ ի լուր այս մարդոց «կեղծ վեհանձնու-թեան» ետին գործող փերեզակի պատեհապաշտութեան, որ չ՛ուշանար անմիջապէս իսկ իր թոյնը թափելու՝ յայտարարութեան աւարտին ընդգծելով, որ «խոստացուած» համաներումին դիմողները պէտք է ամբողջացնեն հիմնական ՊԱՅՄԱՆ մը»- «Շարքերից դուրս գտնուած ժամանակ Դաշնակցութեան դէմ չեն գործել»:
Բարի լոյս՝ ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄի կեղծ ու թունաւոր խայծէն չխաբուող, այլեւ դիմում գրելու եւ «շարքեր» վերադառնալու այսօրինակ «ՀՐԱՒԷՐԻՆ» քմծիծաղով հակազդող «նախկին դաշնակցականներուն», որոնք շատ լաւ կը գիտակցին, թէ իրենք ոչ միայն ԻՐԱՒ ԴԱՇՆԱԿՑԱ-ԿԱՆՆԵՐ ԵՆ, այլեւ կոչուած են դատ ու դատաստանի առջեւ կանգնեցնելու եւ պատժելու համաներում… «շնորհող» ԿԵՂԾերը:

Ի՜նչ «համաներում», երբ զայն «շնորհելու» ելած այս ինքնակոչները նախ իրե՛նք պէտք է դատուին յաչս հայ ժողովուրդին Հ.Յ.Դ.ն այս աստիճան ՎԱՐԿԱԶՐԿԵԼՈՒ իրենց յանցանքին համար, ապա եւ ԱՐԺԱՆԻ ՊԱՏԻԺ կրեն ԺՈՂՈՎՈՒՐԴը իր պաշտած ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵՆԷՆ խորթացնելու իրենց անպատասխանատու վարքուբարքին համար:
Բարի լոյս՝ 130ամեայ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԻՆ տէր կանգնող բոլոր ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԵՐԴՈՒԵԱԼՆԵՐՈՒՆ, որոնք Ազգին ու Հայրենիքին ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ի խնդիր իրենց պաշտպանած դաշնակցական ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐՈՒՆ եւ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒՆ համար՝ ԿԱՄԱՅԱԿԱՆՕՐԷՆ ու ՀԱԿԱԿԱՆՈՆԱԳՐԱՅԻՆ իրաւախախտումներով ՀԵՌԱՑՈՒԱԾ ԵՆ մարդոց կողմէ կամ հեռացած են մարդոցմէ, որոնք Հ.Յ.Դ.-էն միայն… «Զինանշանը» ցուցադրող «զարդասեղ» կամ «վզնոց շղթայ» կը կրեն: