Թիւ 1748 | Սեպտեմբեր 25 – Հոկտեմբեր 1, 2020
ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25-ին, BBC.COM կայքէջը հաղորդեց, որ Վատիկանի բարձրաստիճան պաշտօնեայ Գարտինալ Ժիովաննի Անճելօ Պէչչի անսպասելիօրէն հրաժարական տուած է, բայց պարզած է, որ իրեն այդ մասին ըսած է Հռոմի Ֆրանսիս պապը:
Ան ըսաւ, որ իր վրայ կասկած կայ որ Եկեղեցւոյ փողերը իր եղբայրներուն տուած է, եւ հերքեց որեւէ անօրինութիւն:
Գարտինալ Պէչչի Հռոմի պապի մերձաւոր օգնականն էր, իսկ նախկին ժամանակներուն, առանցքային աշխատանք ունէր Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան մէջ:

Ան ներգրաւուեցաւ եկեղեցական գումարներով Լոնտոնի շքեղ շէնքի մէջ ներդրումներ կատարելու հակասական գործարքի մէջ:
Այդ ներդրումը այն ժամանակ ֆինանսական հետաքննութեան առարկայ դարձած է:
Վատիկանի այս մակարդակի վրայ պաշտօնաթողութիւնները չափազանց հազուադէպ են, եւ Սուրբ Աթոռը քիչ բան ըսած է Հինգշաբթի ուշ երեկոյեան հրապարակուած իր հաղորդագրութեան մէջ:
«Սրբազան Հայրը ընդունեց Սուրբերու Կարգավիճակի Վաւերացման Տնօրէնութեան ղեկավարի գրասենեակի եւ Գարտինալութեան հետ կապ-ւած իրաւունքներէ հրաժարականը, որ ներկայացուցած էր Նորին Սրբութեան Գարտինալ Ժիովաննի Անճելօ Պէչչի», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Բայց 72-ամեայ Գարտինալը իտալական Domani կայքին ըսաւ, որ իրեն դուրս կը հանեն, քանի որ կը կասկածուէր եկեղեցւոյ փողերը եղբայրներուն տալու մէջ: «Ես նոյնիսկ մէկ եվրո չեմ գողցած: Ես յետաքննութեան չեմ ենթարկուիր, բայց եթէ անոնք զիս ուղարկեն դատավարութեան, ես կը պաշտպանեմ ինքզինքս», – մէջբերեց ան:
Ելոյթ ունենալով աւելի ուշ՝ մամուլի ասուլիսի ժամանակ, Գարտինալը ըսաւ, որ իր «հեռացումը եկած է անակնկալօրէն»: Ան ըսաւ, որ Հռոմի պապը «կը տառապէր» լուրը փոխանցած ժամանակ:
«Այդ ամենը գերբնական է: Մինչեւ երէկ … ես կը զգայի, որ Հռոմի պապի՝ հաւատարիմ գործակատար ընկերն եմ»:
«Յետոյ Հռոմի պապը ինծի ըսաւ, որ այլեւս հաւատք չունի իմ հանդէպ, քանի որ դատաւորներէ հաղորդում ստացած է այն մասին, որ ես իւրացման գործողութիւն կատարած եմ»:
Գարտինալ Պէչչին կը պնդէ, որ «թիւրիմացութիւն» տեղի ունեցած է` աւելցնելով. «Ես պատրաստ եմ ամեն ինչ բացատրելու Հռոմի պապին: Ես ոչ մէկ վատ բան չեմ ըրած»:
Եթէ Իտալիոյ դատախազութեան կողմէ դատարանի մէջ մեղաւորութիւնը ապացուցուի, Գարտինալ Պէչչին ընդմիշտ կը ստիպուի պաշտօնէն հեռանալ:
Համաշխարհային կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծխականները պէտք է օրհնուած զգան, որ ի դէմս Նորին Սրբութիւն Հռոմի Ֆրանսիս Պապի ունին իսկական հոգեւոր առաջնորդ եւ քաջակորովի գլխաւոր վարչական ղեկավար:

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ծխականները ամբողջ աշխարհի մէջ այնքան էլ օրհնուած չեն, քանի որ անոնց («պապը») Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն կոռումպացուած անհատ է: Գարեգին Բն նաեւ՝ KGB-ի նախկին գործակալ է, որ ծառայած է Սովետական բոլշեվիկեան ռեժիմի տարիներուն եւ ունի գոյնզգոյն վիճակացոյց եւ ներգրաւուած եղած է բազմաթիւ չարագործ գործողութիւններու եւ բազում անօրինութիւններու մէջ: Անոր զինակիցները սկսած՝ անոր արիւնակից եղբօրմէ՝ Մոսկուայի Արք. Եզրասը յայտնի ման-կապիղծ է եւ ներգրաւուած է Հայ եկեղեցւոյ փողերու խոշոր իւրացումներու մէջ: Միջազգային հանցաւոր քարթելի անոր միւս գործընկերը եւ համանախագահն է Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Արք. Յովնան Տէրտէրեան՝ Լոս Անճելըսէն: Տէրտէրեան անմիջական մասնակից եղած է կեղծիքի, ստախօսութեան վրայ բռնուած է ամերիկեան դատարանի մէջ, հայ եկեղեցւոյ փողերու մէջ տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներու գողութիւն կամ մսխում կատարուած է: Բազմաթիւ նենգ գործողութիւններու շարքին, 1975-ին Տէրտէրեան վտարուած է Լիբանանի մէջ, Մեծի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն: Կը հաղորդուի, որ ան նաեւ ծառայած է որպէս KGB-ի գործակալ, մի քանի այլ «հոգեւորականներու» հետ, օգտագործելով հայկական եկեղեցին որպէս ծխածածկոց:

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ պարագային, աշխարհական ժողովուրդը կամ ծխական համայնքը գերագոյն ղեկավարներն են: Հայ Ազգային Սահմանադրութեան համաձայն՝ ամբողջ աշխարհի մէջ, Հայ եկեղեցւոյ ծխական համայնքները ունին ժողովրդավարական պարտականութիւններ եւ իրաւունքներ՝ ընտրելու իրենց պատուիրակներուն, Ազգային եկեղեցական ժողովի մէջ մասնակցութեան համար, որ իր հերթին կþընտրէ հայոց կաթողիկոսը:

Ան նոյն ընտրուած մարմինն է, որ հիմնականին մէջ բաղկացած է աշխարհական մարդոցմէ, որ սահմանադրական լիազօրութիւններ ունին՝ նեխած «կոռումպացւած» բարձր եւ որեւէ մակարդակի հոգեւորականներուն պաշտօնանկ ընելու: Անոնք կրնան նոյնիսկ ստիպել, որ կաթողիկոսը ինքզինք պաշտօնազրկէ եւ ինքզինք մեկուսացնէ:
Այս առումով, անոնք ունին գերազանց փորձառութիւն: Մէկ տասնեակէ աւելի նեխած հայ կաթողիկոսներ գահընկեց եղած են եւ նոյնիսկ կարգազրկուած՝ կործանումէ փրկելով հայ եկեղեցին:

Կուգայ արդէօ՞ք Գարեգին Բ-ին, Յովնան Տէրտէրեանին եւ անոնց նեխած աշխարհական դաշնակիցներուն սահմանադրօրէն լիազօրուած պատօնազրկման օրը: Հայ եկեղեցւոյ օրէնսդրութիւնը իրաւասութիւն կուտայ աշխարհականներուն ճիշտ ա՛յդ ընելու համար: Բազմաթիւ ծխականներ կը պնդեն, որ «՛՛եթէ՛՛ի խնդիր չէ եւ այդ մասին ոչ մէկ կասկած չի կայ։ Այլ պարզապէս ժամանակի խնդիր է»: